Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէուտական Արաբիոյ Շուրայի Խորհուրդի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Միւֆթի Տըրիանի Եւ Թրիփոլի

June 21, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց պաշտօնական այցելութեամբ Լիբանան ժամանած Սէուտական Շուրայի խորհուրդի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Շուրայի խորհուրդի անդամ Սալեհ պըն Մանիհ Խըլեաուիի:

Պատուիրակութեան ընկերակցեցան Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ խորհրդարանական բարեկամական յանձնախումբի նախագահ, նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամ եւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի:

Հանդիպումին ընթացքին Տըրիան շեշտեց, որ Տար Ֆաթուայի համար պատիւ է ընդունիլ սէուտական այս պատուիրակութիւնը, որովհետեւ անոր համար նաեւ Սէուտական Արաբիոյ հետ պատմական յարաբերութիւններ ունենալը պատիւ է:

Ան բարձր գնահատեց Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հետ յարաբերութիւնները` շեշտելով, որ սէուտական ղեկավարութիւնը նախանձախնդիր է Լիբանանի եւ շրջանի ապահովական կայունութեան պաշտպանութեան:

Ան հաստատեց, որ Լիբանան Սէուտական Արաբիոյ նկատմամբ սէր եւ հաւատարմութիւն կը տածէ` աւելցնելով, որ Սէուտական Արաբիոյ դէմ մերթ ընդ մերթ արձանագրուող բռնարարքները խիստ դատապարտելի են ու մերժելի, որովհետեւ անոնք ուղղուած են արաբ եւ իսլամ շրջանակներուն դէմ:

Միւֆթի Տըրիան դրուատեց Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ գործակցութիւնը` կոչ ուղղելով ամրապնդելու զայն:

Միքաթիի Մօտ

Սէուտական Շուրայի խորհուրդի պատուիրակութիւնը այցելեց Թրիփոլի, ուր հանդիպում մը ունեցաւ նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ` ներկայութեամբ հիւսիսային Լիբանանի քաղաքական տարբեր ուժերու ներկայացուցիչներուն եւ հեղինակութիւններուն:

Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի շնորհակալութիւն յայտնեց սէուտական իշխանութիւններուն դէպի Լիբանան սէուտցի քաղաքացիներուն այցելութիւնը արգիլող որոշումը բեկանելու առիթով: Ան հաստատեց, որ տասնեակ տարիներու ընթացքին Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւնները ամուր եղած են եւ անկեղծ:

Միքաթի շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա միշտ նեցուկ կանգնած է Լիբանանին` բարձր գնահատելով լիբանանցիները Սէուտական Արաբիոյ մէջ հիւրընկալելու եւ անոնց աշխատանք հայթայթելու սէուտական ջանքերը:

 

Նախորդը

«Լիբանանի Ապահովական Կայունութիւնը Ամրապնդուած Է» Շեշտեց Բանակի Հրամանատարը

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Ժահժահէն Ստացաւ Նամակ Մը

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.