Լիբանանեան

Նախարար Ժապաք Աուտէ Եպիսկոպոսին Հետ  Քննարկեց Առողջապահութեան  Մարզին Վերաբերող Հարցեր

Նախարար Ժապաք Աուտէ Եպիսկոպոսին Հետ Քննարկեց Առողջապահութեան Մարզին Վերաբերող Հարցեր

Առողջապահութեան նախարար Ժամիլ Ժապաք երէկ այցելեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին` ընկերակցութեամբ տեղեկատուական հարցերու խորհրդատու Մոհամետ Այատի եւ բժիշկ Ժոզեֆ Հըլուի: Հանդիպումէն ետք Ժապաք յայտնեց, որ այս այցելութիւնը մաս կը կազմէ հոգեւոր պետերուն կատարած իր այցելութիւններուն: Ան նշեց, որ Աուտէ եպիսկոպոսին հետ քննարկած է առողջապահութեան մարզին վերաբերող հարցեր, որոնց շարքին` Պէյրութի յոյն ուղղափառ համայնքին պատկանող հիւանդանոցին կապուած...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ վաղը` հինգշաբթի, 27 յունիս 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, պիտի գումարէ նիստ մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկէ անցեալ նիստէն մնացած օրակարգի կէտերը: Նիստը պիտի գումարուի վարչապետարանին մէջ` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ երէկ ընդունեց երեսփոխան Ալի Մըքտատը, որուն ընկերակցեցաւ Շուֆի Սապա շրջանի մէկ պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Ֆընէյշին` գիւղաքաղաքին մէջ...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն  Ազատագրում Եւ Բարգաւաճում Պլոքին Հետ  Քննարկեց Ընտրական Նոր Օրինագիծը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ազատագրում Եւ Բարգաւաճում Պլոքին Հետ Քննարկեց Ընտրական Նոր Օրինագիծը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Անուար Խալիլ, Հանի Քպայսի եւ Իպրահիմ Ազար: Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ պատիւը ունին ընդունելու Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի երեսփոխանները, որոնք ներկայացուցած են ընտրական նոր օրինագիծը: Յ. Բագրատունի աւելցուց,...

Նախագահ Աուն. «Թող ՄԱԿ-ը Իր Օժանդակութիւնները  Տրամադրէ Սուրիա Վերադարձած Տեղահանուածներուն»

Նախագահ Աուն. «Թող ՄԱԿ-ը Իր Օժանդակութիւնները Տրամադրէ Սուրիա Վերադարձած Տեղահանուածներուն»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Սուրիոյ իրավիճակը ուսումնասիրող ամերիկացի քոնկրեսականներու մէկ պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող հարցերը` ընդգծելով, որ կարելի չէ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման սպասել, յատկապէս նկատի ունենալով Լիբանանի կացութեան վրայ սուրիացի տեղահանուածներուն ունեցած հետեւանքները: «Լիբանան, որ Սուրիոյ պատերազմին ընթացքին սուրիացի տեղահանուածներուն տրամադրած է մարդասիրական եւ գումակային բոլոր դիւրութիւնները,...

Պըրրի Ժրայսաթիի Հետ Քննարկեց  Պետական Նշանակումներուն Վերաբերող Հարցեր

Պըրրի Ժրայսաթիի Հետ Քննարկեց Պետական Նշանակումներուն Վերաբերող Հարցեր

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Սելիմ Ժրայսաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս պետական նշանակումներուն վերաբերող հարցեր: Հանդիպումէն ետք Ժրայսաթի յայտնեց, որ Պըրրի յանձնարարած է պետական նշանակումներուն առումով առաջնահերթ նկատել զգայուն պետական հաստատութիւններուն ընտրութիւններն ու նշանակումները: Ժրայսաթի ընդգծեց, թէ այս շրջագիծին մէջ Պըրրի նկատել տուած է, որ Սահմանադրական խորհուրդի 10 անդամներէն 5-ը կ՛ընտրուին խորհրդարանին...

Պէյրութի Գարշահոտի Հարցի  Լուծման Աշխատանքային Նիստ

Պէյրութի Գարշահոտի Հարցի Լուծման Աշխատանքային Նիստ

Պէյրութի գարշահոտի հարցի լուծման նպատակով Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Նիքոլա Սահնաուի երէկ աշխատանքային նիստի մը հրաւիրեց կարգ մը պատասխանատու քաղաքական անձնաւորութիւններ, որոնց շարքին էին կենսոլորտի նախարար Ֆատի Ժրայսաթի, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Նատա Պուսթանի, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շպիպ, ինչպէս նաեւ Բարգաւաճման եւ վերաշինութեան խորհուրդի ներկայացուցիչներ Իպրահիմ Շահրուր եւ Եունես Հաժ: Հանդիպումէն ետք...

Պու Սաապ. «Պաշտպանութեան Նախարարութեան  Պիւտճէի Կրճատումը Արտակարգ Էր, Եւ Բանակի Հրամանատարութիւնը Սրտբաց Ընդունեց Զայն»

Պու Սաապ. «Պաշտպանութեան Նախարարութեան Պիւտճէի Կրճատումը Արտակարգ Էր, Եւ Բանակի Հրամանատարութիւնը Սրտբաց Ընդունեց Զայն»

Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբը` նախագահութեամբ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի, երէկ շարունակեց 2019-ի պետական ամավարկի քննարկումը: Նիստին ներկայ գտնուեցան պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան մէկ պատուիրակութիւնը: Նիստէն ետք Պու Սաապ շնորհակալութիւն յայտնեց բանակի հրամանատարութեան, որ սրտբաց ընդունեց պաշտպանութեան նախարարութեան պիւտճէի կրճատումը` աւելցնելով, որ այս տարի պաշտպանութեան նախարարութեան պիւտճէի կրճատումը արտակարգ եղած է: Ան հաստատեց,...

«Լիբանանի Մէջ Պատրաստուող Դեղորայքին  Նմանակներուն Ներածումը Պիտի Արգիլուի»   Յայտարարեց Նախարար Ժապաք

«Լիբանանի Մէջ Պատրաստուող Դեղորայքին Նմանակներուն Ներածումը Պիտի Արգիլուի» Յայտարարեց Նախարար Ժապաք

Առողջապահութեան նախարար Ժամիլ Ժապաք երէկ այցելեց Լիբանանի մէջ պատրաստուող դեղորայքի ընկերութիւնները, ուր ան քաջալերեց կատարուած աշխատանքը` հաստատելով, որ պէտք է ընդլայնել այդ գործին հեռանկարները: Ժապաք հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ պատրաստուող դեղորայքին նմանակներուն ներածումը պիտի արգիլուի` ընդգծելով, որ դեղորայքի լիբանանեան ընկերութիւնները պէտք է աշխատին եւ իրենց պայմանները բարելաւեն: Ժապաք ընդգծեց, որ նախարարութիւնը պէտք է յաւելեալ զօրակցութիւն ցուցաբերէ դեղեր պատրաստող լիբանանեան ընկերութիւններուն`...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ նախագահական համաձայնութենէն վնասուողներն ու զայն ձախողութեան մատնել փափաքողները յուսալքուած են եւ այդ պատճառով ալ անոնք կորսնցուցած են իրենց զսպուածութիւնը: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Սելիմ Ժրայսաթի Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարիի հետ քննարկեց «Դարու գործարք»-ն ու Մանամայի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդաժողովին վերաբերող հարցերը: ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր հաստատեց, որ սուրիական վարչակարգին մօտ...

Պըրրի. «Լիբանանն Ու Լիբանանցիները  Սուտ Վկաներ Կամ 30 Արծաթ Դրամով Պաղեստինը  Վաճառելու Գործընկերներ Չեն Կրնար Ըլլալ»

Պըրրի. «Լիբանանն Ու Լիբանանցիները Սուտ Վկաներ Կամ 30 Արծաթ Դրամով Պաղեստինը Վաճառելու Գործընկերներ Չեն Կրնար Ըլլալ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ պատասխանեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի փեսային` Ժարետ Քուշների կողմէ «Դարու գործարք»-ին առաջին փուլին մասին կատարած յայտարարութեան: Պըրրի իր յայտարարութիւնը սկսաւ հետեւեալ կերպով. «Սպասելով լիբանանեան պաշտօնական եւ միացեալ կեցուածքի մը` «Դարու գործարք»-ի կնքահայր Քուշների յայտարարութեան մասին, որ կը ներառէ 50 միլիառ տոլարի ներդրումներ կատարել արաբական երկիրներու մէջ, որոնց շարքին` նաեւ Լիբանանի, եւ որպէսզի լիբանանեան պաշտօնական...

Վարչապետ Հարիրիի Եւ Ժոմպլաթի Միջեւ  Սուր Բանավէճ` Թուիթըրեան Գրառումներու Ընդմէջէն

Վարչապետ Հարիրիի Եւ Ժոմպլաթի Միջեւ Սուր Բանավէճ` Թուիթըրեան Գրառումներու Ընդմէջէն

Հակառակ անոր որ ելեւմտական եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբը բազմապատկած է իր աշխատանքները եւ խորհրդարանը կը պատրաստուի օրէնսդրական նիստի մը, որ պիտի սկսի չորեքշաբթի, 26 յունիս 2019-ին, սակայն երկրին քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ քաղաքական տարակարծութիւնները կը յամենան եւ մերթ ընդ մերթ կը դրսեւորուին: Այդ տարակարծութիւններուն շարքին էր երէկ գրեթէ ամբողջ օրուան ընթացքին տեւած սուր բանավէճը, որ թուիթըրեան գրառումներու ընդմէջէն դրսեւորուեցաւ...

Նախարար Կիտանեան Հանրապետութեան  Նախագահի Ներկայացուցիչ` Տըպպայէի Մէջ  Տեղի Ունեցած Երգի Միջազգային Փառատօնին

Նախարար Կիտանեան Հանրապետութեան Նախագահի Ներկայացուցիչ` Տըպպայէի Մէջ Տեղի Ունեցած Երգի Միջազգային Փառատօնին

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը ներկայացուց Տըպպայէի մէջ կազմակերպուած երգի միջազգային փառատօնին: «Համտեսէ երաժշտութիւնը» խորագիրը կրող փառատօնին իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանեան եւ համաշխարհային խումբեր, որոնք 7 ժամուան ընթացքին ներկայացուցին արաբական եւ համաշխարհային երաժշտական ելոյթներ: Տարբեր երկիրներէ ներկայ գտնուող աւելի քան երկու հազար հանդիսատեսներ վայելեցին Տըպպայէի փառատօնը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան...

Ռայի Պատրիարքը Նախագահեց Հայրերու  Տօնին Նուիրուած Ս. Պատարագին

Ռայի Պատրիարքը Նախագահեց Հայրերու Տօնին Նուիրուած Ս. Պատարագին

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի շրջափակին մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որ նուիրուած էր Հայրերու տօնին: Իր քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը շնորհաւորեց լիբանանցի հայրերը` իրենց տօնին առիթով: Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց լիբանանեան պետութեան նշանակումները կատարելու ըստ ատակութեան: Ան խստիւ դատապարտեց լիբանանեան պետութեան կողմէ ընկերային հաստատութիւններուն նկատմամբ ցուցաբերուած բացթողումը, որ պատմական ու խղճի բացթողում եւ խախտում...

Պասիլ. «Պաալպեք-Հերմելի Մէջ Բազմազանութիւնը  Ահաբեկչութենէն Շատ Աւելի Հզօր Է»

Պասիլ. «Պաալպեք-Հերմելի Մէջ Բազմազանութիւնը Ահաբեկչութենէն Շատ Աւելի Հզօր Է»

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ շաբաթավերջին այցելեց Պաալպեք-Հերմել, ուր հաստատեց, որ այդ շրջանին մէջ բազմազանութիւնը ահաբեկչութենէն շատ աւելի հզօր է: Ան շեշտեց, որ Հերմել եղաւ այն շրջանը, որ զգետնեց հաւատադրժողական ահաբեկչութիւնը` աւելցնելով, որ Պաալպեք-Հերմելի մէջ բազմազանութիւնը աւելի հզօր է, քան ահաբեկչութիւնը, իսկ այդ շրջանի բնակիչները ամէն գնով կռուեցան Լիբանանի համար եւ պաշտպանեցին զայն: Իր խօսքը ուղղելով անոնց, որոնք զինք համայնքային...

Ֆըրզլի. «Ոչինչ Կ՛արգիլէ Նախագահ  Աունի Սուրիա Այցելութիւնը»

Ֆըրզլի. «Ոչինչ Կ՛արգիլէ Նախագահ Աունի Սուրիա Այցելութիւնը»

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի երէկ Ղալպունի մէջ ներկայ գտնուեցաւ խորհրդաժողովի մը, որ կը կրէր «Արեւելքի քրիստոնէութիւնը` թիրախ» խորագիրը: Այս առիթով Ֆըրզլի արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ յայտնեց, որ Արեւելքի քրիստոնեաները թիրախ դարձնելուն պատճառը կրօնական չէ, այլ` քաղաքական, եւ ուղղակիօրէն կապուած է Իսրայէլի հիմնումին: Ան նշեց, որ Արեւելքի մէջ քրիստոնեաները, յատկապէս Լիբանանի մէջ, շատ հալածուած են եւ յաճախ անիրաւուած: «Հակառակ այս...

Նախագահ Աուն Իր Այցելուներուն Հետ  Քննարկեց Քաղաքական  Եւ Դիւանագիտական Հարցեր

Նախագահ Աուն Իր Այցելուներուն Հետ Քննարկեց Քաղաքական Եւ Դիւանագիտական Հարցեր

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ քննարկեց քաղաքական, դիւանագիտական եւ կրթական շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ հետեւեցաւ 2019-ի պետական ամավարկի վաւերացման մանրամասնութիւններուն: Նախագահ Աուն իր այցելուներուն հետ քննարկեց նաեւ շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները` վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ: Նախագահ Աուն ընդունեց Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Միշել Տահերը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ պետական ամավարկին շուրջ ելեւմուտքի...

Սէուտական Պետական Խորհուրդի  Պատուիրակութիւնը Շարունակեց  Իր Այցելութիւնները

Սէուտական Պետական Խորհուրդի Պատուիրակութիւնը Շարունակեց Իր Այցելութիւնները

Պաշտօնական այցելութեամբ Լիբանան ժամանած Սէուտական պետական խորհուրդի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ խորհուրդի անդամ Սալեհ պըն Մանիհ Խըլեաուիի, երէկ շարունակեց իր այցելութիւնները: Պատուիրակութեան ընկերակցեցան Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ խորհրդարանական բարեկամական յանձնախումբի նախագահ, նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամ եւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի: Սէուտական պատուիրակութիւնը այցելեց Պքերքէ, ուր ընդունուեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ: Ռայի պատրիարքը ողջունեց պատուիրակութիւնը եւ բարձր գնահատեց...

Նախարար Կիտանեան Յայտարարեց Սայտայի  Զբօսաշրջական Փառատօնին Մեկնարկը

Նախարար Կիտանեան Յայտարարեց Սայտայի Զբօսաշրջական Փառատօնին Մեկնարկը

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ մեկնարկը կատարեց Սայտայի զբօսաշրջական փառատօնին` ներկայութեամբ մշակոյթի նախարար Մոհամետ Տաուտ Տաուտի: Նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ իր քաղաքին համար գործողը կրնայ զայն զետեղել երկրին զբօսաշրջական քարտէսին վրայ: «Կը հիմնուինք Սայտայի շուկայադրման համար ի գործ դրուած ռազմավարական ջանքերուն վրայ` ամբողջ Լիբանանը շուկայադրելու նպատակով», հաստատեց Ա. Կիտանեան: Ան շեշտեց, թէ ճիգ չի խնայուիր, որ ամէնօրեայ դրութեամբ աշխարհը մտածէ...

Ղովմի Կուսակցութեան  Նախագահը Հրաժարեցաւ

Ղովմի Կուսակցութեան Նախագահը Հրաժարեցաւ

Ղովմի կուսակցութեան նախագահ Հաննա Նաշեֆ երէկ կուսակցութեան գերագոյն խորհուրդին ներկայացուց իր հրաժարականը: Ղովմի կուսակցութեան գերագոյն խորհուրդը ընդունեց Նաշեֆի հրաժարականը եւ 6 յուլիս 2019-ն ճշդեց կուսակցութեան նոր նախագահի ընտրութեան թուական:    

Թրիփոլիի Սերային Մէջ.   Հասան Նախագահեց  Ապահովական Նիստի Մը

Թրիփոլիի Սերային Մէջ. Հասան Նախագահեց Ապահովական Նիստի Մը

Ներքին գործոց նախարար Ռայա Հասան երէկ Թրիփոլիի սերային մէջ նախագահեց ապահովական նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման, ոստիկանապետ գնդապետ-զօրավար Մարուան Սլէյլաթի, հիւսիսային Լիբանանի ոստիկանութեան ղեկավար գնդապետ Եուսեֆ Տարուիշ, Թրիփոլիի, Ամիունի, Զղարթայի եւ Հալպայի ոստիկանատուներու պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախագահը: Նիստին ընթացքին Հասանի ներկայացուեցան Թրիփոլիի մէջ որդեգրած ապահովական բոլոր միջոցառումներն...

Page 551 of 988 1 … 550 551 552 … 988

Արխիւներ