Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Հարիրիի Եւ Ժոմպլաթի Միջեւ Սուր Բանավէճ` Թուիթըրեան Գրառումներու Ընդմէջէն

Յունիս 24, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հակառակ անոր որ ելեւմտական եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբը բազմապատկած է իր աշխատանքները եւ խորհրդարանը կը պատրաստուի օրէնսդրական նիստի մը, որ պիտի սկսի չորեքշաբթի, 26 յունիս 2019-ին, սակայն երկրին քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ քաղաքական տարակարծութիւնները կը յամենան եւ մերթ ընդ մերթ կը դրսեւորուին:

Այդ տարակարծութիւններուն շարքին էր երէկ գրեթէ ամբողջ օրուան ընթացքին տեւած սուր բանավէճը, որ թուիթըրեան գրառումներու ընդմէջէն դրսեւորուեցաւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի միջեւ:

Վարչապետ Սաատ Հարիրի թուիթըրեան իր գրառումներուն մէջ, անդրադառնալով Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան պատասխանատուներուն կողմէ գրուած յայտարարութիւններուն, անոնց պատասխանեց հետեւեալ ձեւով. «Ընկերվար յառաջդիմականը կը խօսի հաւատարմութեան մասին. օրուան զաւեշտը»:

Վարչապետ Հարիրի այլ գրառումով մը զգուշացուց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան պատասխանատուները կրակին վրայ ձէթ թափելէ` նշելով, որ ատիկա իր վրայ մեծ ազդեցութիւն մը չի գործեր:

Հարիրի Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան պատասխանատուներուն ուղղեց նաեւ այս գրառումը. «Չէք գիտեր, թէ ի՞նչ կ՛ուզէք: Երբ իմանաք, զիս տեղեակ պահեցէ՛ք»:

Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց իր հետեւորդներուն եւ համակիրներուն ուղղակի բանավէճեր չունենալու Մուսթաքպալ հոսանքի հետեւորդներուն հետ:

Ան կոչ ուղղեց անոնց փոխադարձ նախատինքներու ծուղակին մէջ չիյնալու:

Իր կարգին, ճարտարարուեստի նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուլ յայտնեց, որ Ժոմպլաթ հաւասարակշռութիւնը պահող ազդակը ըլլալու բարդոյթէն չի տառապիր եւ չի փափաքիր իր քաղաքական կեցուածքն ու կողմնորոշումը փոփոխութեան ենթարկել: Ան նշեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին հետ տարակարծութիւնները զարմանալի չեն` աւելցնելով, որ պետական նշանակումներուն գծով ոչ ոք կրնայ Ուալիտ Ժոմպլաթը շրջանցել:

Ան հաստատեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան միջեւ յարաբերութիւնները լաւ վիճակի մէջ չեն գտնուիր` նշելով, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնն ու Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքը ընդդիմադիր կը նկատուին երկրին մէջ այսպէս կոչուած քաղաքական համաձայնութեան:

Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Ժոմպլաթ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտ գործուղած է նախկին նախարար Մարուան Համատէն` ընդգծելով, որ Ժոմպլաթ եւ Պըրրի համաձայն են:

Նախարար Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ վարչապետին եւ Ժոմպլաթի միջեւ հարցին պատճառը նշանակումները չեն:

Նշենք, որ աւելի ուշ Պըրրիի միջնորդութեամբ կարելի եղաւ խաղաղեցնել մթնոլորտը եւ բանավէճին վերջ դնել:

 

 

Նախորդը

Նախարար Կիտանեան Հանրապետութեան Նախագահի Ներկայացուցիչ` Տըպպայէի Մէջ Տեղի Ունեցած Երգի Միջազգային Փառատօնին

Յաջորդը

Պըրրի. «Լիբանանն Ու Լիբանանցիները Սուտ Վկաներ Կամ 30 Արծաթ Դրամով Պաղեստինը Վաճառելու Գործընկերներ Չեն Կրնար Ըլլալ»

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?