Լիբանանի մէջ բռնածաղրը մօտ օրէն պիտի դառնայ պատժելի երեւոյթ, այն բանէն ետք, երբ լիբանանեան կառավարութիւնը իր 30 յունուարի նիստին համաձայնութիւն տուաւ բռնածաղրի քրէականացման օրինագիծին:
Նշենք, որ բռնածաղրի քրէականացման օրինագիծը ներկայացուած էր հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի կողմէ: Օրինագիծը ներկայիս յղուած է խորհրդարանին` առ ի վաւերացում:


