Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ քննարկեց քաղաքական, դիւանագիտական եւ կրթական շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ հետեւեցաւ 2019-ի պետական ամավարկի վաւերացման մանրամասնութիւններուն:
Նախագահ Աուն իր այցելուներուն հետ քննարկեց նաեւ շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները` վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ:
Նախագահ Աուն ընդունեց Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Միշել Տահերը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ պետական ամավարկին շուրջ ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի քննարկումներուն մանրամասնութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Տահեր յայտնեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի պետական ամավարկի ուսումնասիրութիւնը աւարտելու մինչեւ խորհրդարանի գումարելիք լիագումար նիստը` նկատի ունենալով զայն վաւերացնելու կարեւորութիւնը:
Տահեր յայտնեց, որ նախագահ Աունի հետ քննարկած է նաեւ երկրին տնտեսական իրավիճակն ու ելեւմտական տագնապը:
Տահեր ըսաւ, թէ հանրապետութեան նախագահին հետ արծարծած է նաեւ յոյն կաթողիկէ համայնքին իրաւունքները` պետական պաշտօնեաներու նշանակումին շրջագիծին մէջ` ընդգծելով համայնքին դէմ գործուած անիրաւութիւնը վերացնելու անհրաժեշտութիւնը:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Քարիմ Բագրատունի: Քննարկուեցան երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:
Նախագահ Աուն ընդունեց Լիբանանի մէջ Սրի Լանքայի դեսպանը, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:
Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի նախագահ Ֆատլօ Խուրին, որուն հետ քննարկեց կրթական մարզին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին ունենալիք դերակատարութիւնը` 2020-ին նշուելիք «Մեծն Լիբանանի» յայտարարութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն:



