Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Աւարտեց Պետական Ամավարկի Քննարկումը, Իսկ Այսօր Կէսօրին Կը Կատարէ Այդ Ամավարկին Վերջին Ընթերցումը

Մայիս 22, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրուան ժամը 1:00-ին գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:

Նախարարաց խորհուրդը վարչապետարանին մէջ գումարած իր նիստին ընթացքին աւարտեց 2019-ի պետական ամավարկի քննարկումը` որոշելով սակայն այսօր կէսօրին ունենալ հանդիպում մը` կատարելու համար այդ ամավարկին վերջին ընթերցումը:

Տեղեկատուութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ նշեց, որ կառավարութիւնը ժամը 1:30-ին պիտի գումարէ պետական ամավարկին վերաբերող իր վերջին նիստը, որմէ ետք վարչապետ Հարիրի եւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պիտի կատարեն յայտարարութիւններ:

Ժարրահ յայտնեց, որ արտաքին գործոց նախարարութեան հիւպատոսական բաժինի գործառնութիւններուն պարագային յաւելեալ տուրքեր որդեգրուած են, ինչպէս նաեւ տուրքեր պիտի զետեղուին դէպի Լիբանան այցետոմս ստանալու պարագային:

Ան նշեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանի պատուոյ հիւրասրահը մէկ ժամուան համար օգտագործելու սակը 500 հազար լ. ոսկիի վերածուած է:

Իր կարգին, պաշտպանութեան նախարար Պու Սաապ յայտնեց, որ երեսփոխաններուն հանգստեան կոչուելու հատուցումները կրճատելու մասին որոշումներ որդեգրուեցան` աւելցնելով, որ այդ կրճատումները ուղղակիօրէն կապուած են երեսփոխաններու նստաշրջաններուն:

Ճարտարարուեստի նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր ողջունեց կառավարութեան կողմէ կարգ մը արտադրութիւններու ներածումին պարագային տուրքերու բարձրացում` զայն նկատելով պատմական որոշում:

Կարգ մը տեղեկատուական աղբիւրներ հաղորդեցին նաեւ, որ տեղահանուածներու թղթածրարին առումով որոշումներ տրուած են. այդ որոշումներէն է օտարներուն պատկանող ապօրինի վաճառատուներուն փակումը:

Նիստէն ետք խորհրդարանի հարցերու պետական նախարար Մահմուտ Քումաթի շեշտեց, որ կառավարութիւնը պետական ամավարկին վերաբերող իր վերջին նիստը պիտի գումարէ այսօր կէսօրին, վարչապետարանին մէջ:

Իր կարգին, ներքին գործոց նախարար Ռայա Հասան յայտնեց, որ ինքնաշարժը մութ գոյնի ապակիներով օժտելու արտօնագիր ստանալու տուրքը բարձրացած է մէկ միլիոն լ. ոսկիի:

Նշենք, որ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ նիստէն առաջ յայտնած էր, թէ իրեն համար 2019-ի պետական ամավարկը արդէն իսկ վերջնական տեսքի բերուած է, եւ ինքը գոհ է ընդհանուր մթնոլորտէն:

Նախորդը

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Պիտի Վերադառնայ Շրջանին Մէջ Լաւագոյնը Ըլլալու Իր Նախկին Կշիռին»

Յաջորդը

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Մայիսի Վերջաւորութեան Տարածաշրջան Պիտի Այցելեն

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?