ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ երեքշաբթի, 2 յուլիս 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, վարչապետարանին մէջ պիտի գումարէ իր նիստը, որուն ընթացքին պիտի քննարկէ կառավարութեան նախկին նիստի օրակարգէն մնացած հարցեր, ինչպէս նաեւ այլ խնդիրներ:
ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ խորհուրդը մերժեց ընդունիլ Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Տիմա Ժամալիի կողմէ յարուցուած դատը:
ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Էլիաս Պու Սաապ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց ամերիկեան զինուորական պատուիրակութիւն մը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան բանակին կարիքները, ինչպէս նաեւ Ուաշինկթընի կողմէ լիբանանեան բանակի, յատկապէս սահմանապահ ուժերու զինումը շարունակելու կարեւորութիւնը:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Մանսուր Պթէյշ երէկ յայտնեց, որ «Մուտիզ» միջազգային ընկերութեան տեղեկագիրը չափազանցուած է, եւ Լիբանան կարողութիւն ունի իր նիւթական պարտաւորութիւնները կատարելու: Միւս կողմէ, Պթէյշ նամակ մը յղեց հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոսին, որուն հարց տուաւ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ կատարուող օրինազանցութիւններուն մասին:
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Մոհամետ Շքէյր հաստատեց, որ ինք անձամբ գոհունակ կը զգայ 2019-ի պետական ամավարկին մասին` աւելցնելով, որ այդ մասին ինք ունի որոշ դիտողութիւններ:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ժամիլ Ժապաք երէկ յայտարարեց, որ երկարատեւ հիւանդութիւններու յատուկ դեղորայքին սակերը 44-79 առ հարիւր համեմատութեամբ նուազում պիտի արձանագրեն:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յոյս յայտնեց, որ ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբը յառաջիկայ շաբաթասկիզբին աւարտէ 2019-ի պետական ամավարկի վաւերացումը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար հաստատեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը մնայուն կերպով Մուսթաքպալ հոսանքին դաշնակիցը եղած է եւ կը մնայ այդպէս:
ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Ուսամա Սաատ հաստատեց, որ հանրային հաստատութիւններուն նկատմամբ կառավարութեան որդեգրած քաղաքականութիւնները սխալ են եւ կը միտին զանոնք տկարացնել:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց գաղթականներու հարցերու նախարար Սալեհ Ղարիպը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող հարցերն ու իրադարձութիւնները:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հաստատեց, որ հանգստեան կոչուած բանակայիններուն շարժումը իրաւունքի ճիչ մըն է, որ կ՛արձակուի, հակառակ անոր որ իրենք վերապահ են այդ բողոքը արտայայտելու իմաստով անոնց որդեգրած միջոցներէն:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Թարեք Մըթրի յայտնեց, որ Լիբանան կարիքը ունի այնպիսի բարեկարգումներու, որոնցմէ ոչ մէկը նշուած է պետական ամավարկին մէջ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ յատուկ Միջազգային դատական ատեանի պաշտպան փաստաբաններու գրասենեակի նախագահ Տորոթիէ լը Ֆրապիեր տը Էլեն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ արդարութեան նախարար Ալպեր Սարհանի, հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Սելիմ Ժրայսաթիի, ներքին գործոց նախարար Ռայա Հասանի եւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Մոհամետ Շքէյրի հետ:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ հաստատեց, որ Իտլիպը պիտի վերադարձուի Սուրիոյ, իսկ այս իմաստով Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի որոշումը յստակ է, եւ այդ որոշումին համաձայն, սուրիական հողերը բոլորը պիտի վերադարձուին սուրիական պետութեան գերիշխանութեան:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէ ընդգծեց, որ լիբանանեան-ֆրանսական երկկողմանի գործակցութիւնը պիտի զարգանայ եւ պիտի բովանդակէ մեծ թիւով մարզեր:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Քանատայի դեսպան Էմանուէլ Լամուրօ Քանատայի Ազգային տօնին առիթով կազմակերպուած հանդիսութեան մը ընթացքին հաստատեց, որ Քանատա կը փափաքի, որ Լիբանանն ու լիբանանցիները յառաջդիմեն եւ երկիրը պահպանէ խաղաղութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը:
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ վերլուծաբան Ճոնի Մնայյար հաստատեց, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ցամաքային եւ ծովային սահմանագծումը պիտի սկսի յուլիս ամսուան ընթացքին:


