Լիբանանեան

Ամմար. «Չափազանց Զգայուն Փուլէ Կ՛անցնինք»

Ամմար. «Չափազանց Զգայուն Փուլէ Կ՛անցնինք»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ամմար Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանիի մեծարման հանդիսութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Չափազանց զգայուն, նուրբ եւ վտանգաւոր փուլէ կ՛անցնինք, երբ անհաւատութեան եւ անհամաձայնութեան ազգերը մեր դէմ դաւադրութիւն կը կազմակերպեն, այս երթին վնասելու համար. սկսելով Իրանէն եւ հասնելով Լիբանան»: «Թշնամիներուն կողմէ այս յարձակումը մեզի համար բացարձակապէս անակնկալ չէր, որովհետեւ պէտք է միշտ յիշենք այս...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ մէջ Լիբանանի դեսպան Նատա Մուաուատ. «Լիբանանեան բանակին ու զինեալ ուժերուն աջակցութեան շարունակման խոստումներ ստացանք, եւ բանակի հրամանատարի հանդիպումները շատ դրական են»: - «ԷՄ.ԹԻ.ՎԻ.»-ի տեղեկութեան համաձայն, «Աունի Ուաշինկթըն այցելութիւնը այլեւս վճռուած է, եւ ան հանդիպում պիտի ունենայ Թրամփի հետ»: - «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը կը նշէ, որ պաշտօնական ապահովական հեղինակութիւններ այն մտավախութիւնը ունին, թէ Դամասկոս Իսրայէլի հետ Լիբանանի դէմ ճակատ կրնայ...

Նախագահ Աուն. «Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Դիրքորոշումը Հաստատ Է»

Նախագահ Աուն. «Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Դիրքորոշումը Հաստատ Է»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Ազգային չափաւորականութեան պլոքի անդամներ Մոհամետ Սլէյմանը, Սաժիհ Աթիէն, Ահմետ Խէյրն ու նախկին երեսփոխան Հատի Հպէյշը եւ անոնց հետ քննարկեց երկրի ընդհանուր կացութիւնն ու շրջանային կացութեան զարգացումները: Անդրադարձ կատարուեցաւ Աքքարի շրջանի կարիքներուն: Նախագահ Աուն վստահեցուց, որ միշտ կը հետեւի առողջապահութեան, կրթութեան եւ բարգաւաճման ոլորտներուն մէջ շրջանի զաւակներուն պահանջներուն: Հանրապետութեան նախագահը նշեց, թէ...

Պըրրիին Յղած Իր Նամակին Մէջ.  «Լիբանանի Ժողովուրդը Հրաւիրուած Է Միասնաբար Աշխատելու Խաղաղութեան Եւ Հաշտութեան Մշակոյթի Պահպանման Համար» Կ՛ըսէ Լեւոն ԺԴ. Պապը

Պըրրիին Յղած Իր Նամակին Մէջ. «Լիբանանի Ժողովուրդը Հրաւիրուած Է Միասնաբար Աշխատելու Խաղաղութեան Եւ Հաշտութեան Մշակոյթի Պահպանման Համար» Կ՛ըսէ Լեւոն ԺԴ. Պապը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Լեւոն ԺԴ. պապէն ստացաւ շնորհակալական նամակ մը, որուն մէջ սրբազան քահանայապետը նշեց. «Ձեզի հետ անցուցած օրերուս ընթացքին զգացի, թէ Լիբանանը քաջութեան ու տոկունութեան կենդանի օրինակ է, եւ անոր ժողովուրդը հրաւիրուած է, հակառակ բոլոր մարտահրաւէրներուն, միասնաբար աշխատելու խաղաղութեան ու հաշտութեան մշակոյթի պահպանման համար: «Տպաւորուեցայ համագործակցութեան ոգիով ու դժուարութիւնները յաղթահարելու եւ զանոնք հանդիպումներուն ու երկխօսութեան կարելիութիւններու վերածելու վճռականութեամբ,...

Նախագահ Աուն Ընդունեց Նախարար Մնասսան

Նախագահ Աուն Ընդունեց Նախարար Մնասսան

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ առաւօտեան Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց պաշտպանութեան նախարար Միշել Մնասսան: Աուն Մնասսայի հետ քննարկեց երկրին մէջ տիրող ապահովական ընդհանուր կացութիւնը, մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի մէջ ապահովական կացութիւնը: Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ զինուորականներու եւ հանգստեան կոչուած զինուորականներու ամսականներու հարցին` զանոնք վերատեսութեան ենթարկելու համար ընթացող հաղորդակցութիւններու լոյսին տակ:

Մըքտատ. «Պետութեան Նկատմամբ Վստահութիւնը  Կը Սասանի, Մարդիկ Առանձին Կը Ձգուին,  Եւ Կը Լսենք Նախարարական Դիրքորոշումներ,  Որոնք Սահմանադրութեան Համահունչ Չեն»

Մըքտատ. «Իսրայէլի Յարձակումներուն Նպատակը Լիբանանին Քաղաքական, Դիւանագիտական Ու Զինուորական Պաշտօնական Յանձնախումբի Ձեւաւորումը Պարտադրելն Է»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Մըքտատ «Տիար» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Հըզպալլան չի նախատեսեր, թէ Իսրայէլ իր յարձակումները պիտի դադրեցնէ, այլ անոնց կշռոյթը պիտի բարձրանայ, «եւ անոնց նպատակը Լիբանանին քաղաքական, դիւանագիտական եւ զինուորական պաշտօնական յանձնախումբի մը ձեւաւորումը պարտադրելն է` Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցութիւններու մէջ մտնելու համար, ինչպէս նաեւ անոր անձնատուութիւն պարտադրելը` յանձնախումբին կազմութեան չհամաձայնած կուսակցութեան կրած զինուորական...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐ Աշրաֆ Ռիֆի, Մըլհեմ Ռիաշի, Էլիաս Խուրի եւ Նազիհ Մաթթա խորհրդարանին ներկայացուցին Լիբանանի մէջ Պաաս կուսակցութիւնը արգիլելու օրինագիծ մը: - «ԱՍԱՍ ՄԻՏԻԱ»-ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Ֆրանսացիներն ու ՖԻՆԻՒԼ-ը Լիթանիէն հիւսիս Պեքայի, հիւսիսի եւ Պէյրութի մէջ զէնքի դուրսբերման ծրագիրի իրականացումը կարգաւորող որեւէ զինուորական եւ քաղաքական շրջանակէ բացառելու իսրայէլեան-ամերիկեան ծրագիրը կը բախի ՖԻՆԻՒԼ-ի կողմէ ճնշումի»: - ԱՂԲԻՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Այսօր` քուլիսներու...

Աուն. «Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ Կը Պնդենք, Եւ Առնչակից Կողմերուն Հետ Կ՛աշխատիմ Լիբանանը Նոր Պատերազմի Մէջ Չներքաշելու Համար»

Աուն. «Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ Կը Պնդենք, Եւ Առնչակից Կողմերուն Հետ Կ՛աշխատիմ Լիբանանը Նոր Պատերազմի Մէջ Չներքաշելու Համար»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն «Լիբանանի համար գերիշխանական ճակատ»-ի պատուիրակը ընդունելով յայտնեց. «Օտար պետութիւններուն Լիբանանի նկատմամբ վստահութեան վերականգնումն ու անոր աջակցիլը բնական արդիւնք են Լիբանանի ներկայիս կատարածին` պետութեան հաստատ հիմերու վրայ վերակառուցման, մասնաւորաբար օրէնքի իշխանութեան տարածման եւ զէնքի մենաշնորհի գործադրման առումներով: Անոնք երկու հարցեր են, որոնցմէ ետդարձ չկայ, ինչ ալ ըլլան հանգամանքները, եւ աշխատանք կը տանինք զանոնք հաւասարապէս ողջախոհութեամբ, իրատեսութեամբ ու...

Սալամ. «Ոեւէ Մէկուն Պիտի Չարտօնենք Լիբանանը Նոր Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշել»

Սալամ. «Ոեւէ Մէկուն Պիտի Չարտօնենք Լիբանանը Նոր Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշել»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Տուպայի մէջ «Կառավարութիւններու համաշխարհային խորհրդաժողով»-ի ծիրին մէջ երկխօսութեան նիստի մը ընթացքին յայտնեց. «Գերիշխանութիւնն ու բարեկարգումը իրարու զուգահեռ հարցեր են: Անոնք այսօր Լիբանանը փրկելու հիմնական կարիքներ են: Գերիշխանութիւնը կը նշանակէ վերատիրանալ պատերազմի եւ խաղաղութեան որոշումին, պետութեան իր սեփական ուժերով գերիշխանութիւնը իր բոլոր հողերուն վրայ տարածել եւ զէնքը լիբանանեան զինեալ ուժերու մենաշնորհը դարձնել»: «Աշխատանք տարինք վերատիրանալու խաղաղութեան ու  պատերազմի...

Պայրագտարեան Մասնակցեցաւ Երիտասարդ Ղեկավարներու Արաբական Ժողովի 5-րդ Նիստին

Պայրագտարեան Մասնակցեցաւ Երիտասարդ Ղեկավարներու Արաբական Ժողովի 5-րդ Նիստին

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան մասնակցեցաւ Տուպայի մէջ Երիտասարդ ղեկավարներու արաբական ժողովի 5-րդ նիստին: Նախարարը Տուպայ մեկնած էր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու երիտասարդութեան հարցերով պետական նախարար, Արաբ երիտասարդներու կեդրոնի փոխնախագահ դոկտ. Սուլթան Պըն Սէյֆ Նայատիի հրաւէրով: Պայրագտարեան իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան հետ մասնակցեցաւ ժողովին, որուն կը մասնակցէր նաեւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ: Ան նախարարական հանդիպումի ընթացքին խօսք...

Շէյխ Քասեմ. «Գոյութենական Վտանգ Ներկայացնող Յարձակում Կը Դիմագրաւենք, Եւ Պէտք Է Բոլորը Անոր Դէմ Դնեն»

Շէյխ Քասեմ. «Գոյութենական Վտանգ Ներկայացնող Յարձակում Կը Դիմագրաւենք, Եւ Պէտք Է Բոլորը Անոր Դէմ Դնեն»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ պատկերասփռուած ուղերձի մը ընթացքին յայտնեց. «Մենք մեր հողերը, մեր իրաւունքը, գոյութիւնը եւ ազատագրումը պաշտպանելու փուլին մէջ ենք: Մենք պարզ խնդիր մը չենք դիմագրաւեր, այլ գոյութենական վտանգ ներկայացնող յարձակում մը, որ կ՛ուզէ մեր գոյութիւնը ջնջել»: «Երբ թշնամին չի կրնար մարտիկները թիրախաւորել, ուշադրութիւնը կը դարձնէ քաղաքայիններուն, տուներուն եւ գիւղերուն վրայ: Կ՛ուզէ համակիր զանգուածը հարուածել եւ...

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

Մըթրի. «Սուրիոյ Հետ Ցամաքային Սահմանագծումը Պիտի Սկսի Մօտ Օրէն»

Փոխվարչապետ Թարեք Մըթրի «Հատաս» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Հըզպալլան կը մերժէ Լիթանի գետի հիւսիսային շրջանին մէջ զէնքը յանձնել»: «Պետութիւնը ամբողջ երկրին մէջ զէնքի մենաշնորհման հարցը կը հետապնդէ եւ անկէ ետդարձ պիտի չկատարէ», ըսաւ փոխվարչապետը: Ան սէուտական պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին շեշտեց. «Կը մերժենք երկիրը ներքաշել շրջանային պատերազմի մէջ կամ զայն վերածել ուրիշներու պատերազմի բեմի»: Մըթրի յոյս յայտնեց,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Լիբանանցիներուն մեծամասնութիւնը անհամբեր եւ մեծ հետաքրքրութեամբ կը սպասէ Ուաշինկթընի մէջ դժուար նախատեսուող բանակցութիւններու արդիւնքներուն` նկատի ունենալով, որ անոնք Լիթանի գետի հիւսիսին մէջ զէնքի խնդիրի լուծման ուղղուածութեան սկիզբն են»: - ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներ «Անպա» օրաթերթին. «Միջազգային Հնգեակ յանձնախումբին եւ շրջանային ուժերու կողմէ ջանք կը թափուի Լիբանանը զերծ կացուցելու հաւանական պատերազմի հետեւանքներէն, որպէսզի անգամ մը եւս չենթարկուի...

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչեզի հետ իր ընդլայնուած հանդիպումի ընթացքին բարձր գնահատեց միջազգային ու եւրոպական բոլոր հարթակներուն վրայ Լիբանանին աջակցող Սպանիոյ դիրքորոշումը, մասնաւորաբար ֆինանսական եւ այլ օժանդակութիւններու տրամադրման ճամբով լիբանանեան բանակին աջակցութիւնը: «Լիբանան կարեւորութիւն կ՛ընծայէ Փարիզի մէջ 5 մարտին գումարուելիք բանակի եւ ներքին ապահովութեան ուժերու աջակցութեան խորհրդաժողովի Մատրիտի մասնակցութեան», նշեց հանրապետութեան նախագահը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց 2024 թուականին...

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

Իսրայէլեան օդուժը երէկ յարձակում գործեց Անսարիէ եւ Քլէյլա գիւղերուն վրայ` պատճառելով զոհ մը եւ 8 վիրաւորներ: Իսրայէլեան բանակը զգուշացուց Քանա եւ Քֆարթըպնիթ գիւղերու բնակիչները, թէ Հըզպալլայի պատկանող ենթակառոյցներու վրայ յարձակում պիտի գործէ, մասնաւորաբար իբրեւ թիրախ նկատելով Քֆարթըպնիթի մէջ շէնք մը, որ աւելի ուշ հարուածեց, ապա յարձակում գործեց Այն Քանա գիւղին վրայ: Իսրայէլեան բանակը պնդեց, թէ հարաւային Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի զէնքի...

Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

ՖԻՆԻՒԼ յայտարարեց, թէ իսրայէլեան բանակը կիրակի առտու իրենց տեղեկացուցած է, թէ Կապոյտ գիծին մօտ օդային գործողութիւն պիտի կատարէ` նետելու համար քիմիական նիւթ մը, «որ անոնց խօսքով թունաւոր չէ»: «Իսրայէլեան բանակը ըսաւ, որ խաղաղապահ ուժերը պէտք է հեռու եւ ծածկի տակ մնան, ինչ որ անոնց ստիպեց աւելի քան տասը գործողութիւն ջնջելու», նշեցին խաղաղապահ միջազգային ուժերը: «Այս աշխատանքը անընդունելի է եւ կը...

Ֆայիատ. «Իսրայէլացին Եւ Ամերիկացի Հովանաւորը «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբը Իսկական Խեղկատակութեան Վերածեցին»

Ֆայիատ. «Իսրայէլացին Եւ Ամերիկացի Հովանաւորը «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբը Իսկական Խեղկատակութեան Վերածեցին»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայիատ յայտնեց. «Իսրայէլացի թշնամին եւ անոր դաշնակիցները կը կարծեն, թէ մեր ժողովուրդին դէմ սպանութեան, քանդումի եւ տեղահանութեան թշնամական արարքները շարունակելը այս ժողովուրդը պիտի մղեն ընկրկման, նահանջի եւ անձնատուր ըլլալու թշնամիին, որ սահման չի ճանչնար, այլ անձնատուութիւն, տիրութիւն, գերիշխանութեան ու անվտանգութեան ոտնահարում կ՛ուզէ»: «Բացայայտ կերպով կ՛ըսենք` մեր ժողովուրդը պիտի չնահանջէ, պիտի չընկրկի, անձնատուր պիտի չըլլայ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ հեղինակութիւն մը «Անպա» օրաթերթին` մէջբերելով արեւմտեան դիւանագիտական աղբիւր մը. «Կացութիւնը մեծ համեմատութեամբ դէպի կարգաւորում կ՛ուղղուի, սակայն առանց պատերազմի հաւանականութիւնը ջնջելու: Սակայն հարցումը հետեւեալն է. այս կարգաւորման մէջ Լիբանանի տեղը ո՞ւր է: Լիբանանը անոր ծիրին մէջ պիտի ըլլա՞յ, թէ՞ առաջնահերթութիւնները այլուր են եւ զայն կը շրջանցեն»: - ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Ինչ որ մտավախութիւնները կ՛աւելցնէ այն է, որ իրանեան...

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

Փոխվարչապետ Թարեք Մըթրի ԱՖՓ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանն ու Սուրիան յառաջիկայ շաբաթ համաձայնութիւն մը պիտի կնքեն` լիբանանեան բանտերուն մէջ գտնուող շուրջ 300 սուրիացի կալանաւորուածներ յանձնելու հարցով: Մըթրի ըսաւ, որ կառավարութեան ուրբաթ օր հաւանութիւն տուած համաձայնութիւնը պիտի ներառէ շուրջ 300 սուրիացի դատապարտեալներու, որոնք լիբանանեան բանտերուն մէջ 10 եւ աւելի տարիներ մնացած են: Փոխվարչապետը նշեց, որ համաձայնութիւնը յառաջիկայ...

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի` առ ի պատրաստութիւն նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի ահաբեկման 21-ամեակին, Պեքայի մէջ շրջապտոյտի առաջին օրուան ընթացքին հոսանքի կեդրոնական Պեքայի մասնաճիւղին հետ հանդիպումներու շարք մը ունեցաւ: Հարիրի ներկաներուն փոխանցեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի ողջոյնները եւ գնահատանքը կեդրոնական Պեքայի եւ ամբողջ Լիբանանի մէջ գտնուող Մուսթաքպալ հոսանքի բոլոր կողմնակիցներուն եւ անձնակազմին` «նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սկզբունքներուն նուիրուածութեան համար`...

Page 55 of 985 1 … 54 55 56 … 985

Արխիւներ