Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 21, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քուպիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Միւս կողմէ, ան զարմանք յայտնեց կառավարութեան աշխատանքին մէջ նշմարուող ահաւոր յապաղումին առնչութեամբ եւ կոչ ուղղեց հարցապնդումի ենթարկելու օրինազանց նախարարները:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ ասորիներուն դէմ գործուած սպանդին` Սէյֆոյի 104-ամեակին առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ լիբանանցիները շահագրգռուած են Արեւելքի մէջ տիրող ազատութիւններով` աւելցնելով, որ Լիբանան կը ներկայացնէ բազմազանութեան տնօրինման օրինակ մը: «Լիբանան իր բազմազանութեամբ եւ վարչակարգով կը նկատուի Արեւելքի փրկութեան լաստը», յայտնեց ան:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Ռայա Հասան շեշտեց, որ Լեռնալիբանանի նահանգապետին պիտի յղէ նամակ մը, որմէ պիտի պահանջէ Հատաթի քաղաքապետը հարցաքննութեան կանչել եւ շրջանին մէջ վարձքերուն վերաբերող թղթածրարին մասին մանրամասնութիւններ պահանջել:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Ֆատի Ժրայսաթի շեշտեց, որ կենսոլորտը պահպանելու արագ ձեւը օրէնքի գործադրութիւնն է:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ժամիլ Ժապաք, հանդիպում մը ունենալէ ետք տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանի հետ, շեշտեց, որ նախարարութիւնը կը զօրակցի շրջանին բոլոր հիւանդանոցներուն:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Քրիսթինա Լասընը, որուն հետ քննարկեց դէպի Եւրոպա արտածուող լիբանանեան արտադրութիւններուն քանակը բարձրացնելու կարելիութիւնները:

ԻՍՐԱՅԷԼԻ ուժանիւթի նախարար Եուվալ Շթայնց յայտնեց, որ ըստ իրեն, Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւնները լրջօրէն կը սկսին մէկ ամիս ետք:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ երկրին մէջ տիրող ճշմարտութեան համաձայն, երկկողմանի ուխտերը ոչ մէկ կապ ունին ազգային ուխտին հետ:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ հանդիպումը երէկ մերժեց Լիբանանը մղել պատերազմի տիղմին մէջ, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց որդեգրելու պետական նշանակումները կատարելու գործիքակազմ մը:

ՍՈՒՐԻԱՑԻ տեղահանուածներու տունդարձին վերաբերեալ Հըզպալլայի յառաջացուցած մարմինի պատասխանատու, նախկին երեսփոխան Նաուար Սահիլի յայտնեց, որ ռուսական նախաձեռնութիւնը պէտք չէ արգիլէ սուրիական կառավարութեան հետ Լիբանանի գործակցութիւնը:

«ԷՄ. ՔԱ.» տիպի իսրայէլեան հետախուզական օդանաւ մը երէկ գիշեր թռիչքներ գործած է Պէյրութի վերեւ` ոտնձգութիւններ գործելով Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Սուրիոյ տագնապին լուծման նպատակով տեղի ունենալիք Ասթանայի խորհրդաժողովէն Լիբանանը կը հետաքրքրէ միայն սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի թղթածրարը: Ըստ նոյն օրաթերթին, կառավարութեան եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի դիմաց ծառացող հիմնական առաքելութիւնը նախարարներուն միջեւ համագործակցութեան ոգիի վերականգնումն է:

«ԱՆՊԱ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի ամէն ջանք ի գործ կը դնէ, որ խորհրդարանը մինչեւ 30 յունիս 2019 պետական ամավարկը վաւերացուցած ըլլայ:

 

 

Նախորդը

Բարի Լոյս 42. Հաւաքական Պատասխանատուութեան Վարակիչ Օրինակներ

Յաջորդը

Ռայի Պատրիարքը Աթալլայի Հետ Քննարկեց Նախարարութեան Մշակած Ծրագիրներուն Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.