Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

May 24, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա շաբաթ, 25 մայիս 2019-ին պատկերասփռուած ճառ մը պիտի արտասանէ` Դիմադրութեան եւ ազատագրութեան տօնին առիթով:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ ուքրանական պատուիրակութեան մը անդամներուն հետ եւ անոնց հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քուպիշը, որուն հետ քննարկեց երկիրը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները: Նշենք, որ զօր. Աուն այցելեց նաեւ Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներու նաւթի լոպին Իսրայէլը կը մղէ Լիբանանի հետ ծովային սահմանագծում կատարելու:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ երէկ շրջաբերական մը յղեց նախարարութիւններուն եւ պետական հաստատութիւններուն, որպէսզի սկսին 2020-ի պետական ամավարկի պատրաստութեան:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Քամիլ Պու Սլէյման հաստատեց, որ 2019-ի պետական ամավարկը պէտք է վաւերացուի եւ անոր մասին տեղեկատուական աւելորդաբանութիւններուն ու անտեղի մեկնաբանութիւններուն վերջ մը պէտք է դրուի:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ լիբանանեան արդիւնաբերութեան մարզին մէջ քսան արտադրութիւն պահելը Լիբանանի համար աննախընթաց որոշում է:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ 21 օգոստոս 2017-էն ի վեր պետական հաստատութիւններուն մէջ ապօրինաբար պաշտօնի կոչուած են 5013 պաշտօնեաներ:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ եւ հաղորդակցութեան միջոցներու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ կարգ մը նախարարներու կողմէ անմիջական միջամտութիւններ կան` բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւններուն նուազուրդը ջնջելու եւ զայն յատուկ ընկերութիւններու յանձնելու:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ կոչ ուղղեց զօրակցելու քաղաքապետական յաջորդ ընտրութիւններուն ընթացքին կիներու ներկայացուցչութեան չափաբաժինը 30 առ հարիւրի բարձրացնելու առաջարկին:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ասաատ Տըրղամ յայտնեց, որ իրենք պիտի չընդունին, որ Աքքար հեռու պահուի լիբանանեան պետութեան մշակած տարբեր շրջաններու բարգաւաճման քարտէսէն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ռուլա Թապըշ յայտնեց, որ պետական ամավարկի վաւերացումէն ետք վարչապետ Սաատ Հարիրի պիտի սկսի տարբեր մարզերուն վերաբերող բարեկարգումի արշաւի մը:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Զիատ Հաուաթ կոչ ուղղեց մշակելու պետական ամավարկ մը, որ կը համընկնի  երկիրը տնտեսական տագնապալի կացութենէն փրկելու տեսլականին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Անուար Խալիլ շեշտեց, որ 2019-ի պետական ամավարկը վերջնականապէս պէտք է դուրս բերել խորհրդարանէն:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն յայտնեց, որ պետական գանձարկղին եկամուտ ապահովելու իմաստով իրենք այլընտրանքներ կ՛ուզեն ապահովել` առանց քաղաքացիներուն քսակին մօտենալու:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Նիքոլա Թուէյնի շեշտեց, որ 2019-ի պետական ամավարկին նպատակը պէտք է ըլլայ լիբանանեան տնտեսութեան վրայ բանեցուելիք հակակշիռին հիմքը:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն իր կատարած յայտարարութեան մէջ հաստատեց, որ բոլորին համար արդէն իսկ յստակ է, թէ Սուրիոյ եւ Լիպիոյ մէջ Թուրքիա  կ՛օժանդակէ եւ կը զօրակցի Ժապհաթ Նուսրային եւ ՏԱՀԵՇ-ին:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ ոտնձգութիւններ կատարեց հարաւային Լիբանանի վերեւ, ինչպէս նաեւ Նապաթիէի վրայ կեղծ յարձակումներ գործեց:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ հանդիպումը երէկ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի: Հանդիպումը կոչ ուղղեց անդրադառնալու շրջանին մօտեցող եւ շրջանը հարուածող յառաջիկայ վտանգներուն:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ շեշտեց, որ պետական ամավարկը պիտի վաւերացուի եւ երկրին տնտեսական տագնապը մեղմանայ:

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Նախարար Կիտանեան. «Այս Տարուան Զբօսաշրջական Եղանակը Շատ Լաւ Պիտի Ըլլայ»

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.