Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

Լիբանանի մէջ բռնածաղրը մօտ օրէն պիտի դառնայ պատժելի երեւոյթ, այն բանէն ետք, երբ լիբանանեան կառավարութիւնը իր 30 յունուարի նիստին համաձայնութիւն տուաւ բռնածաղրի քրէականացման օրինագիծին: Նշենք, որ բռնածաղրի քրէականացման օրինագիծը ներկայացուած էր հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի կողմէ: Օրինագիծը ներկայիս յղուած է խորհրդարանին` առ ի վաւերացում:

Ֆայսալ Քարամէ. «Ամբողջ Լիբանանի Մէջ Զէնքի Հարցը Կարելի Է Լուծել Փոխհասկացողութեան Եւ Լուրջ Երկխօսութեան Ճամբով»

Ֆայսալ Քարամէ. «Ամբողջ Լիբանանի Մէջ Զէնքի Հարցը Կարելի Է Լուծել Փոխհասկացողութեան Եւ Լուրջ Երկխօսութեան Ճամբով»

Երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Համաձայն եմ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ, թէ ազգային միասնականութիւնը մեզ կը պաշտպանէ, սակայն կ՛աւելցնեմ, թէ պետութիւնը մեզ կը պաշտպանէ, եւ Իսրայէլը արդէն պատրուակներու կարիք չունի»: «Լիբանան գոյութենական վտանգի առջեւ կանգնած է, ուստի անհրաժեշտ է ներքին փոխհասկացողութիւն գոյացնել, եւ այսօր այս իշխանութեան հետ առիթ մը ունինք», նշեց երեսփոխանը: «Փոխհասկացողութեան եւ լուրջ երկխօսութեան ճամբով...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ԱՂԲԻՒՐ  մը «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Վերջին օրերուն միջազգային աշխուժ աշխատանք կը տարուի, մասնաւորաբար Հնգեակ յանձնախումբի անդամ արաբական կողմերէն` Իրանի դէմ պատերազմի պարագային Լիբանանը որեւէ հետեւանքներէ զերծ պահելու համար»: - ԱՂԲԻՒՐ մը «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Շրջանային այս ճակատումին Լիբանանի որեւէ մասնակցութիւն պատճառ պիտի դառնայ, որ պետութեան հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայման ու բանակի աջակցութեան խորհրդաժողովին համար թափուող միջազգային բոլոր ջանքերը կորսուին»: - ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ...

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի  Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ  Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան

Նախարարաց խորհուրդը երէկ Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց ժողով մը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի: Նիստի աւարտին տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս յայտնեց, որ նախարարաց խորհուրդը հաւանութիւն տուած է Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ սուրիացի դատապարտեալներ Սուրիա տեղափոխելու շուրջ համաձայնութեան, ինչպէս նաեւ նշանակուած է Կարծր թափօններու կառավարման ազգային մարմինի վարչական խորհուրդը: Նախագահ Աուն նիստի ընթացքին յայտնած է, որ սահմանադրութեան կիրարկման մէջ բացեր գոյութիւն...

Խորհրդարանական Ընտրութիւնները`  3 Եւ 10 Մայիսին

Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` 3 Եւ 10 Մայիսին

Քուէարկողները ընտրութիւններուն հրաւիրելու, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Ահմետ Հաժժարի կողմէ ստորագրուած հրամանագիրը երէկ լոյս տեսաւ պետական պաշտօնաթերթին մէջ: Հրամանագիրին համաձայն, ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան կիրակի, 3 մայիսին` արտերկրի լիբանանցիներուն համար, իսկ կիրակի, 10 մայիսին` Լիբանան բնակողներուն համար: Հաժժար յայտարարեց. «Քուէարկողները ընտրութիւններու հրաւիրող հրամանագիրի պետական պաշտօնաթերթին մէջ հրապարակումէն ետք, ընտրութիւններու գնացքը ընթացք առաւ»: «Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ վարչապետ...

Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը  Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու  Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»

Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն հանգստեան կոչուած քափիթեն Ահմետ Շուքրի ընտանիքի պատուիրակութեան հետ հանդիպումի ընթացքին ընդգծեց. «Իսրայէլի մէջ կալանաւորուածներու ու գերիներու թղթածրարը առօրեայ հետապնդման առարկայ է եւ «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին մէջ բանակցութեան նիւթ է»: «Ապահովական մարմինները բացայայտեցին քափիթեն Շուքրի առեւանգման հանգամանքները եւ կը շարունակեն առեւանգումի գործողութեան առնչակից ձերբակալեալներէն մէկուն հետ հետաքննութիւնը», ըսաւ ան: Նախագահը նաեւ հարաւային սահմանամերձ քաղաքապետութիւններու պետերու պատուիրակութեան հետ հանդիպումի...

Ամերիկեան Դեսպանատունը Յայտարարեց.  «Զինուորական Համակարգումի Մեքանիզմը Տակաւին  Կանգուն Է, Եւ «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի  Յաջորդ Ժողովը 25 Փետրուարին Է»

Ամերիկեան Դեսպանատունը Յայտարարեց. «Զինուորական Համակարգումի Մեքանիզմը Տակաւին Կանգուն Է, Եւ «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Յաջորդ Ժողովը 25 Փետրուարին Է»

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը յայտարարեց, թէ դեսպանատունն ու ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը կը վերահաստատեն, որ զինուորական համակարգումի շրջագիծը, ինչպէս 27 նոյեմբեր 2024-ին թշնամական արարքներու դադրեցման համաձայնութեան մէջ անոր ստեղծումը յայտարարուած էր, «տակաւին կանգուն է եւ կ՛աշխատի իր ամբողջ ներուժով, նոյն նպատակով, մասնակիցներով ու ղեկավարութեամբ»: «Որոշուած է, որ «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի յաջորդ ժողովը Նաքուրայի մէջ գումարուի 25 փետրուար 2026-ին, ինչպէս նաեւ...

Միշել Աուն. «Պետական Ամավարկը Անիրաւութիւնը  Կ՛ամրագրէ, Վնասները Կ՛օրինականացնէ Եւ Քայքայման  Գինը Ժողովուրդին Ուսերուն Կը Բեռցնէ»

Միշել Աուն. «Պետական Ամավարկը Անիրաւութիւնը Կ՛ամրագրէ, Վնասները Կ՛օրինականացնէ Եւ Քայքայման Գինը Ժողովուրդին Ուսերուն Կը Բեռցնէ»

Հանրապետութեան նախկին նախագահ Միշել Աուն յայտնեց, որ պետական ամավարկի որդեգրումը կու գայ հաստատելու, թէ անիկա «ամավարկ մըն է, որ անիրաւութիւնը կ՛ամրագրէ` փոխան զայն դարմանելու, վնասները կ՛օրինականացնէ` փոխան անոնց պատճառները բացայայտելու, քայքայման գինը տուրքերը աւելցնելով ժողովուրդին ուսերուն կը բեռցնէ` առանց անոր պատասխանատուները որեւէ հաշուետուութեան ենթարկելու եւ առանց իրաւունքներու վերատիրացման յստակ ծրագիրի»: «Ճշմարտութիւնը իմանալը եւ հաշուետուութիւնը քաղաքական շքեղութիւն չեն, այլ լիբանանցիներուն թալանուած...

Ժահժահ. «Նախարարաց Խորհուրդը  Պէտք Է Գործէ Եւ Զինուորական  Ճամբով Լուծարէ Հըզպալլան»

Ժահժահ. «Նախարարաց Խորհուրդը Պէտք Է Գործէ Եւ Զինուորական Ճամբով Լուծարէ Հըզպալլան»

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ «Էմ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմի խօսքը «բոլոր արժեչափերով մերժելի է, եւ ան օրէնքը խախտելով օրինազանց դարձաւ: Ինչպէ՞ս ինքնիրեն կ՛արտօնէ պատերազմի եւ խաղաղութեան որոշումը խլել: Շէյխ Քասեմի խօսքը կը նշանակէ, թէ պետութիւնը տակաւին չէ ստանձնած խաղաղութեան եւ պատերազմի որոշումը, եւ Ծոցի երկիրները, մասնաւորաբար Սէուտական Արաբիան իր...

Պասիլ. «Ժահժահը Պատկերասփռուած Բանավէճի  Կը Հրաւիրեմ, Եւ Գիտեմ, Թէ Պիտի Չհամարձակի  Ընդառաջել, Որովհետեւ Վախկոտ Է»

Պասիլ. «Ժահժահը Պատկերասփռուած Բանավէճի Կը Հրաւիրեմ, Եւ Գիտեմ, Թէ Պիտի Չհամարձակի Ընդառաջել, Որովհետեւ Վախկոտ Է»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլ կոչ ուղղեց` իր եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ պատկերասփռուած բանավէճ մը կազմակերպելու` հասարակական կարծիքին բացայայտելու համար, թէ Ժահժահը «փտած է, ոճրագործ եւ յանցագործ քրիստոնեաներու, լիբանանցիներու եւ անոնց պետութեան ու հայրենիքին դէմ»: «Գիտեմ, թէ պիտի չհամարձակի ընդառաջել, որովհետեւ վախկոտ է, որովհետեւ պիտի բացայայտեմ անոր բոլոր սուտերն ու յանցագործութիւնները, ոչ միայն անոնց...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ եռօրեայ քննարկումներէ ետք 59 թեր եւ 34 դէմ քուէներով վաւերացուց 2026 թուականի պետական ամավարկը: . ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը Սուր գաւառի Սըտիքին գիւղին մէջ ինքնաշարժ մը հարուածեց: Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ Հըզպալլայի անդամի մը վրայ յարձակում գործած է: . «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթի տեղեկութիւններով, «գոյութիւն ունին ամերիկեան երաշխիքներ նոր պատերազմի մը ընթացքին զերծ կացուցելու պետութեան հաստատութիւններն ու քաղաքայինները:...

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս  Պատրիարքը Այցելեց Նախագահ Աունի

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը Այցելեց Նախագահ Աունի

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքը երէկ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան երկրի ընդհանուր կացութիւնն ու հայ համայնքին վերաբերող հարցեր: Նախագահը ծանօթացաւ երանելի Կոմիտաս քհնյ. Քէօմիւրճեանի սրբադասման թղթածրարին զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ ծառայ կարտինալ Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեանի երանելի յայտարարման համար ընթացող աշխատանքներուն: Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. բարձր գնահատած է...

Ներքին Գործոց Նախարարը Ստորագրեց  Քուէարկողները 3 Մայիսին Քուէարկութեան  Հրաւիրող Հրամանագիրը

Ներքին Գործոց Նախարարը Ստորագրեց Քուէարկողները 3 Մայիսին Քուէարկութեան Հրաւիրող Հրամանագիրը

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Ահմետ Հաժժար երէկ առտու ստորագրեց քուէարկողները 3 մայիսին քուէարկելու հրաւիրող հրամանագիրը, որ յառաջիկայ երկու օրերու ընթացքին պիտի հրապարակուի պետական պաշտօնաթերթին մէջ: Մինչ այդ, երեսփոխան Սելիմ Աուն «Սաութ Քուլ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Ընտրութիւններու պատկերը տակաւին մշուշոտ է, եւ հակառակ քուէարկութեան թուականին շուրջ 95 օր մնալուն, տակաւին չէ յստակացած: «Ընտրողները քուէարկելու հրաւիրելու...

Յորդանանեան Բանակի Հրամանատարը  Պաապտայի Պալատ Այցելեց մշուշոտ է, եւ հակառակ քուէարկութեան թուականին շուրջ 95 օր մնալուն, տակաւին չէ յստակացած:

Յորդանանեան Բանակի Հրամանատարը Պաապտայի Պալատ Այցելեց մշուշոտ է, եւ հակառակ քուէարկութեան թուականին շուրջ 95 օր մնալուն, տակաւին չէ յստակացած:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց յորդանանեան բանակի հրամանատար զօր. Եուսեֆ Հնէյթին, որ վստահեցուց, թէ Յորդանանը Ապտալլա Բ. թագաւորի ցուցմունքով կը շարունակէ սպառազինութեամբ եւ մարզումով աջակցիլ լիբանանեան բանակին, որպէսզի վերջինս կարենայ կատարել իրմէ պահանջուած առաքելութիւնը: Նախքան այդ, լիբանանեան բանակը յայտարարեց, թէ Քաուամէ-Քֆարշիմայի տնօրէնութիւնը Լիբանանի մէջ Յորդանանի դեսպան Ուալիտ Հատիտի եւ բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալի ներկայացուցիչի ներկայութեամբ...

Պայրագտարեան Մրցանակակիր  Լիբանանցի Մարզիկներ Պատուեց

Պայրագտարեան Մրցանակակիր Լիբանանցի Մարզիկներ Պատուեց

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան արտասահմանի մէջ մարզական մրցաշարքերու մէջ ձեռքբերումներ արձանագրած լիբանանցի մարզիկներու իր քաջալերման ծիրին մէջ պատուեց շարք մը ֆետերասիոններէ խումբ մը մարզիկներ եւ վարչական պատասխանատուներ: Ասիկա 5-րդ անգամն էր, որ նախարարը մեծարելու համար կ՛ընդունէր արտասահմանի մէջ ձեռքբերումներ արձանագրած մարզիկներ: Ուշագրաւ էր շարք մը ծնողներու ներկայութիւնը. քայլ մը, որ ցոյց կու տայ լիբանանցի ընտանիքին մարմնակրթութիւնը իբրեւ...

Դեսպան Բաղդասարեան Իր Հաւատարմագիրներու  Պատճէնը Յանձնեց Ռաժժիին

Դեսպան Բաղդասարեան Իր Հաւատարմագիրներու Պատճէնը Յանձնեց Ռաժժիին

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը հաղորդեց, թէ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սարմեն Բաղդասարեան 27 յունուարին հաւատարմագիրներու պատճէնը յանձնած է Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժիին: Նախարար Ռաժժի յաջողութիւն մաղթած է դեսպան Բաղդասարեանին իր առաքելութեան մէջ` յայտնելով իր պատրաստակամութիւնը դեսպանատան աշխատանքներուն աջակցելու: Դեսպան Բաղդասարեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է նախարարին ջերմ ընդունելութեան համար եւ վերահաստատած...

Իսրայէլեան Զինուորական Աղբիւր Մը` «Հատաս»-ին.  «Շէյխ Քասեմի Իր Ճակատագիրը Իրանին Կապելու  Որոշումը Ռազմավարական Սխալ Մըն Էր»

Իսրայէլեան Զինուորական Աղբիւր Մը` «Հատաս»-ին. «Շէյխ Քասեմի Իր Ճակատագիրը Իրանին Կապելու Որոշումը Ռազմավարական Սխալ Մըն Էր»

Իսրայէլեան զինուորական աղբիւր մը «Հատաս» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, թէ Իսրայէլ Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի զէնքի գոյութիւնը պիտի չարտօնէ, ինչպէս նաեւ պիտի չարտօնէ իր սահմանին վրայ կուսակցութեան «սպառնալիքի» վերականգնումը: Աղբիւրը նշած է, թէ լիբանանեան բանակը կը փորձէ կազմաքանդել Հըզպալլան, սակայն անոր ջանքերուն ազդուութիւնը տակաւին տկար է: Ան ըսած է, թէ կուսակցութիւնը իր զէնքին կառչելու վրայ կը պնդէ, քանի տակաւին լիբանանեան...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԸՍՏ «Օ.Թի.Վի.»-ի տեղեկութիւններուն, կը նախատեսուի, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը յառաջիկայ շաբաթ Պէյրութ այցելէ: Հաւանական կը նկատուի, որ այցելութիւնը տեղի ունենայ ուրբաթ, 6 փետրուարին, եւ անիկա արագ պիտի ըլլայ»: . ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ Ֆաթհ շարժումէն աղբիւր մը «Ժատիտ»-ին. «Լիբանանեան բանակը յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին մուտք պիտի գործէ Պըտտաուի գաղթակայան` ստանձնելու համար զինեալ խմբաւորումներու անցարգելները, որոնք պիտի ըլլան իր վերահսկողութեան տակ»:...

Ընդունելով Լը Տրիանը`  «Լիբանանի Կայունութիւնը Շրջանի Կայունութեան  Հիմնական Սիւն Կը Նկատուի»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

Ընդունելով Լը Տրիանը` «Լիբանանի Կայունութիւնը Շրջանի Կայունութեան Հիմնական Սիւն Կը Նկատուի» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Քաթարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Պըն Ապտելռահման Պըն Ժասեմ Ալ Թանի ընդունած է Լիբանանի հարցով ֆրանսացի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիանը: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած եւ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու կարելիութիւնները, Լիբանանի մէջ վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցեր: Քաթարի վարչապետը նշած է, որ Լիբանանի...

Ապտել Մասիհ. «Ընտրութիւնները Մէկ Տարիով  Յետաձգելու Օրինագիծ Պիտի Առաջարկեմ»

Ապտել Մասիհ. «Ընտրութիւնները Մէկ Տարիով Յետաձգելու Օրինագիծ Պիտի Առաջարկեմ»

Երեսփոխան Ատիպ Ապտել Մասիհ խորհրդարանին մէջ 2026 թուականի պետական ամավարկի քննարկման ընթացքին յայտնեց, որ անոր դէմ պիտի քուէարկէ: Երեսփոխանը նաեւ նշեց. «Յստակ է, թէ ընտրութիւնները իրենց ժամկէտին տեղի պիտի չունենան: Ընտրութիւնները մէկ տարիով յետաձգելու յստակ օրինագիծ մը պիտի առաջարկեմ, որպէսզի լիբանանցիներուն սուտ խօսիլը չշարունակուի»: Ան նաեւ հարց տուաւ. «Ժամանակը չէ՞, որ լիբանանեան բանակն ալ օրինակ եգիպտական բանակին նման գործարաններ եւ...

Page 56 of 985 1 … 55 56 57 … 985

Արխիւներ