ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ նախագահական համաձայնութենէն վնասուողներն ու զայն ձախողութեան մատնել փափաքողները յուսալքուած են եւ այդ պատճառով ալ անոնք կորսնցուցած են իրենց զսպուածութիւնը:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Սելիմ Ժրայսաթի Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարիի հետ քննարկեց «Դարու գործարք»-ն ու Մանամայի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդաժողովին վերաբերող հարցերը:
ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր հաստատեց, որ սուրիական վարչակարգին մօտ յստակ որոշում չկայ` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին վերաբերող:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ երկրին ելեւմտական վիճակին մասին տեղեկագիր մը պատրաստելու նպատակով Լիբանան հասած է միջազգային պատուիրակութիւն մը:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըս շեշտեց, որ Պաղեստինը վաճառքի երկիր չէ, իսկ Պաղեստինի մայրաքաղաք Երուսաղէմը սակարկութեան նիւթի չի կրնար վերածուիլ:
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու եւ տեղեկատուութեան խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ խիստ մերժելի է երկրին տեղեկատուութեան մարզին իրավիճակը այսպէս պահել:
ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ իրաւունքներու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Միշել Մուսա յայտնեց, որ Պաղեստինեան դատին մասին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի յայտարարութիւնները ապտակ էին բոլոր դաւադիրներուն ուղղուած:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ հաստատեց, որ այն պլոքը, որուն ինք կը պատկանի, խստիւ կը մերժէ համեստ դասակարգին վրայ տուրքերու պարտադրումը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մուսթաֆա Հիւսէյն կոչ ուղղեց մերժելու Պաղեստինի դէմ բոլոր դաւադրութիւնները:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, որ Հըզպալլա կը մերժէ բոլոր այն տուրքերը, որոնք համեստ դասակարգին վրայ կը պարտադրուին, ինչպէս նաեւ կը մերժէ աշխատավարձերու յաւելումներուն դպչիլ:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտկար Թրապուլսի անհրաժեշտ նկատեց վերջ տալ Լիբանանեան համալսարանի դասադուլին` ընդգծելով, որ եթէ դասադուլը անմիջապէս կարելի չըլլայ կասեցնել, ապա ո՛չ համալսարան պիտի մնայ եւ ո՛չ ալ կրթութիւն:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Թալալ Մերեհպի շեշտեց, որ Լիբանան զգայուն պայմաններ կը դիմագրաւէ` աւելցնելով, որ երկրին մէջ ընթացող բանավէճը իր ժխտական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ երկրին ազգային կեանքին վրայ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Լիբանանի նախագահական ընտրութեան յաջորդ թեկնածուն է, որ պիտի վայելէ Ուաշինկթընի եւ Ռիատի զօրակցութիւնը: