Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Ծովային Սահմանագծում Կատարելու Իմաստով Դրական Զարգացումներ Կը Սպասուին»

May 23, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հանդիպումին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Տէյվիտ Սաթըրֆիլտի հետ Լիբանանի ծովային սահմանագծումի թղթածրարին դրական քննարկումները:

Պըրրի շեշտեց, որ այս իմաստով բաւական յառաջդիմութիւն արձանագրուած է` նկատել տալով, որ լիբանանեան առաջարկին նկատմամբ հաւանութիւն յայտնուած է:

Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, որ լիբանանեան կեցուածքին միասնականութիւնը հիմնական դերակատարութիւն ունեցած է` դրական այս զարգացումին համար:

Ան շեշտեց, որ ինք լաւատես է լիբանանեան պաշտօնական, քաղաքական եւ ժողովրդային կեցուածքին արձանագրելիք յաղթանակով:

Պըրրի յայտնեց, որ հաւանաբար յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին Լիբանան յստակ պատասխան մը կը ստանայ իր ներկայացուցած առաջարկին առումով` աւելցնելով, որ ինք այդ հարցը տակաւին կը շարունակէ քննարկել:

Անդրադառնալով 2019-ի պետական ամավարկին` Պըրրի շեշտեց, որ իրենք տակաւին կը սպասեն արդէն իսկ ուշացած պետական ամավարկը:

Ան աւելցուց, որ խորհրդարանը ամէն իմաստով պիտի կատարէ իր պարտականութիւնները` պետական ամավարկը ելեւմուտքի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբին կողմէ արագ կերպով, այսինքն` շուրջ մէկ ամսուան ընթացքին ուսումնասիրելու առումով:

 

 

 

Նախորդը

Նախարար Կիտանեան. «Պետական Ամավարկը Համեստ Դասակարգի Եկամուտին Ոչ Մէկ Ձեւով Պիտի Դպչի»

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Հետեւեցաւ Պետական Ամավարկի Մանրամասնութիւններուն

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.