Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դիմադրութեան Եւ Ազատագրումի Օրուան Առիթով Շնորհաւորական Պատգամներ

Մայիս 25, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շեշտեց, որ 25 մայիսը փաստ մըն է, որ ի վերջոյ ժողովուրդներուն կամքը կը յաղթանակէ դժուարութիւններուն, անիրաւութեան եւ բռնագրաւումին, ինչպէս նաեւ կը փշրէ իրաւունքները շրջափակող շղթան եւ վերջ կու տայ պատմութեան նենգափոխումին ու ճշմարտութեան աղաւաղումին` ո՛վ որ ալ ըլլայ թշնամի պետութիւնը:

Նախագահ Աուն ողջունեց լիբանանցի ժողովուրդին աւելի քան քսան տարուան պայքարը, որով անիկա իր հողերը բռնագրաւող ուժերը պարտութեան մատնեց եւ ամբողջութեամբ տիրացաւ իր գերիշխանութեան ու հողերու ազատագրումին, բացի Մազարեհ Շեպաայէն եւ Քֆարշուպայի բարձունքներէն, որոնց լիբանանեան ինքնութեան տակաւին կառչած կը մնայ:

«Հարաւային Լիբանանի ազատագրումը կարելի չէր իրականացնել, առանց լիբանանցիներուն ազգային բարձր ոգիին, որ նահատակութիւնը դարձուց անիրաւութեան դէմ ուղղուած հզօր զէնքի մը», հաստատեց նախագահ Աուն:

Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ Դիմադրութիւնը ոեւէ ժողովուրդի համար իսկական իրաւունք է, յատկապէս երբ անոր հայրենիքին դէմ օդային, ծովային եւ ցամաքային ոտնձգութիւններ կը գործուին: «Այս իմաստով Լիբանան աշխարհին ներկայացուց Դիմադրութեան պատմական օրինակ մը, հակառակ թշնամիին ունեցած զինուորական հսկայական կարողութիւններուն», շեշտեց ան:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ նաեւ միջազգային բանաձեւերուն գործադրութեան, յատկապէս անոնց, որոնք կ՛երաշխաւորեն իր կայունութիւնը եւ ամբողջական գերիշխանութիւնը, ի մասնաւորի ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը:

Ան խստիւ դատապարտեց Իսրայէլի կողմէ այս բանաձեւը միշտ խախտելու մօտեցումը:

Շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան 25 մայիսի առիթով շնորհաւորեց լիբանանցիները` ընդգծելով «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» տարազը իբրեւ Լիբանանը պաշտպանելու ազգային անհրաժեշտութիւն պահելու կարեւորութիւնը:

Խորհրդարանի հարցերու պետական նախարար Մահմուտ Քումաթի Դիմադրութեան եւ ազատագրութեան տօնին առիթով յայտնեց, որ 25 մայիս 2000-ին արձանագրուած յաղթանակը պատմական էր եւ անիկա ապացոյց մըն է, որ ժողովրդային շարժումները կրնան յաղթանակներ արձանագրել եւ անիրաւութիւնը տապալել:

Դիմադրութեան եւ հարաւային Լիբանանի ազատագրման 19-ամեակին առիթով լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ արձակեց օրուան հրահանգը, որուն մէջ հաստատեց, որ լիբանանեան բանակը կառչած կը մնայ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ բռնագրաւուած լիբանանեան բոլոր հողերը` Մազարեհ Շեպաան, Քֆարշուպայի բարձունքներն ու Ղաժար գիւղաքաղաքը ազատագրելու վճռակամութեան:

Զօր. Աուն ընդգծեց, որ ինչքան ալ դժուար ըլլան մարտահրաւէրները, լիբանանեան բանակը ոչ մէկ կաթիլ քրտինք կամ արիւն պիտի զլանայ այդ նպատակի իրագործումին համար:

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ զինուորականները շնորհաւորեց Դիմադրութեան եւ ազատագրութեան տօնին առիթով:

Ան յայտնեց, որ իսրայէլեան ախորժակները տակաւին հսկայ սպառնալիքներ են, որոնք մեր երկրին դէմ ուղղուած են` վերահաստատելով Լիբանանի պաշտպանութեան համար անոնց տուած երդումին կառչած մնալու եւ Լիբանանի դէմ գործուելիք որեւէ յարձակումի դէմ դնելու, ինչպէս նաեւ երկրի ազատագրման նուաճումին տէր կանգնելու կարեւորութիւնը:

Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ շեշտեց, որ 25 մայիսը Լիբանանի ազատութեան, միասնականութեան եւ գերիշխանութեան յաղթանակի տօնն է:

 

 

 

Նախորդը

Վարչապետ Հարիրի Կը Պահանջէ Արագացնել Միացեալ Նահանգներու Մէջ Արկածի Պատճառով Մահացած Լիբանանցիներու Դիակներուն Լիբանան Փոխադրութիւնը

Յաջորդը

Այցելութիւն Ներքին Գործոց Նախարար Ռայա Հասանի

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?