Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ. «Պաալպեք-Հերմելի Մէջ Բազմազանութիւնը Ահաբեկչութենէն Շատ Աւելի Հզօր Է»

June 24, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ շաբաթավերջին այցելեց Պաալպեք-Հերմել, ուր հաստատեց, որ այդ շրջանին մէջ բազմազանութիւնը ահաբեկչութենէն շատ աւելի հզօր է:

Ան շեշտեց, որ Հերմել եղաւ այն շրջանը, որ զգետնեց հաւատադրժողական ահաբեկչութիւնը` աւելցնելով, որ Պաալպեք-Հերմելի մէջ բազմազանութիւնը աւելի հզօր է, քան ահաբեկչութիւնը, իսկ այդ շրջանի բնակիչները ամէն գնով կռուեցան Լիբանանի համար եւ պաշտպանեցին զայն:

Իր խօսքը ուղղելով անոնց, որոնք զինք համայնքային խտրականութիւն քարոզելու յանցանքով ամբաստանած էին, Պասիլ ըսաւ. «Ո՛վ որ չի կրնար հանդուրժել, որ այս երկիրը բազմազանութեամբ պիտի ապրի ու գոյատեւէ, եւ թէ պիտի պաշտպանենք քրիստոնեաներուն իրաւունքը, թող չհանդուրժէ»:

Պասիլ նշեց, որ դիւրին չէ, որ Լիբանանը իբրեւ շրջանի ամէնէն փոքր երկիրը, ահաբեկչութեան եւ Իսրայէլի  դէմ յաղթանակ արձանագրէ: «Լիբանան ինքզինք կը պաշտպանէ իր բազմազանութեամբ եւ ուրիշը ընդունելու սրտբացութեամբ, հետեւաբար անկարելի է զայն ահաբեկչութեան կողմէ խոցելի դարձնել», ըսաւ Պասիլ:

Ան նշեց, որ շրջանին մէջ Դիմադրութիւնը յաղթանակ արձանագրած է` աւելցնելով, որ ներկայիս կարիքը կայ տնտեսական Դիմադրութեան:

Ռաս Պաալպեքի մէջ Պասիլ բացումը կատարեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կեդրոնին, ուր հաստատեց, որ ոչ ոք պէտք է բանակին նկատմամբ իրենց տածած սէրը փորձի ենթարկէ: Ան հաստատեց, որ իրենք կը զօրակցին բանակի հրամանատարութեան` անոր կատարած բարեկարգումներուն առումով:

Պաշիր Խտըրի Մօտ

Պասիլ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Պաալպեք-Հերմելի նահանգապետ Պաշիր Խտըրի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Պաալպեք-Հերմելի իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանին դիմագրաւած մարտահրաւէրները:

Հանդիպումին ընթացքին Խտըր Պասիլին յանձնեց Սայիտաթ Պաշուաթի լուսանկարը կրող յուշանուէր մը:

 

 

Նախորդը

Ֆըրզլի. «Ոչինչ Կ՛արգիլէ Նախագահ Աունի Սուրիա Այցելութիւնը»

Յաջորդը

Ռայի Պատրիարքը Նախագահեց Հայրերու Տօնին Նուիրուած Ս. Պատարագին

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.