Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Կը Սպասենք Պետական Ամավարկի Վաւերացումին Եւ Զայն Խորհրդարան Փոխանցելուն»

May 16, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ իրենք կը սպասեն կառավարութեան կողմէ պետական ամավարկի վաւերացումին, ինչպէս նաեւ զայն խորհրդարան փոխանցելու:

Պըրրի շեշտեց, որ 2019-ի պետական ամավարկին խորհրդարան փոխանցումէն ետք իրենք դրական երեւոյթներ պիտի վկայեն:

Ան աւելցուց, որ ինք ցուցմունքներ տուած է պետական ամավարկի եւ ելեւմուտքի խորհրդարանական յանձնախումբին յաւելեալ աշխատանք տանելու` պետական ամավարկը ուսումնասիրելու առումով, որպէսզի խորհրդարանը շուրջ մէկ ամսուան ընթացքին կարենայ պետական ամավարկը վաւերացնել:

Անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերով օգնական Տէյվիտ Սաթըրֆիլտի հետ իր հանդիպումին` Պըրրի յայտնեց, որ ամերիկացի պետական պաշտօնատարին հետ քննարկած է երկրին ցամաքային եւ ծովային սահմանները` աւելցնելով, որ այդ առումով մթնոլորտը դրական է: «Լիբանանեան միացեալ կեցուածքին շնորհիւ է, որ կ՛երաշխաւորուին երկրին շահերն ու իրաւունքները», հաստատեց Պըրրի:

Հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցաւ նաեւ բջիջային հեռաձայնի ընկերութեան մէջ արձանագրուած մսխումին թղթածրարը, որ կը քննարկուի հաղորդակցութեան միջոցներու խորհրդարանական յանձնախումբին կողմէ: Այս մասին Պըրրի շեշտեց, որ այդ հարցը մանրամասնօրէն պէտք է քննարկուի եւ արմատական լուծումներու արժանանայ:

Նշենք, որ Պըրրի խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի չորեքշաբթի, 22 մայիսին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Դամասկոսի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատուն

Յաջորդը

Սաթըրֆիլտ Իշխանութեան Երեք Պետերուն Եւ Պասիլի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Ցամաքային Եւ Ծովային Սահմանագծումը

RelatedPosts

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին

September 17, 2026
Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է,  Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ  Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական  Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»
Լիբանանեան

Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է, Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.