Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Հարիրի Պալհաժի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Տնտեսական Իրավիճակը Եւ Որդեգրուելիք Բարեկարգումները

Յունիս 29, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Միջազգային դրամատան Միջին Արեւելքի շրջանի փոխնախագահ Ֆարիտ Պալհաժը` ընկերակցութեամբ Միջազգային դրամատան շրջանային բաժանմունքի տնօրէն Սարոժ Քումարճահի:

Հանդիպումէն ետք Պալհաժ յայտնեց, որ Լիբանան ճիշդ ուղիին վրայ կը գտնուի` աւելցնելով սակայն, որ ելեկտրականութեան եւ պետական ամավարկի վերաբերեալ տակաւին կան կարգ մը բարեկարգումներ, որոնք պէտք է անպայման որդեգրուին:

Պալհաժ շեշտեց, որ Լիբանան պէտք է բարեկարգումներու ծրագիրները գործադրէ` աւելցնելով, որ անոնք ներդրումային ծրագիրներ են:

Ան նշեց, որ իրենք լաւատես են Լիբանանի կացութեան մասին եւ հեզասահ կերպով կը գործակցին Լիբանանի կառավարութեան հետ:

Միջազգային Դրամական Ֆոնտի Պատուիրակութիւն

Վարչապետ Հարիրի երեկոյեան Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Միջազգային դրամական ֆոնտի մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ Քրիս Ճարվիսի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տնտեսական եւ ելեւմտական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Միջազգային դրամական ֆոնտի տարեկան տեղեկագիրը:

Քննարկուեցան Լիբանանի տնտեսական իրավիճակին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ պետական ամավարկին մանրամասնութիւնները:

Հանդիպումին ընդգծուեցաւ «Սետր»-ի խորհրդաժողովին որոշումները գործադրելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ ներդրումային համակարգը, որուն նպատակն է աշխատանքի նոր առիթներ ստեղծել:

Վարչապետ Հարիրի ընդունեց Զղարթայէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեց նաեւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս:

Վարչապետ Հարիրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէ, որ Հարիրիի հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հարիրի ընդունեց նաեւ Հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաարը:

 

Նախորդը

Արդեօք Սաթըրֆիլտ Երեքշաբթի Օր Պիտի Վերադառնա՞յ Պէյրութ

Յաջորդը

Նախագահ Աուն ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերու Հրամանատարին Հետ Քննարկեց Հարաւային Լիբանանի Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?