Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Ռուսիոյ նախագահի յատուկ պատուիրակ Ալեքսանտր Լաւրենթիեւը` ընկերակցութեամբ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Վերշինինի եւ ռուսական դիւանագիտական պատուիրակութեան, որոնց միացաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն Լաւրենթիեւէն ստացաւ հրաւէր մը` մասնակցելու Ասթանայի խորհրդաժողովին: Ան յայտնեց, որ Լիբանան պիտի ընդառաջէ մասնակցելու այդ խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի Սուրիոյ տագնապին լուծումը:
Նախագահ Աուն նշեց, որ Ասթանայի խորհրդաժողովը կը դիւրացնէ Սուրիոյ տագնապին խաղաղ լուծում գտնելու համար ի գործ դրուող բոլոր ջանքերը` նկատել տալով, որ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը:
Այս շրջագիծին մէջ, նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ կան աւելի քան մէկուկէս միլիոն սուրիացի տեղահանուածներ, որոնց ներկայութիւնը երկրին մէջ տարբեր բնագաւառներուն վրայ ունեցած է իր հետեւանքները:
«Ասթանայի խորհրդաժողովին մասնակցութիւնը չի չէզոքացներ տեղահանուածներու տունդարձին գծով սուրիական պետութեան հետ բանակցելու Լիբանանի իրաւունքը», ընդգծեց նախագահ Աուն: Ան բարձր գնահատեց Ռուսիոյ ցուցաբերած զօրակցութիւնը` աւելցնելով, որ անիկա շինիչ եւ նպաստաւոր ազդակ մըն է Լիբանանին համար` սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը կազմակերպելու առումով:
Անդրադառնալով տեղական ներկայ իրադարձութիւններուն` նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի վայելած քաղաքական եւ ապահովական կայունութիւնը, լիբանանեան քաղաքական կեանքին վերադարձած քաղաքական-կազմակերպական աշխուժութիւնը, երկրին տնտեսական կացութիւնը բարելաւելու իմաստով կառավարութեան ճիգերը ողջունելի են:
Նախագահ Աուն դրուատեց Լիբանանի եւ Ռուսիոյ միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին` Լիբանանի նկատմամբ անոր ցուցաբերած հետաքրքրութեան եւ գուրգուրանքին համար:
Ան ողջոյնները փոխանցեց Փութինին` ընդգծելով լիբանանեան-ռուսական յարաբերութիւններն ու բոլոր մարզերուն մէջ գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը:
Իր կարգին, Լաւրենթիեւ բարձր գնահատեց օրին նախագահ Աունի Մոսկուա կատարած այցելութեան արդիւնքները` Լիբանանին մաղթելով յաւելեալ կայունութիւն եւ բարգաւաճում:
Ան ընդգծեց, որ Մոսկուա իր կարգին կը ցանկայ ամրապնդել լիբանանեան-ռուսական երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ բարձր կը գնահատէ շրջանին մէջ Լիբանանի որդեգրած չափաւորական կեցուածքները:
Լաւրենթիեւ շեշտեց, որ Ռուսիա ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ Միջին Արեւելքի կայունութեան համար` աւելցնելով, որ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը Ասթանայի խորհրդաժողովին քննարկուելիք առանցքներէն մէկը պիտի ըլլայ:
Վարչապետարանին Մէջ
Վարչապետ Սաատ Հարիրի իր կարգին ընդունեց ռուսական նախագահական պատուիրակն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:
Վարչապետարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:
Պասիլի Մօտ
Ռուսական պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Պուսթրոս պալատ, ուր ընդունուեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի կողմէ:
Հանդիպումէն ետք Լաւրենթիեւ յայտնեց, որ Պասիլի հետ համաձայնած են լիբանանեան-ռուսական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ միացեալ շահերը ամրապնդել:
Ան յայտնեց, որ քննարկած են միջինարեւելեան իրադարձութիւնները` ի մասնաւորի կեդրոնանալով Սուրիոյ տագնապին վրայ եւ ընդգծելով Սուրիոյ մէջ ապահովական կայունութիւնը վերահաստատելու անհրաժեշտութիւնը:
Պասիլ նշեց, որ Լիբանան հաստատած է, թէ պիտի մասնակցի Ասթանայի խորհրդաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ ամսուան վերջերուն:
Լաւրենթիեւ նկատել տուաւ, որ իրենք քննարկած են նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի հեռանկարները` ընդգծելով, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն այդ ուղղութեամբ առաջադրուած ռուսական նախաձեռնութիւնը ամրապնդելու եւ բոլոր կողմերուն հետ գործակցելու, ինչպէս նաեւ տեղահանուածներու տունդարձը լաւապէս կազմակերպելու:
Ան աւելցուց, որ այս իմաստով իրենք միջազգային ընտանիքէն եւս պահանջած են սուրիացի տեղահանուածները վերադարձնել իրենց երկիրը: «Պատրաստ ենք ամէն ջանք ի գործ դնելու, որ Լիբանանի հետ մեր յարաբերութիւնները աւելի եւս ամրապնդուին», ըսաւ Լաւրենթիեւ:
Ան նշեց, որ Պասիլի հետ քննարկած են նաեւ Լիբանան-Իսրայէլ սահմանագծումի թղթածրարը, սակայն չեն խորացած մանրամասնութիւններուն մէջ, որովհետեւ իրենց համար կարեւոր է, որ նման համաձայնութիւն գործադրուի` նկատի ունենալով Միջին Արեւելքի կայունութեան վրայ ունենալիք անոր դրական ազդեցութիւնը::