Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը հաղորդեց, թէ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սարմեն Բաղդասարեան 27 յունուարին հաւատարմագիրներու պատճէնը յանձնած է Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժիին:
Նախարար Ռաժժի յաջողութիւն մաղթած է դեսպան Բաղդասարեանին իր առաքելութեան մէջ` յայտնելով իր պատրաստակամութիւնը դեսպանատան աշխատանքներուն աջակցելու:
Դեսպան Բաղդասարեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է նախարարին ջերմ ընդունելութեան համար եւ վերահաստատած հայկական կողմի յանձնառութիւնը երկկողմանի յարաբերութիւնները յառաջ մղելու գործին մէջ:


