. ԸՍՏ «Օ.Թի.Վի.»-ի տեղեկութիւններուն, կը նախատեսուի, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը յառաջիկայ շաբաթ Պէյրութ այցելէ: Հաւանական կը նկատուի, որ այցելութիւնը տեղի ունենայ ուրբաթ, 6 փետրուարին, եւ անիկա արագ պիտի ըլլայ»:
. ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ Ֆաթհ շարժումէն աղբիւր մը «Ժատիտ»-ին. «Լիբանանեան բանակը յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին մուտք պիտի գործէ Պըտտաուի գաղթակայան` ստանձնելու համար զինեալ խմբաւորումներու անցարգելները, որոնք պիտի ըլլան իր վերահսկողութեան տակ»:
. ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆայսալ Քարամէ. «Անկասկած, սիւննի համայնքը ներկայիս իշխանութենէն կը բացակայի, մինչ միւս համայնքները ուժեղ կերպով ներկայացուած են: Ատիկա հիմնականին մէջ հետեւանք է կառավարութեան մէջ սիւննի նախարարներուն ոչ քաղաքագէտներ եւ քաղաքական հոսանքներու կապուած չըլլալնուն, եւ պէտք է ապագային սրբագրել այդ երեւոյթը»:
. ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆ մը «Անպա» օրաթերթին. «Տարբեր ոլորտներու մէջ հարցերու ուղղուածութիւնը պիտի ճշդեն սպասուող զարգացումները, որոնց շարքին է բանակի հրամանատարին յառաջիկայ շաբաթ Միացեալ Նահանգներ այցելութիւնը, որուն վրայ շատ բան պիտի հիմնուի, բացի եթէ տեղի ունենան զարգացումներ, որոնք պիտի փոխեն իրադարձութիւններու ընթացքը մէկէ աւելի ուղղութիւններով»:
. ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ պալատէն աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Նախապատրաստական աշխատանքներ կը տարուին Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Ռաատի Պաապտայի պալատ այցելութեան` հասնելու համար համաձայնութեան, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Քասեմի Իսրայէլի դէմ Իրանի աջակցութեան ճակատ բանալու վերաբերեալ յստակ յայտարարութենէն ետք, Լիբանանը զերծ պիտի կացուցէ շրջանային պատերազմի մէջ ներքաշուելէն»:
. ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ աղբիւրներ «Անպա» օրաթերթին. «Ուղղուածութիւնը առաւելապէս ընտրողները սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին` մայիսի սկիզբին, առաւելագոյնը երկու շաբթուան ընթացքին քուէարկելու հրաւիրելն է, առանց որ ատիկա նշանակէ, թէ ընտրութիւնները չեն կրնար յետաձգուիլ»:
. ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԵՆԷՆ աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Ընտրութիւններու գումակային պատճառներով յետաձգումը չի նկատուիր իրաւունքներու նկատմամբ անյարգալից վերաբերմունքի պատճառով յառաջացած խոչընդոտ: Եթէ օրէնքը փոխուի` արտերկրի լիբանանցիներուն կարելիութիւն տալով 128 ներկայացուցիչ ընտրելու, ատիկա պիտի ըլլայ յարգանքի տուրք արտերկրի լիբանանցիներուն քուէարկութեան եւ ճիշդ ժողովրդավարութեան»:
. «ԱՆՊԱ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, «Պէյրութի մէջ սիւնիներու աթոռներու շարք մը թեկնածուներ, ընտրութիւնները իրենց ժամկէտին կատարելու պաշտօնական հաստատումներէն ետք, փետրուարի առաջին շաբթուան ընթացքին յաջորդաբար խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցելու իրենց թեկնածութիւնները պիտի յայտարարեն»:
. ՊԷՅՐՈՒԹԷՆ երեսփոխանական աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Պէյրութի երկրորդ ընտրաշրջանին մէջ ընտրական դաշինքները մինչեւ այս պահս չեն յստակացած, հակառակ ընթացող հանդիպումներուն: Բանակցութիւնները տեղի կ՛ունենան լուսարձակներէ հեռու` փակ դռներու ետին»:
. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւր մը «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ համաձայնութեան նախագիծը կը ներառէ յանձնումը սուրիացի 300 դատապարտեալներու, եւ ատիկա լիբանանեան բանտերուն մէջ գտնուող դատապարտեալներուն ամբողջական թիւն է: Համաձայնութիւնը պիտի չներառէ շուրջ 2000 կալանաւորուածներ, որոնց դէմ վճիռ չէ արձակուած»:


