Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կը Մաղթեմ, Որ Զբօսաշրջիկներուն Թիւին Մասին Ակնկալութիւններս Ճիշդ Ըլլան» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

June 20, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ մեկնարկը կատարեց Էհմեժի Թ. փառատօնին` ներկայութեամբ Ժիպէյլի երեսփոխաններ Զիատ Հաուաթի, Մուսթաֆա Հիւսէյնիի եւ Սիմոն Ապի Ռամիայի, Էհմեժի քաղաքապետ Նազիհ Ապի Սըմաանի եւ Ժիպէյլի քաղաքապետական խորհուրդներու համադաշնակցութեան նախագահ Ֆատի Մարթինոսի, ինչպէս նաեւ շրջանի թաղապետներուն:

Կիտանեան նշեց, որ բազմիցս այցելած է Էհմեժ եւ զգացած ժողովուրդին հիւրասիրութիւնը: «Էհմեժի մէջ կազմակերպուած փառատօները տարբեր են այլ շրջաններու փառատօներէն: Հոն այցելողը հանգիստ եւ ուրախ դուրս կու գայ` զգալով, որ սովորական եւ ընթացիկ փառատօնի մը չէ, որ ներկայ գտնուած է», հաստատեց ան:

Նախարար Կիտանեան նշեց, որ փառատօները ներքին լիբանանեան զբօսաշրջութեան ողնայարը կը նկատուին` մաղթելով, որ այս տարուան ընթացքին Լիբանան այցելող զբօսաշրջիկներուն թիւին մասին իր ակնկալութիւնները ճիշդ դուրս գան:

Միւս կողմէ, նախարար Կիտանեան, նախանցեալ օր ներկայ գտնուեցաւ կենսոլորտի նախարար Ֆատի Ժրայսաթիի հրաւիրած մամլոյ ասուլիսին, որուն ընթացքին յայտարարուեցան տարեկան դրութեամբ կատարուող լիբանանեան ծովափներուն առողջապահական չափանիշներուն վերաբերող քննութեան արդիւնքները:

Մամլոյ ասուլիսին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ երկրագործութեան նախարար Հասան Լաքքիս:

Ասուլիսին ընթացքին յայտարարուեցաւ, որ Լիբանանի ծովափներուն պարագային 14-ը մաքուր ծովափներ կը նկատուին, այսինքն` ծովափներ, ուր լողալը առողջապահական չափանիշներով կարելի է: Անոնց կողքին կան նաեւ 8 ծովափներ, որոնք ապականած են, իսկ չորս ծովափներ, որոնք խոցելի վիճակի մէջ կը գտնուին:

Մաքուր ծովափներէն կը նկատուին Սուրի, Նաքուրայի, Պաթրունի, Ժիպէյլի, Ֆիտարի, Թապարժայի, Օքայպէի, Անֆէի եւ Մաամըլթէյնի ծովափները, իսկ ապականած ծովափներէն կը նկատուին Ռամլեթ Պայտայի, Պուրճ Համուտի, Տըպպայէի, Սըլաաթայի, Հըրիի, Ռմայլէի, Սայտայի եւ Սարաֆանտի ծովափները:

Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին հաստատուեցաւ նաեւ լիբանանեան ջուրերուն մէջ ապրող ձկնային հարստութեան առողջութիւնը:

Այս առիթով Ա. Կիտանեան կոչ ուղղեց բոլորին կատարեալ առարկայական մօտեցումով ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնները` աւելցնելով, որ Լիբանանի դրացի երկիրները, որոնք հարուստ զբօսաշրջութեամբ օժտուած են, նոյն հարցերը կը դիմագրաւեն:

«Լիբանան ապահով վիճակի մէջ կը գտնուի, եւ ամառը զբօսաշրջական առումով խոստմնալից է», ըսաւ նախարար Կիտանեան` հաստատելով, որ ինք կը զօրակցի նախարար Ժրայսաթիին` պատասխանատուութիւն ստանձնելու առումով, եւ շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը իր կարգին պէտք է ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնը:

Նախարար Կիտանեան լրատուամիջոցներէն խնդրեց ճշմարտութիւնը սփռել:

 

 

Նախորդը

Ելեւմուտքի Խորհրդարանական Յանձնախումբը Գրեթէ Աւարտած Է Պետական Ամավարկի Քննարկումը

Յաջորդը

Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց Հարիրիի

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.