Երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Համաձայն եմ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ, թէ ազգային միասնականութիւնը մեզ կը պաշտպանէ, սակայն կ՛աւելցնեմ, թէ պետութիւնը մեզ կը պաշտպանէ, եւ Իսրայէլը արդէն պատրուակներու կարիք չունի»:
«Լիբանան գոյութենական վտանգի առջեւ կանգնած է, ուստի անհրաժեշտ է ներքին փոխհասկացողութիւն գոյացնել, եւ այսօր այս իշխանութեան հետ առիթ մը ունինք», նշեց երեսփոխանը:
«Փոխհասկացողութեան եւ լուրջ երկխօսութեան ճամբով կարելի է զէնքի հարցը լուծել ամբողջ Լիբանանի եւ ոչ միայն հարաւային Լիբանանի մէջ կամ Լիթանի գետէն հիւսիս», աւելցուց Քարամէ:
Ֆայսալ Քարամէ նշեց, որ կը զօրակցի հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի դիրքորոշման, թէ պէտք է յարգել երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերեալ սահմանադրական ժամկէտները:


