Լիբանանեան

Մուսթաքպալ Պլոքը Կոչ Ուղղեց Վաւերացնելու  Ելեւմտական Եւ Տնտեսական Մարտահրաւէրներուն  Մակարդակով Պետական Ամավարկ Մը

Մուսթաքպալ Պլոքը Կոչ Ուղղեց Վաւերացնելու Ելեւմտական Եւ Տնտեսական Մարտահրաւէրներուն Մակարդակով Պետական Ամավարկ Մը

Մուսթաքպալ պլոքը երէկ կէսօրէ ետք գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Պահիա Հարիրիի: Նիստէն ետք պլոքը կոչ ուղղեց վաւերացնելու երկրին դիմագրաւած ելեւմտական եւ տնտեսական մարտահրաւէրներուն մակարդակով պետական ամավարկ մը: Միւս կողմէ, Մուսթաքպալ պլոքը հաստատեց, որ վարչապետարանն ու պետական եւ սահմանադրական բոլոր հաստատութիւնները վայրեր չեն, ուր կարելի է ներխուժել: Այս շրջագիծին մէջ Մուսթաքպալ պլոքը խստիւ դատապարտեց հանգստեան կոչուած զինուորականներուն կողմէ վարչապետարան...

Պու Սաապ Քննարկեց Սահմաններու  Պաշտպանութեան Եւ Տեղահանութեան  Քաղաքականութեան Վերաբերող Հարցեր

Պու Սաապ Քննարկեց Սահմաններու Պաշտպանութեան Եւ Տեղահանութեան Քաղաքականութեան Վերաբերող Հարցեր

Պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց տեղահանութեան քաղաքականութեան եւ սահմաններու պաշտպանութեան միջազգային կեդրոնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն հետ քննարկեց այդ հարցերը` լիբանանեան դիտանկիւնէն մեկնելով: Միւս կողմէ, Պու Սաապ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը, որուն հետ քննարկեց Միացեալ Նահանգներ կատարած անոր պաշտօնական այցելութեան արդիւնքները, ինչպէս նաեւ 2019-ի պետական ամավարկին վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպան Համատ Սուէյտ Շամին, որմէ ստացաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու շէյխ Խալիֆա պըն Զայէտ Ալ Նահիանի ցաւակցագիրը: ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան կոչ ուղղեց երկրին իշխանութիւններուն աշխատանքի առիթներ տրամադրելու լիբանանցի երիտասարդութեան եւ վերջ տալու անգործութեան: ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ եւ ներդրումի նախարար Ատել Աֆիունի շեշտեց, որ իրենք...

Կառավարութիւնը Այսօր Կ՛աւարտէ  Պետական Ամավարկի Քննարկումը

Կառավարութիւնը Այսօր Կ՛աւարտէ Պետական Ամավարկի Քննարկումը

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրուան ժամը 1:00-ին գումարած նիստին ընթացքին շարունակեց քննարկել 2019-ի պետական ամավարկը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Նախարարաց խորհուրդի նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ կառավարութիւնը այսօր պիտի աւարտէ պետական ամավարկի քննարկումը: Ան նշեց, որ կառավարութիւնը այսօրուան իր նիստին ընթացքին պիտի քննարկէ երեսփոխաններու եւ նախարարներու ամսական աշխատավարձերը կրճատելու հաւանականութիւնը` աւելցնելով, որ պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձին մասին քննարկում չէ կատարուած:...

Նախագահ Աուն Ստացաւ Իսլամական Երկիրներու  Վեհաժողովին Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Նախագահ Աուն Ստացաւ Իսլամական Երկիրներու Վեհաժողովին Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտ թագաւորէն ստացաւ Իսլամական երկիրներու 14-րդ վեհաժողովին մասնակցութեան հրաւէր մը: Սոյն վեհաժողովը պիտի սկսի 31 մայիսին եւ պիտի եզրափակուի 1 յունիսին` քննարկելու համար իսլամական երկիրներն ու ժողովուրդները յուզող հարցերը: Այս հրաւէրին լոյսին տակ նախագահ Աուն խորհրդակցեցաւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ` նկատի ունենալով, որ վերջինս պիտի նախագահէ Մեքքայի...

Սաթըրֆիլտ Կը Շարունակէ Լիբանանի  Եւ Իսրայէլի Միջեւ Սահմանագծումի  Միջնորդութիւնը

Սաթըրֆիլտ Կը Շարունակէ Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Սահմանագծումի Միջնորդութիւնը

Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային եւ ցամաքային սահմանագծումի միջնորդութիւնը ստանձնած Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Տէյվիտ Սաթըրֆիլտ երէկ վերադարձաւ Պէյրութ: Սաթըրֆիլտ հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին հաստատուեցաւ, որ սահմանագծումի իմաստով յառաջդիմութիւն կայ, եւ դրական նշոյլներ արձանագրուած են, սակայն աշխատանքը պիտի շարունակուի` Իսրայէլի կողմէ երաշխիքներ ապահովելու...

Տար Ֆաթուայի Մէջ.   «Ինչպէս Հարիրիի Քաղաքական Ղեկավարութեան  Զօրակցեցանք, Նոյնպէս Ալ Միւֆթի Տըրիանին  Կը Զօրակցինք` Իբրեւ Հոգեւոր Հեղինակութիւն»   Շեշտեց Ռիֆի

Տար Ֆաթուայի Մէջ. «Ինչպէս Հարիրիի Քաղաքական Ղեկավարութեան Զօրակցեցանք, Նոյնպէս Ալ Միւֆթի Տըրիանին Կը Զօրակցինք` Իբրեւ Հոգեւոր Հեղինակութիւն» Շեշտեց Ռիֆի

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց նախկին նախարար Աշրաֆ Ռիֆին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ տնտեսական եւ ելեւմտական կացութեան վերաբերող հարցերը: Հանդիպումէն ետք Ռիֆի յայտնեց, որ ինչպէս վարչապետ Սաատ Հարիրիի քաղաքական ղեկավարութեան զօրակցած են, նոյնպէս ալ կը զօրակցին միւֆթի Տըրիանին` իբրեւ հոգեւոր հեղինակութիւն: «Այս բոլորը կը կատարենք նկատի ունենալով շրջանը հարուածող փոթորիկներուն ուժը,...

Լիբանանի Մէջ Վառելանիւթի Տագնապ Չկայ

Լիբանանի Մէջ Վառելանիւթի Տագնապ Չկայ

  Երէկ երեկոյեան Լիբանանի մէջ սկսաւ այլ տեսակի տագնապ մը, երբ մարդիկ ճամբաները փակելու աստիճան շարքեր բռնեցին վառելանիւթ ստանալու համապատասխան կայաններէն: Առաւօտեան ժամերէն արդէն իսկ շրջանառութեան մէջ դրուած անստոյգ տեղեկութիւններու համաձայն, մարդիկ խուճապի մատնուած էին եւ ուղղուած վառելանիւթի կայանները` պենզին ապահովելու նպատակով: Այս իրավիճակէն քիչ անց շեշտուեցաւ, որ վառելանիւթի հարց գոյութիւն չունի եւ լիբանանեան շուկային համար բաւարարաչափ քանակութեամբ վառելանիւթ կայ:...

Աշխատաւորական Ընդհանուր Համադաշնակցութիւնը  Ընդունեց Իր  Նախագահին` Պշարա Ասմարի Հրաժարականը

Աշխատաւորական Ընդհանուր Համադաշնակցութիւնը Ընդունեց Իր Նախագահին` Պշարա Ասմարի Հրաժարականը

Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան գործադիր խորհուրդը երէկ գումարեց իր արտակարգ նիստը` նախագահութեամբ համադաշնակցութեան փոխնախագահ Հասան Ֆաքիհի: Արտակարգ նիստին ընթացքին Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը ընդունեց իր  նախագահին` Պշարա Ասմարի հրաժարականը: Նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ համադաշնակցութիւնը դատապարտեց Ասմարի կողմէ Սֆէյր պատրիարքին հասցէին ուղղուած վարկաբեկիչ արտայայտութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներէն, յատկապէս քրիստոնեաներէն, Պքերքէէն եւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքէն ներում հայցեց այդ արտայայտութիւններուն համար: Համադաշնակցութեան գործադիր...

Պըրրի Լասընի Հետ Քննարկեց  Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Պըրրի Լասընի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասընը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանի իրադարձութիւնները: Պըրրիի այցելեց նաեւ Համասի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Համասի արաբական եւ իսլամական յարաբերութիւններու գրասենեակի նախագահ Իզզաթ Ռաշըքի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան պաղեստինեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Պաղեստինեան դիմադրութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: Խորհրդարանի նախագահն ու Համասի պատուիրակութիւնը ընդգծեցին Պաղեստինեան դիմադրութեան...

Հասան Եաագուպ. «Բնակարանիս Դէմ Ուղղակի  Կրակոցները Սպանութեան Նպատակով  Կատարուած Են Եւ Վիրաւորած Զաւակս»

Հասան Եաագուպ. «Բնակարանիս Դէմ Ուղղակի Կրակոցները Սպանութեան Նպատակով Կատարուած Են Եւ Վիրաւորած Զաւակս»

Նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպ երէկ յայտնեց, որ երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին եւ երեկոյեան իր բնակարանը ենթարկուած է ուղղակի կրակոցներու: Ան այդ դէպքերուն մեղսակցելու յանցանքով ամբաստանեց Պըտնայէլի քաղաքապետ Ալի Ժաուատ Սլէյմանը: Եաագուպ հաստատեց, որ իր բնակարանին դէմ յարձակողներուն պատճառաբանութիւնը հողի հարց է, «սակայն ինչպէս բոլոր յարձակումները, ատիկա եւս մաս կը կազմէ զիս ձերբակալելու եւ սպաննելու փորձերուն», ըսաւ ան: Ան նշեց,...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը ձերբակալեց սուրիացիներ Սալահ Ղազի Ամերը, Ալա Թալալ Ամերը, Խալետ Ապտալլա Հըսայքին եւ Մոհամետ Հասան Մաշհատանին, որոնք կը պատկանին ահաբեկչական խմբաւորումներու եւ 2014-ին Արսալի մէջ մասնակից դարձած են լիբանանեան բանակին դէմ յարձակումներուն: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի հաստատեց, որ 2019-ի պետական ամավարկը պիտի վաւերացուի` հաստատելով, որ անիկա պէտք չէ քաղաքական շահեր ապահովող ներդրումի վերածուի: ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր շեշտեց,...

Կառավարութիւնը Մինչեւ Առաւօտեան Կանուխ  Ժամերը Շարունակեց Պետական Ամավարկի Քննարկումը

Կառավարութիւնը Մինչեւ Առաւօտեան Կանուխ Ժամերը Շարունակեց Պետական Ամավարկի Քննարկումը

Կառավարութիւնը երէկ երեկոյեան ժամը 10:00-ին գումարած իր նիստին ընթացքին շարունակեց քննարկել 2019-ի պետական ամավարկը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Նախարարաց խորհուրդը շարունակեց քննարկել արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի ներկայացուցած բարեկարգումներու առաջարկները եւ ապա անցաւ քննարկելու ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի ներկայացուցած պետական ամավարկի թիւերը: Կառավարութեան նիստը մինչեւ առաւօտեան ժամը 3:00 տակաւին ընթացքի մէջ էր եւ կը նախատեսուէր, որ այդ նիստը այսօր...

Կ՛ակնկալուի, Որ Աշխատաւորական Ընդհանուր  Համադաշնակցութեան Նախագահը Այսօր Հրաժարի

Կ՛ակնկալուի, Որ Աշխատաւորական Ընդհանուր Համադաշնակցութեան Նախագահը Այսօր Հրաժարի

Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմարի կողմէ շաբաթավերջին սպրդած վարկաբեկիչ յայտարարութիւնները` Սֆէյր պատրիարքի հասցէին, բարձրացուցին դատապարտումներու մեծ ալիք մը եւ պատճառ դարձան, որ մեծ թիւով պատասխանատուներ պահանջեն եւ ակնկալեն անոր հրաժարականը: Ասմար Սֆէյր պատրիարքի հասցէին իր վարկաբեկիչ յայտարարութիւնը կատարած էր համադաշնակցութեան կեդրոնին մէջ ուրբաթ, 17 մայիս 2019-ին, նախքան հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսին սկսիլը` մտածելով, որ բարձրախօսները փակ են: Անդրադառնալով իր կատարած...

Հարիրի. «Առանց Իսկական Բարեկարգումներու  Կարելի Չէ Կացութիւնը Սրբագրել»

Հարիրի. «Առանց Իսկական Բարեկարգումներու Կարելի Չէ Կացութիւնը Սրբագրել»

  Վարչապետ Սաատ Հարիրի անցեալ շաբաթավերջին Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ իֆթար մը սարքեց` ի պատիւ ութ որբանոցներու երեխաներու: Իֆթարին ընթացքին վարչապետ Հարիրի ողջունեց երեխաները եւ շնորհաւորեց զանոնք ռամատանի առիթով: Հարիրի յորդորեց զանոնք լաւ սորվիլ իրենց դասերը` մաղթելով, որ անոնք ունենան փայլուն ապագայ: Վարչապետը հրաւիրեալներուն հաստատեց, որ իրենք յատուկ տեղ կը գրաւեն իր սրտին մէջ: Իֆթարէն ետք վարչապետ Հարիրի եւ...

Ուահապ. «Արաբները Պէտք Է Քաջ Գիտնան,  Որ Իրենց Դէմ Էրտողանի Ներկայացուցած  Վտանգը` Իսրայէլի Վտանգէն Չի Նուազիր»

Ուահապ. «Արաբները Պէտք Է Քաջ Գիտնան, Որ Իրենց Դէմ Էրտողանի Ներկայացուցած Վտանգը` Իսրայէլի Վտանգէն Չի Նուազիր»

Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ շեշտեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան խաբեբայ մըն է եւ ան իր տարօրինակ արարքներով վտանգ կը սպառնայ բոլորին: Ուահապ շեշտեց, որ թրքական գաղտնի սպասարկութիւնը, որ տարիներ առաջ Լիպիայէն զինեալներ փոխադրեց Սուրիա` Թուրքիոյ ճամբով, այսօր հակառակը կը կատարէ` դէպի Լիպիա, հիմնական նպատակ ունենալով ահաբեկչական տարածք մը...

Պասիլ. «Ամէն Ջանք Ի Գործ Կը Դնենք Պետական Լաւ Ամավարկ Մը Մշակելու Նպատակով»

Պասիլ. «Ամէն Ջանք Ի Գործ Կը Դնենք Պետական Լաւ Ամավարկ Մը Մշակելու Նպատակով»

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ շաբաթավերջին այցելեց Քուրա, ուր ունեցաւ զանազան հանդիպումներ, ինչպէս նաեւ այցելեց արդարութեան նախարար Ալպեր Սարհանի բնակարանը` Պաթրամի մէջ: Քուրայի մէջ Պասիլ շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ 2019-ի պետական ամավարկին ընդմէջէն բարեկարգումներ իրականացնելու: Ան հաստատեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն աւելի լաւ ամավարկ մը մշակելու եւ այդ...

Կառավարութիւնը Պետական Ամավարկի  Իր Յաջորդ Նիստը  Պիտի Գումարէ Կիրակի Երեկոյեան

Կառավարութիւնը Պետական Ամավարկի Իր Յաջորդ Նիստը Պիտի Գումարէ Կիրակի Երեկոյեան

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին գումարեց 2019-ի պետական ամավարկի քննարկման իր նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ կառավարութիւնը իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ կիրակի երեկոյեան` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը քաղաքապետարաններէն պահանջած է ելեւմուտքի նախարարութեան տեղեկութիւն ներկայացնել քաղաքապետարանի տարածքին մէջ եղող հաստատութիւններուն մասին, որպէսզի տուրքերը հաւաքելու աշխատանքը կանոնաւոր կերպով կատարուի: Ժարրահ յայտնեց, որ կառավարութիւնը...

Նախագահ Աուն Դրուատեց Պրազիլի Հետ  Առկայ Ամրապնդուած Յարաբերութիւնները

Նախագահ Աուն Դրուատեց Պրազիլի Հետ Առկայ Ամրապնդուած Յարաբերութիւնները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Պրազիլի փոխնախագահ Անթոնիօ Համիլթըն Մարթինեզ Մուրաուը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ միջազգային իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ լիբանանեան եւ պրազիլեան երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը: Անոնք բարձր գնահատեցին մարդկային առումով երկու երկիրներուն միջեւ խոր յարաբերութիւնները, յատկապէս նկատի ունենալով լիբանանեան ծագումով 8 միլիոն պրազիլացի քաղաքացիներու գոյութեան փաստը: Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Պրազիլին` հարաւային...

Պասիլ Քաթարցի Պատուիրակին Հետ  Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Պասիլ Քաթարցի Պատուիրակին Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիի անձնական ներկայացուցիչ, պետական նախարար Համատ պըն Ապտել Ազիզ Քաուարին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հանդիպումէն ետք Քաուարի հաստատեց, որ Քաթարի եւ քաթարեան իշխանութիւններուն համար Լիբանան իւրայատուկ տեղ եւ կշիռ կը ներկայացնէ: Անդրադառնալով Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած տնտեսական եւ ընկերային բարգաւաճման վեհաժողովին ընթացքին...

Page 559 of 988 1 … 558 559 560 … 988

Արխիւներ