Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ «Էմ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմի խօսքը «բոլոր արժեչափերով մերժելի է, եւ ան օրէնքը խախտելով օրինազանց դարձաւ: Ինչպէ՞ս ինքնիրեն կ՛արտօնէ պատերազմի եւ խաղաղութեան որոշումը խլել: Շէյխ Քասեմի խօսքը կը նշանակէ, թէ պետութիւնը տակաւին չէ ստանձնած խաղաղութեան եւ պատերազմի որոշումը, եւ Ծոցի երկիրները, մասնաւորաբար Սէուտական Արաբիան իր քաղաքացիներուն չարտօնեց Լիբանան այցելել»:
«Նախագահ Ժոզեֆ Աուն փորձեց հարցերը կարգաւորել, սակայն շէխ Քասեմին պէտք է ըսել. «Դուն օրինազանց անձ մըն ես», եւ նախարարաց խորհուրդը պէտք է գործի լծուի», նշեց ան:
«Պէտք է Հըզպալլան զինուորական ճամբով լուծարել, եւ ատիկա քաղաքական որոշում մըն է: Լիբանանի մէջ փոքրամասնութիւնը չի կրնար մեծամասնութեան իշխել, եւ կռիւի անհրաժեշտութիւն չկայ: Պետութիւնը պէտք է կուսակցութեան հարցին մէջ անհրաժեշտ քայլերը որդեգրէ», յայտնեց Ժահժահ:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավարը բուռն յարձակում գործեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի վրայ` զինք կոչելով «ստախօս»:
Ան մերժեց պատկերասփռուած բանավէճի Պասիլի հրաւէրը` նշելով, որ ինք ստախօսութեան «աշխարհի ամէնէն հզօր համալսարանի նախագահին հետ չի կրնար գլուխ ելլել»:


