Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի Մեկնեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ

June 21, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրէ ետք մեկնեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ:

Կը նախատեսուի, որ Ապու Տապիի մէջ վարչապետը հանդիպումներ ունենայ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պետական անձնաւորութիւններուն հետ:

Վարչապետ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրի:

Հանդիպումէն ետք Պու Սաապ յայտնեց, որ վարչապետին հետ հանդիպումը եղած է դրական` աւելցնելով, որ քննարկումները պիտի շարունակուին Հարիրիի Լիբանան վերադարձէն ետք:

Պու Սաապ ընդգծեց, որ պետական ամավարկի վաւերացումին առումով որոշ պատկերացումներ եւ լուծումներ գոյութիւն ունին:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինք վերջերս Զինուորական ատեան այցելութիւն մը տուա՞ծ է, Պու Սաապ ըսաւ. «Զինուորական ատեան այցելած եմ պաշտպանութեան նախարարին տրուած իրաւասութեան ծիրին մէջ եւ չեմ կարծեր, որ վարչապետ Հարիրի այդ այցելութիւնը Զինուորական ատեանի գործունէութեան միջամտութիւն նկատեց», հաստատեց ան:

Վարչապետ Հարիրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Նշենք, որ նախանցեալ երեկոյեան վարչապետ Հարիրի ընդունեց պաշտօնական այցելութեամբ Լիբանան եկած Սէուտական Շուրայի խորհուրդի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Շուրայի խորհուրդի անդամ Սալեհ պըն Մանիհ Խըլեաուիի:

Պատուիրակութեան ընկերակցեցան Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ խորհրդարանական բարեկամական յանձնախումբի նախագահ, նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամ եւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-սէուտական յարաբերութիւնները ամրապնդուած պահելու կարեւորութիւնը:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Ժահժահէն Ստացաւ Նամակ Մը

Յաջորդը

Փորթանթինօ Ապրիլ 24-Ին Կլենտէյլի Համալսարանը Փակ Պահելու Ծախսերը Հոգալու Բանաձեւ Ներկայացուց

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.