Իպրահիմ Ռիչըրտի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Հեռանկարները
Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ ամերիկեան դեսպանատան եւ Ընդհանուր ապահովութեան սպասարկութեան միջեւ երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
Share This Article
CATEGORIES Լիբանանեան