Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Լիբանանն Ու Լիբանանցիները Սուտ Վկաներ Կամ 30 Արծաթ Դրամով Պաղեստինը Վաճառելու Գործընկերներ Չեն Կրնար Ըլլալ»

June 24, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ պատասխանեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի փեսային` Ժարետ Քուշների կողմէ «Դարու գործարք»-ին առաջին փուլին մասին կատարած յայտարարութեան:

Պըրրի իր յայտարարութիւնը սկսաւ հետեւեալ կերպով. «Սպասելով լիբանանեան պաշտօնական եւ միացեալ կեցուածքի մը` «Դարու գործարք»-ի կնքահայր Քուշների յայտարարութեան մասին, որ կը ներառէ 50 միլիառ տոլարի ներդրումներ կատարել արաբական երկիրներու մէջ, որոնց շարքին` նաեւ Լիբանանի, եւ որպէսզի լիբանանեան պաշտօնական լռութիւնը ոմանց կողմէ չմեկնաբանուի իբրեւ հաւանութիւն` ներկայացուած թոյներուն, մենք կը հաստատենք, որ միակ ներդրումը, որ Լիբանանի մէջ ենթահող պիտի չգտնէ, այն ներդրումն է, որ Պաղեստինի եւ պաղեստինցիներուն իրաւունքներուն հաշուոյն կատարուելիք ներդրումն է, որ կը միտի պաղեստինցի ժողովուրդի տունդարձի իրաւունքը խլել եւ մայրաքաղաք Երուսաղէմով Պաղեստին մը կերտելու երազը սպաննել», ըսաւ Պըրրի:

Խորհրդարանի նախագահը հաստատեց, որ կը սխալի ո՛վ որ միլիառաւոր տոլարներու նշոյլներով կը փորձէ խաբել Լիբանանը, որ տնտեսական տագնապի մը տակ կը տնքայ: «Սակայն Լիբանան իր սկզբունքները չի կրնար ուրանալ, եւ կը շեշտէ, որ ամէն իմաստով պիտի մերժէ պաղեստինցի գաղթականներուն բնակեցումը: Պաղեստինցի եւ արաբ մեր բոլոր եղբայրներուն հետ պիտի մերժենք այդ առաջարկը եւ անոր դէմ պայքարինք արդար դիմադրութեան առկայ բոլոր ձեւերով», շեշտեց Պըրրի:

Ան ցաւ յայտնեց, որ արաբ ժողովուրդին ամէնէն արդար դատը` Պաղեստինեան դատը դարձեալ զգետնուելու փորձի դէմ յանդիման կը գտնուի, այս անգամ սակայն դրամի ուժով:

«Պարո՛ն Քուշներ, Լիբանանն ու լիբանանցիները սուտ վկաներ կամ 30 արծաթ դրամով Պաղեստինը վաճառելու գործընկերներ չեն կրնար ըլլալ», ընդգծեց Պըրրի:

Նախորդը

Վարչապետ Հարիրիի Եւ Ժոմպլաթի Միջեւ Սուր Բանավէճ` Թուիթըրեան Գրառումներու Ընդմէջէն

Յաջորդը

Տօնոյեանն Ու Սինանեանը Քննարկած Են Անվտանգութեան Մարզին Մէջ Հայութեան Ջանքերու Համախմբման Նախագիծեր

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.