Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին զարմանք յայտնեց երկրին մէջ կատարուած գործադուլներուն մասին, որոնք անտեղի էին եւ հիմնուած` անճիշդ տեղեկութիւններու վրայ:
Ան նշեց, որ պետական ամավարկին մասին կան տարբեր տեսակէտներ, սակայն այդ իմաստով կառավարութիւնը գրեթէ վերջնական տարբերակի մը կրցած է յանգիլ եւ նկատի ունենալ այդ մասին արտայայտուած քաղաքական բոլոր ուժերուն կեցուածքները:
Նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ իրենք պետական ամավարկի նիւթական բացը կրցած են նուազեցնել 7,67 առ հարիւրի` աւելցնելով, որ յոյս կայ, որ տակաւին 7 առ հարիւրէն աւելի նուազ ալ ըլլայ այդ համեմատութիւնը:
Նախարար Կիտանեան նշեց, որ պետական ամավարկը համեստ դասակարգի եկամուտին ոչ մէկ ձեւով պիտի դպչի` աւելցնելով, որ կարգ մը կէտերու շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է, եւ անոնք աշխատավարձին վրայ ոչ մէկ ձեւով պիտի ազդեն: Անդրադառնալով երեսփոխաններու աշխատավարձերուն, նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ կայ առաջարկ մը, որ կազմուելիք յաջորդ խորհրդարանէն սկսեալ մնացեալ բոլոր խորհրդարաններուն անդամները յաւիտեանս ամսականներ պիտի չստանան:
Ա. Կիտանեան շեշտեց, որ սկզբունքով իրենք զինուորականներուն եւ պետական հաստատութիւններու պաշտօնեաներուն ամսական աշխատավարձերը թիրախ չեն դարձուցած: