Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէուտական Պետական Խորհուրդի Պատուիրակութիւնը Շարունակեց Իր Այցելութիւնները

Յունիս 22, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտօնական այցելութեամբ Լիբանան ժամանած Սէուտական պետական խորհուրդի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ խորհուրդի անդամ Սալեհ պըն Մանիհ Խըլեաուիի, երէկ շարունակեց իր այցելութիւնները:

Պատուիրակութեան ընկերակցեցան Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ խորհրդարանական բարեկամական յանձնախումբի նախագահ, նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամ եւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի:

Սէուտական պատուիրակութիւնը այցելեց Պքերքէ, ուր ընդունուեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ:

Ռայի պատրիարքը ողջունեց պատուիրակութիւնը եւ բարձր գնահատեց լիբանանեան-սէուտական բարեկամական յարաբերութիւնները: Ան դրուատեց Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւններուն կողմէ սէուտցի քաղաքացիներուն Լիբանան այցելութիւնը արգիլող որոշումին բեկանումը` ընդգծելով, որ պատմական յարաբերութիւններ ունեցող երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները փիւնիկի նման անմահ է:

Իր կարգին, Խըլեաուի ընդգծեց երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ փոխադարձ գործակցութիւնը աշխուժացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Ան նախատեսեց, որ սէուտցի զբօսաշրջիկներուն Լիբանան վերադարձը մօտալուտ կ՛ըլլայ` նկատի ունենալով երկրին մէջ տիրող ապահովական կայունութիւնը:

Սէուտական պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանի, որ ողջունեց սէուտական իշխանութիւններուն հիւրընկալումը` Սէուտական Արաբիոյ մէջ բնակող արտերկրի լիբանանցիներուն,  ընդգծելով, որ լիբանանցիները Սէուտական Արաբիան կը նկատեն իրենց երկրորդ հայրենիքը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան արաբական աշխարհը հետաքրքրող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

Շէյխ Քապալան դրուատեց լիբանանեան-սէուտական երկկողմանի յարաբերութիւնները` շեշտելով, որ անոնք կը նպաստեն Լիբանանի կայունութեան:

Սէուտական պետական խորհուրդը շէյխ Քապալանին յանձնեց յուշանուէր մը:

Սէուտական պետական խորհուրդի պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանի:

Հանդիպումին ընթացքին շէյխ Հասան դրուատեց Սէուտական Արաբիոյ կողմէ Լիբանանի եւ անոր ազգային միասնականութեան նկատմամբ ցուցաբերուած մնայուն զօրակցութիւնը:

Ան ողջունեց Սէուտական Արաբիան նաեւ անոր համար, որ ան մնայուն կերպով նեցուկ կը կանգնի Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու:

Ան բարձր գնահատեց նաեւ դեսպան Պուխարիի ջանքերը` քաղաքական, հոգեւոր թէ ընկերային մակարդակներու վրայ երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւելու նպատակով:

 

 

Նախորդը

Նախարար Կիտանեան Յայտարարեց Սայտայի Զբօսաշրջական Փառատօնին Մեկնարկը

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Իր Այցելուներուն Հետ Քննարկեց Քաղաքական Եւ Դիւանագիտական Հարցեր

RelatedPosts

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի  Սահմանին Վրայ Կը Շրջի.   Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի Սահմանին Վրայ Կը Շրջի. Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Ինծի Լիբանանցիներուն Միջեւ Միասնականութիւն Տուր, Եւ Քեզի Իսրայէլի Դէմ Հաստատ Յաղթանակ Կու Տամ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ
Լիբանանեան

Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?