Ներքին գործոց նախարար Ռայա Հասան երէկ ներքին գործոց նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Պաալպեք-Հերմելի երեսփոխանական համախմբումը` գլխաւորութեամբ երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասանի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանին կարիքները, ինչպէս նաեւ շարք մը վարչական եւ բարգաւաճման հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Հաժ Հասան յայտնեց, որ իրենց պահանջները ներկայացուցած են նախարար Հասանին, ինչպէս նաեւ քննարկած են քարահանքերուն վերաբերող խնդիրները:
Հաժ Հասան յոյս յայտնեց, որ իրենց ներկայացուցած պահանջներուն արդիւնքները կարելի կ՛ըլլայ շուտով քաղել:



