Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան երէկ այցելեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի:
Վարչապետարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան հայ-լիբանանեան միջկառավարական յանձնախումբի աշխատանքային գործունէութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Նշենք, որ հայ-լիբանանեան միջկառավարական յանձնախումբին կը նախագահեն Հայաստանի եւ Լիբանանի վարչապետները: