Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «Թող ՄԱԿ-ը Իր Օժանդակութիւնները Տրամադրէ Սուրիա Վերադարձած Տեղահանուածներուն»

Յունիս 25, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Սուրիոյ իրավիճակը ուսումնասիրող ամերիկացի քոնկրեսականներու մէկ պատուիրակութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող հարցերը` ընդգծելով, որ կարելի չէ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման սպասել, յատկապէս նկատի ունենալով Լիբանանի կացութեան վրայ սուրիացի տեղահանուածներուն ունեցած հետեւանքները:

«Լիբանան, որ Սուրիոյ պատերազմին ընթացքին սուրիացի տեղահանուածներուն տրամադրած է մարդասիրական եւ գումակային բոլոր դիւրութիւնները, այսօր կը տեսնէ, թէ սուրիական բոլոր շրջանները, բացի Իտլիպի նահանգէն եւ անոր շրջակայքէն, արդէն իսկ ազատագրուած են եւ կայուն վիճակի մէջ կը գտնուին: Այս իրավիճակը կը դիւրացնէ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը: Հետեւաբար, թող ՄԱԿ-ը իր օժանդակութիւնները տրամադրէ Սուրիա վերադարձած տեղահանուածներուն` քաջալերելու համար նաեւ մնացեալին տունդարձը դէպի Սուրիա եւ իրենց հայրենիքի վերաշինութիւնը», հաստատեց նախագահ Աուն:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին եւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ գործակցութեան` երաշխաւորելու համար հարաւային Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներուն` լիբանանեան բանակին տրամադրուած մարզումներուն եւ զինումին համար, շեշտելով, որ այդ բոլորը օգտակար հանդիսացած են լիբանանեան-սուրիական սահմանները ահաբեկիչներէն պաշտպանելու համար:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Եաագուպ Սարրաֆ, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց Լիբանանի ու շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-սուրիական սահմաններուն վերաբերող հարցեր:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա:

Նախորդը

Պըրրի Ժրայսաթիի Հետ Քննարկեց Պետական Նշանակումներուն Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Ամերիկեան Կրօնական Յանձնախումբը Թուրքիոյ Կոչ Ուղղած Է` Չմիջամտելու Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի Ներքին Գործերուն

RelatedPosts

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ  Լայնածաւալ Ռազմափորձեր
Լիբանանեան

Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ Լայնածաւալ Ռազմափորձեր

Հոկտեմբեր 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?