Լիբանանեան

Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդը Քննեց Քապըր Շմունի Իրադարձութիւնները Եւ Որոշեց Շրջանին Մէջ Ապահովական Կայունութիւնը Վերահաստատել

Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդը Քննեց Քապըր Շմունի Իրադարձութիւնները Եւ Որոշեց Շրջանին Մէջ Ապահովական Կայունութիւնը Վերահաստատել

Քապըր Շմունի մէջ կիրակի երեկոյեան արձանագրուած զինեալ բախումներուն հետեւանքները շարունակուեցան երէկ մերթ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին, մերթ քաղաքական անձնաւորութիւններուն կատարած յայտարարութիւններուն եւ գետնի վրայ բացուած հետաքննութիւններուն ընդմէջէն: Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդը Որոշեց Ապահովական Կայունութիւնը Անյապաղ Ալէյին Վերադարձնել Եւ Յանցագործները Ձերբակալել   Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ առաջ Պաապտայի մէջ նախագահեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան վարչապետ Սաատ Հարիրի,...

Վարչապետ Հարիրի Ընդունեց Ապու Ֆաուրը

Վարչապետ Հարիրի Ընդունեց Ապու Ֆաուրը

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ճարտարարուեստի նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ վարչապետի խորհրդատու, նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրի: Հանդիպումին մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ չհաղորդուեցան: Վարչապետ Հարիրի նախագահեց նաեւ ցամաքային փոխադրութեան թղթածրարին վերաբերող նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան ներքին գործոց նախարար Ռայա Հասան, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս, երեսփոխան Նազիհ...

Միւֆթի Տըրիան Քուպիչի Հետ Քննարկեց Ընկերային Եւ Տնտեսական Բարեկարգումներ Իրագործելու Անհրաժեշտութիւնը

Միւֆթի Տըրիան Քուպիչի Հետ Քննարկեց Ընկերային Եւ Տնտեսական Բարեկարգումներ Իրագործելու Անհրաժեշտութիւնը

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քուպիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Քուպիչ յայտնեց, որ հանդիպումը եղած է օգտակար եւ հարուստ` աւելցնելով, որ ընդգծուած է փոխադարձ խորհրդակցութիւնները շարունակելու կարեւորութիւնը: Ան ընդգծեց սահմանադրութեան վերադառնալու եւ համաձայնութիւններուն, յատկապէս Թաէֆի համաձայնագիրին կառչած մնալու կարեւորութիւնը: Ան յոյս յայտնեց, որ...

Յուլիսի Առաջին Շաբաթը Կրնայ  Վերածուիլ Նուաճումներու Շաբթուան

Փարլիի Լիբանան Կատարած Պաշտօնական Այցելութեան Ժամանակացոյցը

Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Ֆլորանս Փարլի երէկ երեկոյեան հասաւ Պէյրութ: Եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Լիբանան հասած պաշտպանութեան նախարարը այսօր առաւօտեան ժամը 9:30-ին հանդիպում մը պիտի ունենայ  հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ: Ժամ մը ետք` 10:30-ին, Փարլի հանդիպում պիտի ունենայ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ: Ապա 11:30-ին` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Կէսօրուան ժամը 12:30-ին Փարլի պիտի հանդիպի  պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապին...

Ֆընիանոս Ժեմայէլի Հետ Քննարկեց Մեթնի Բարգաւաճման Վերաբերող Հարցեր

Ֆընիանոս Ժեմայէլի Հետ Քննարկեց Մեթնի Բարգաւաճման Վերաբերող Հարցեր

Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս երէկ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը` ընկերակցութեամբ երեսփոխան Էլիաս Հանքաշի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան, շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները, յատկապէս լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը: Ժեմայէլ եւ Հանքաշ Ֆընիանոսի հետ քննարկեցին նաեւ Մեթնի բարգաւաճման ծրագիրներ, յատկապէս ճամբաներու նորոգութեան եւ կառուցման վերաբերեալ:

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ քահանաներուն պարտականութիւնն է քաղաքական կամ կուսակցական կողմնակալութիւն չունենալ: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն պատրաստ է Սուրիոյ հետ յարաբերութիւնները իրենց բնականոն եւ ջերմ իրավիճակին վերադարձնելու: ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ հաստատեց, որ ծառայութեան նախարարութիւններու պիւտճէները կ՛ընդգծեն, թէ Լիբանանի մէջ կարելի չէ հաւասարակշռուած բարգաւաճում իրականացնել: ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի...

Լեռնալիբանանի Մէջ Ներքաղաքական  Լարուածութիւնը  Վերածուեցաւ Զինեալ Բախումի

Լեռնալիբանանի Մէջ Ներքաղաքական Լարուածութիւնը Վերածուեցաւ Զինեալ Բախումի

Նախարար Սալեհ Ղարիպի Շքախումբին Վրայ Կրակոցը Պատճառ Դարձաւ Երկու Թիկնապահներու Սպանութեան Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի կողմէ իւրաքանչիւր շաբաթավերջի լիբանանեան տարբեր շրջաններ այցելութեան աւանդութիւնը երէկ երեկոյեան վերածուեցաւ ողբերգութեան, երբ  Քֆարմաթթայի բնակիչներն ու Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան համակիրները մերժեցին իրենց շրջանները անոր կատարելիք այցելութիւնը եւ ճամբաները փակեցին անոր դիմաց: Այս հարցը լուծուեցաւ, երբ բանակն ու կրթութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ...

Յուլիսի Առաջին Շաբաթը Կրնայ  Վերածուիլ Նուաճումներու Շաբթուան

Յուլիսի Առաջին Շաբաթը Կրնայ Վերածուիլ Նուաճումներու Շաբթուան

Յուլիս ամսուան առաջին շաբաթը Լիբանանի համար պիտի դառնայ բեղուն շաբաթ մը, որուն ընթացքին կը նախատեսուի արձանագրել շարք մը նուաճումներ: Այսօր Լիբանան կը հասնի Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Ֆլորանս Փարլին, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Սաատ Հարիրիի, պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապի եւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ պիտի քննարկէ լիբանանեան բանակին կարիքները, յատկապէս...

«Դասադուլը Վերածուեցաւ Հանրային  Կարծիքի Դատի, Եւ Պիտի Վերադառնանք  Այդ Միջոցին, Եթէ Խոստումները Մերժուին»   Շեշտեց Եուսեֆ Տահեր

«Դասադուլը Վերածուեցաւ Հանրային Կարծիքի Դատի, Եւ Պիտի Վերադառնանք Այդ Միջոցին, Եթէ Խոստումները Մերժուին» Շեշտեց Եուսեֆ Տահեր

Լիբանանեան համալսարանի դասախօսներու լիկայի նախագահ Եուսեֆ Տահեր երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին  յայտնեց, որ իրենք վատ պայմաններ կը դիմագրաւեն` աւելցնելով, որ իրենց մղած պայքարը շատ խիստ է: Ան հաստատեց, որ 2011-ին իրենց յաւելումները ստացած են նման դասադուլ մը կատարելով` աւելցնելով, որ իրենց ոչ մէկ իրաւունք կը հրամցուի արծաթեայ սպասներով, այլ` իրենք կը պայքարին իրենց իրաւունքները ձեռք ձգելու համար: Տահեր նշեց, որ...

Զիատ Հաուաթ Պուխարիի Հետ Քննարկեց  Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Զիատ Հաուաթ Պուխարիի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Հզօր հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Զիատ Հաուաթ երէկ Ժիպէյլի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-սէուտական յարաբերութիւններն ու զանոնք բոլոր մակարդակներուն վրայ ամրապնդելու հեռանկարները: Իր խօսքին մէջ Հաուաթ ողջունեց Պուխարին` բարձր գնահատելով Լիբանանի հանդէպ սէուտական մնայուն զօրակցութիւնն ու օժանդակութիւնները: Ան յոյս յայտնեց, որ Լիբանան եկող սէուտցի զբօսաշրջիկները կ՛այցելեն Ժիպէյլ` աւելցնելով, որ իսկական մաղթանքը այն է,...

Ռայի Պատրիարքը Բացումը Կատարեց Ղըրֆին  Գիւղաքաղաքի Մար Ըսթֆեն Եկեղեցւոյ

Ռայի Պատրիարքը Բացումը Կատարեց Ղըրֆին Գիւղաքաղաքի Մար Ըսթֆեն Եկեղեցւոյ

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Ժիպէյլի Ղըրֆին գիւղաքաղաքին մէջ բացումը կատարեց Մար Ըսթֆեն եկեղեցւոյ` ներկայութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիայի, մեծ թիւով երեսփոխաններու եւ մարոնի համայնքի Ժիպէյլի առաջնորդ Միշել Աուն եպիսկոպոսին: Այս առիթով Ռայի պատրիարքը նախագահեց մատուցուած Ս. պատարագին, որուն ընթացքին հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներուն բնակեցումը խստիւ մերժելի է, նոյնիսկ եթէ ան...

Նախագահ Աուն ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերու  Հրամանատարին Հետ Քննարկեց Հարաւային  Լիբանանի Իրադարձութիւնները

Նախագահ Աուն ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերու Հրամանատարին Հետ Քննարկեց Հարաւային Լիբանանի Իրադարձութիւնները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլը, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի եւ սահմանագիծին վերաբերող իրադարձութիւններ: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանան պաշտօնապէս պիտի դիմէ ՄԱԿ-ին` խնդրելով, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն պաշտօնավարութիւնը մէկ տարիով երկարաձգէ` Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին համաձայն, առանց որեւէ...

Վարչապետ Հարիրի Պալհաժի Հետ Քննարկեց  Լիբանանի Տնտեսական Իրավիճակը  Եւ Որդեգրուելիք Բարեկարգումները

Վարչապետ Հարիրի Պալհաժի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Տնտեսական Իրավիճակը Եւ Որդեգրուելիք Բարեկարգումները

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Միջազգային դրամատան Միջին Արեւելքի շրջանի փոխնախագահ Ֆարիտ Պալհաժը` ընկերակցութեամբ Միջազգային դրամատան շրջանային բաժանմունքի տնօրէն Սարոժ Քումարճահի: Հանդիպումէն ետք Պալհաժ յայտնեց, որ Լիբանան ճիշդ ուղիին վրայ կը գտնուի` աւելցնելով սակայն, որ ելեկտրականութեան եւ պետական ամավարկի վերաբերեալ տակաւին կան կարգ մը բարեկարգումներ, որոնք պէտք է անպայման որդեգրուին: Պալհաժ շեշտեց, որ Լիբանան պէտք է բարեկարգումներու ծրագիրները...

Արդեօք Սաթըրֆիլտ Երեքշաբթի  Օր Պիտի Վերադառնա՞յ Պէյրութ

Արդեօք Սաթըրֆիլտ Երեքշաբթի Օր Պիտի Վերադառնա՞յ Պէյրութ

«Ժումհուրիա» օրաթերթին համաձայն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերով օգնական եւ Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի բանակցութիւններու բանագնաց Տէյվիտ Սաթըրֆիլտ երեքշաբթի, 2 յուլիս 2019-ին պիտի վերադառնայ Պէյրութ: Կը նախատեսուի, որ Սաթըրֆիլտ հանդիպում մը ունենայ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ եւ Լիբանանի իշխանութեան պետերուն փոխանցէ սահմանագծումին մասին իսրայէլեան իշխանութիւններուն պատասխանը, որուն լոյսին տակ լիբանանեան պետութիւնը պիտի որոշէ Նաքուրայի մէջ մեկնարկը կատարել...

Ֆատի Ժրայսաթի. «Պուրճ Համուտի Գարշահոտին  Պատճառը Թափօններու Թաղման Վայրը Չէ»

Ֆատի Ժրայսաթի. «Պուրճ Համուտի Գարշահոտին Պատճառը Թափօններու Թաղման Վայրը Չէ»

Կենսոլորտի նախարար Ֆատի Ժրայսաթի երէկ յայտնեց, որ նախարարութիւնը ներկայացուցած է աղբահանութեան ծրագիր մը, որ երեք փուլերէ կը բաղկանայ: Ան նշեց, որ ծովուն մէջ, գետնի վրայ եւ ըմպելի ջուրերուն մէջ հարց կայ, որ հետեւանք է 50 տարուան կուտակումին, իսկ այսօր մենք անկարող ենք յապաղումը շարունակել: Ֆատի Ժրայսաթի յայտնեց, որ պէտք է աղբահանումի ծրագիրին սկսիլ բնակարաններուն մէջ աղբը տեսակաւորելով: Ան հաստատեց, որ...

Պրէօվէի Պետական Քննութիւն.  15-ամեայ Ապպաս Եազպեք Կը Փորձէ  Իր Կեանքին Վերջ Մը Դնել

Պրէօվէի Պետական Քննութիւն. 15-ամեայ Ապպաս Եազպեք Կը Փորձէ Իր Կեանքին Վերջ Մը Դնել

Պրէօվէի պետական քննութիւններու արդիւնքներուն յայտարարութեան լոյսին տակ, 15-ամեայ աշակերտ Ապպաս Եազպեք, երէկ առաւօտեան Պաալպեքի մէջ փորձեց ատրճանակով անձնասպանութիւն գործել` պետական քննութեան իր ձախողութեան պատճառով: Առաւօտեան կանուխ ժամերէն արդէն իսկ յայտարարուեցաւ, որ Եազպեք անձնասպանութիւն գործած է, սակայն աւելի ուշ անոր ընտանիքը ստիպուեցաւ հրապարակել հաղորդագրութիւն մը` հաստատելու համար, որ իր զաւակը տակաւին չէ մահացած, այլ` փոխադրուած է «Տար Ամալ» հիւանդանոց, ուր ենթարկուած...

Հասան Պաալպեք-Հերմելի Երեսփոխանական  Համախմբումին Հետ Քննարկեց Շրջանին Կարիքները

Հասան Պաալպեք-Հերմելի Երեսփոխանական Համախմբումին Հետ Քննարկեց Շրջանին Կարիքները

Ներքին գործոց նախարար Ռայա Հասան երէկ ներքին գործոց նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Պաալպեք-Հերմելի երեսփոխանական համախմբումը` գլխաւորութեամբ երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասանի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանին կարիքները, ինչպէս նաեւ շարք մը վարչական եւ բարգաւաճման հարցեր: Հանդիպումէն ետք Հաժ Հասան յայտնեց, որ իրենց պահանջները ներկայացուցած են նախարար Հասանին, ինչպէս նաեւ քննարկած են քարահանքերուն վերաբերող խնդիրները: Հաժ Հասան յոյս յայտնեց, որ իրենց ներկայացուցած պահանջներուն...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ երեքշաբթի, 2 յուլիս 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, վարչապետարանին մէջ պիտի գումարէ իր նիստը, որուն ընթացքին պիտի քննարկէ կառավարութեան նախկին նիստի օրակարգէն մնացած հարցեր, ինչպէս նաեւ այլ խնդիրներ: ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ խորհուրդը մերժեց ընդունիլ Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Տիմա Ժամալիի կողմէ յարուցուած դատը: ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Էլիաս Պու Սաապ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց ամերիկեան զինուորական պատուիրակութիւն մը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու...

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Իր Քննարկած  Օրակարգին Կէտերը Եւ Մերժեց «Դարու Գործարք»-ն Ու  Պաղեստինցիներուն Բնակեցումը

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Իր Քննարկած Օրակարգին Կէտերը Եւ Մերժեց «Դարու Գործարք»-ն Ու Պաղեստինցիներուն Բնակեցումը

Կառավարութիւնը երէկ վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Նախարարաց խորհուրդը պետական պաշտօնեաներու նշանակումներ չկատարեց: Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարարի գործակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ նիստին ընթացքին վարչապետ Հարիրի շեշտած է, թէ Լիբանան կը մերժէ «Դարու գործարք»-ն ու Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներուն բնակեցումը: Ան նշեց, որ վարչապետ Հարիրի նախարարաց խորհուրդը պիտի հրաւիրէ իրերայաջորդ նիստերու, որոնց ընթացքին պիտի...

Նախագահ Աուն. «Կարելի Չէ Օրինազանցներուն  Նկատմամբ Թոյլ Վերաբերում Ցուցաբերել»

Նախագահ Աուն. «Կարելի Չէ Օրինազանցներուն Նկատմամբ Թոյլ Վերաբերում Ցուցաբերել»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Ազգային միասնականութեան հարթակի մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ Խալետ Տաուքի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները: Նախագահ Աուն յայտնեց, որ փտածութեան դէմ պայքարը եղանակային աշխատանք մը չէ, այլ` մնայուն առաքելութիւն, որուն կը մասնակցին պետական հաստատութիւններն ու քաղաքացիները, որոնք ենթադրաբար պէտք է զօրակցին քննչական խորհուրդներուն` դառնալով իրենց հայրենիքին ու պետական հաստատութիւններուն բարօրութեան հսկող աչքերը:...

Page 549 of 988 1 … 548 549 550 … 988

Արխիւներ