Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յուլիսի Առաջին Շաբաթը Կրնայ Վերածուիլ Նուաճումներու Շաբթուան

Յուլիս 1, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յուլիս ամսուան առաջին շաբաթը Լիբանանի համար պիտի դառնայ բեղուն շաբաթ մը, որուն ընթացքին կը նախատեսուի արձանագրել շարք մը նուաճումներ:

Այսօր Լիբանան կը հասնի Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Ֆլորանս Փարլին, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Սաատ Հարիրիի, պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապի եւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ պիտի քննարկէ լիբանանեան բանակին կարիքները, յատկապէս ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու նպատակով:

Կը նախատեսուի նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերով օգնական եւ Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի բանակցութիւններու բանագնաց Տէյվիտ Սաթըրֆիլտ վաղը` երեքշաբթի, 2 յուլիս 2019-ին վերադառնայ Պէյրութ, ուր հանդիպում մը պիտի ունենայ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ եւ Լիբանանի իշխանութեան պետերուն փոխանցէ սահմանագծումին մասին իսրայէլեան իշխանութիւններուն պատասխանը, որուն լոյսին տակ լիբանանեան պետութիւնը պիտի որոշէ Նաքուրայի մէջ մեկնարկը կատարել երկկողմանի բանակցութիւններուն` ներկայութեամբ ամերիկացի միջնորդին:

Նոյն օրաթերթին մէջ արձանագրուեցան բանակցութիւնները դրական մթնոլորտի մէջ սկսելու նախատեսութիւններ:

Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան իր կարգին յայտնեց, որ յանձնախումբը մօտեցած է աւարտելու 2019-ի պետական ամավարկի իր քննարկումը, որուն լոյսին տակ խորհրդարանը պիտի հրաւիրուի լիագումար նիստի մը` վաւերացնելու համար զայն:

Այս բոլորին կողքին կառավարութիւնը երեքշաբթի օր պիտի գումարէ իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:

Նշենք, որ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ վարչապետ Հարիրիի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան միջեւ հաշտութեան հանդիպում մը կատարուի` միջնորդութեամբ խորհրդարանի նախագահին:

Միւս կողմէ, վարչապետ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ ընդգծեցին, որ Հարիրի նիւթական ոչ մէկ առաջարկ ստացած է` պաղեստինցի գաղթականները բնակեցնելու դիմաց: Նոյն աղբիւրները ընդգծեցին, որ Հարիրի կը մերժէ «Դարու գործարք»-ը:

Իր կարգին, Հարիրիի քաղաքական խորհրդատու Ղաթթաս Խուրի հաստատեց, որ ո՛չ Ճերըտ Քուշներ, ո՛չ Միացեալ Նահանգներ եւ ո՛չ ալ Եւրոպա նիւթական առաջարկ ներկայացուցած են վարչապետ Հարիրիին` պաղեստինցի գաղթականներուն բնակեցումը ընդունելու դիմաց:

Նախորդը

«Դասադուլը Վերածուեցաւ Հանրային Կարծիքի Դատի, Եւ Պիտի Վերադառնանք Այդ Միջոցին, Եթէ Խոստումները Մերժուին» Շեշտեց Եուսեֆ Տահեր

Յաջորդը

Լեռնալիբանանի Մէջ Ներքաղաքական Լարուածութիւնը Վերածուեցաւ Զինեալ Բախումի

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?