– ԱՂԲԻՒՐ մը «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Վերջին օրերուն միջազգային աշխուժ աշխատանք կը տարուի, մասնաւորաբար Հնգեակ յանձնախումբի անդամ արաբական կողմերէն` Իրանի դէմ պատերազմի պարագային Լիբանանը որեւէ հետեւանքներէ զերծ պահելու համար»:
– ԱՂԲԻՒՐ մը «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Շրջանային այս ճակատումին Լիբանանի որեւէ մասնակցութիւն պատճառ պիտի դառնայ, որ պետութեան հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայման ու բանակի աջակցութեան խորհրդաժողովին համար թափուող միջազգային բոլոր ջանքերը կորսուին»:
– ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Բանակի աջակցութեան Փարիզի խորհրդաժողովը պիտի յետաձգուի, եթէ առնչակիցները զգան, թէ Լիբանանէն պահանջուածին գործադրութիւնը երկար պիտի տեւէ, եւ «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբը եւս նոյն ճակատագիրին պիտի մատնուի, եթէ 25 փետրուարին հասնինք, եւ կացութիւնը տակաւին նոյնը մնայ»:
– «ԼԻՈՒԱ» օրաթերթ. «Մեծ պետութեան մը դեսպանը ոչ բարեկամ երկրի մը մէջ որոշ իւրայատկութիւն ունեցող ժողովէ մը իր վերադարձին պաշտօնատարներուն փոխանցեց պատգամ մը, թէ պէտք չէ Լիթանի գետէն հիւսիս զէնքի մենաշնորհման ծրագիրը թեթեւի առնել»:
– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Միացեալ Նահանգները Լիբանանի մէջ կը գործեն երկու գիծի վրայ` պետութեան գերիշխանութիւնը յաւելեալ հողերու վրայ տարածելու եւ Հըզպալլայի զէնքի եւ Իսրայէլի հետ բանակցութիւնները իրարմէ անջատելու հիման վրայ»:
– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ասաս»-ին. «Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը այլեւս ամբողջութեամբ կը վերահսկէ Հըզպալլայի զինուորական թեւին, ներառեալ այն աշխատանքին, որ նախապէս կը կատարէին Ֆուատ Շըքըրը, Իպրահիմ Աքիլն ու Հայսամ Թապթապային»:
– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ասաս»-ին. «Հըզպալլան տակաւին ունի հարիւրաւոր թիրախահար թեւաւոր հրթիռներ, որոնք տեղակայուած են արեւելեան եւ արեւմտեան լեռնաշղթաներուն վրայ, ինչպէս նաեւ հիւսիսային Պեքայի կարգ մը շրջաններուն մէջ»:
– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ասաս»-ին. «Հըզպալլան այլեւս Իրանէն միայն հրթիռներու շարժիչներ կը բերէ եւ հրթիռներու մնացեալ բաժինները Լիբանանի մէջ կ՛արտադրէ` զանոնք ցամաքային ճամբով փոխադրելու դժուարութեան եւ զանոնք ապահովական գետնի վրայ խոցելի դարձնող չափին պատճառով»:
– «ՏԻԱՐ» օրաթերթի սեփական աղբիւրներ. «Սիւննի համայնքին մէջ ընտրական աշխատանքները տակաւին պատանդն են Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար Սաատ Հարիրիի խորհրդարանական ընտրութիւններուն նկատմամբ անորոշ դիրքորոշման»:
– ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին կը յայտնեն, թէ լիբանանեան բանակին ստանձնելիք երկու անցարգելները «Պըտտաուի գաղթակայանին աշխարհագրական ծիրէն դուրս են: Պաղեստինեան խմբաւորումներուն եւ լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան միջեւ ամբողջական համաձայնութիւն գոյութիւն ունի, որ բանակը յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին այդ անցարգելներու վերահսկողութիւնը ստանձնէ»:
– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Սայտայի հասարակութեան մէջ սկսաւ դժգոհութիւն յառաջանալ քաղաքապետական խորհուրդի կարգ մը անդամներու անգործութեան նկատմամբ, մինչ ուրիշներ նկատառելի աշխատանք կը տանին` աշխատելով քաղաքի փողոցներու բարեզարդման եւ լուսաւորման բարելաւման վրայ»:


