Սկզբունքով կառավարութեան գումարած պետական ամավարկի քննարկման երէկուան նիստը կը նկատուէր վերջինը, սակայն կէսօրին սկսած նիստի աւարտին յայտարարուեցաւ, որ կառավարութիւնը այլ նիստ մը, որ կ՛ենթադրուի դարձեալ վերջինը ըլլալ, պիտի գումարէ վաղը` ուրբաթ, 24 մայիս 2019-ին:
Վարչապետ Սաատ Հարիրիի նախագահութեամբ նախարարաց խորհուրդը երէկ շարունակեց քննարկել պետական ամավարկը:
Նիստին աւարտին տեղեկատուութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ նիստին ընթացքին տիրած է խաղաղ եւ առարկայական մթնոլորտ, առանց լարուածութիւն կամ բանավէճ արձանագրելու:
Ժարրահ ընդգծեց, որ բոլոր նախարարները կը հետապնդեն նոյն նպատակը` նուազեցնել պետական ամավարկին կրած նիւթական բացը:
Ան նշեց, որ կան շարք մը նոր առաջարկներ, որոնք կ՛արժէ սերտել, «եւ այդ պատճառով ալ վարչապետ Հարիրի 48 ժամուան առիթ տուած է նախարարներուն սերտելու այդ առաջարկները` յուսալով, որ ուրբաթ օրուան նիստը կ՛ըլլայ պետական ամավարկը քննարկելու վերջին նիստը», աւելցուց Ժարրահ:



