Պըրրի Պու Սաապի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Բանակին Վերաբերող Հարցեր
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասէն: Ապպաս շնորհակալութիւն յայտնեց Պըրրիին Պաղեստինեան դատին նկատմամբ անոր ցուցաբերած զօրակցութեան համար, ինչպէս նաեւ «Դարու գործարք»-ը մերժելու անոր քաջ տեսակէտին համար: Միւս կողմէ, Պըրրի ընդունեց պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապը, որուն հետ քննարկեց երկրին ընդհանուր իրավիճակը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին վերաբերող հարցեր: Նշենք, որ Պու Սաապ, անդրադառնալով...


















