Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ Ազատագրում Եւ Բարգաւաճում Պլոքին Հետ Քննարկեց Ընտրական Նոր Օրինագիծը

Մայիս 23, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Անուար Խալիլ, Հանի Քպայսի եւ Իպրահիմ Ազար` ներկայութեամբ Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխաններ Ալեն Աունի եւ Սիմոն Ապի Ռամիայի:

Հանդիպումէն ետք Խալիլ յայտնեց, որ Պասիլին ներկայացուցած են ընտրական նոր օրէնք մը, որուն հիման վրայ Լիբանան կը վերածուի մէկ ընտրաշրջանի, պահպանելով Լիբանանի սահմանադրութեամբ ճշդուած` խորհրդարանին մէջ քրիստոնեայ եւ իսլամ համայնքներուն հաւասար ներկայացուցչութիւնը, ինչպէս նաեւ շրջաններուն միջեւ համամասնական դրութիւնը պահպանելու իրականութիւնը:

Խալիլ նշեց, որ իրենց առաջարկած ընտրական նոր օրէնքին համաձայն, որդեգրուած է համամասնական դրութիւնը եւ ոչ թէ մեծամասնականը, ինչպէս նաեւ զանց առնուած է նախընտրութեան քուէի դրութիւնը:

«Առաջարկուած ընտրական նոր օրէնքին մէջ երեսփոխաններուն թիւը 128-էն պիտի բարձրանայ 134-ի` նկատի ունենալով արտերկրի լիբանանցիները ներկայացնող վեց երեսփոխանները, որոնք պիտի աւելնան խորհրդարանի թիւին վրայ:

Անուար Խալիլ նշեց, որ ընտրական նոր օրէնքի իրենց առաջարկը անհրաժեշտ կը նկատէ բարելաւել քաղաքական կեանքին մէջ կիներու մասնակցութիւնը, հետեւաբար կարեւոր կը գտնէ, որ բոլոր ընտրացանկերը ընդգրկեն կիներ, ինչպէս նաեւ որդեգրել չափաբաժին մը, որուն համաձայն 20 կին ներկայացուի խորհրդարանին մէջ:

Ան նշեց, որ առաջարկուած նոր օրէնքով պահանջած են 18 տարիքը ամբողջացուցած երիտասարդներուն քուէարկութեան մասնակցելու իրաւունք տալ:

Խալիլ յայտնեց, որ նոր օրէնքին համաձայն, քուէարկութիւնը պիտի կատարուի ելեկտրոնական քարտով, ինչպէս նաեւ այդ ընտրութիւններուն պիտի հսկէ անկախ խորհուրդ մը, որ բաղկացած է ինը անդամներէ եւ որուն աշխատանքին քաղաքական միջամտութիւն պիտի չկատարուի ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ:

Անուար Խալիլ շեշտեց, որ իրենք համոզուած են, թէ այս օրէնքին գործադրութիւնը կ՛երաշխաւորէ  ժողովրդավարական աշխատանքին ճշգրիտ զարգացումը:

Իր կարգին, Ալեն Աուն յայտնեց, որ իրենք ողջունած են խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի այս նախաձեռնութիւնը եւ մեկնելով ընտրական աշխատանքի կայունութիւնը պահպանելու իրենց յանձնառութենէն կը հաստատեն, որ կառչած կը մնան 2018-ի ընտրական օրէնքին, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ բոլոր համայնքներուն ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովել, «բայց եւ այնպէս մենք բաց սրտով կը լսենք բոլոր առաջարկները, որոնք կը նպաստեն այդ օրէնքին բարեկարգումին եւ բացթողումներուն սրբագրումին», ըսաւ ան:

Աուն առաջարկեց կազմել միացեալ յանձնախումբ մը` քննարկելու համար ընտրական նոր օրէնքի առաջարկը:

 

 

Նախորդը

Ապպաս Իպրահիմ Ընդունեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Մէջ Արգելափակուած Լիբանանցիներուն Հարազատները

Յաջորդը

Նախարար Կիտանեան. «Պետական Ամավարկը Համեստ Դասակարգի Եկամուտին Ոչ Մէկ Ձեւով Պիտի Դպչի»

RelatedPosts

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»
Լիբանանեան

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ժապեր. «Կեդրոնական Դրամատան Նոր Կառավարիչը  Մարտի Աւարտէն Առաջ Պիտի Նշանակուի»
Լիբանանեան

Ժապեր. «Պատերազմին Գինը Անցաւ 11 Միլիառ Տոլարը»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?