Խորհրդարանը երէկ առաւօտեան լիագումար նիստին շարունակեց 2019-ի պետական ամավարկի քննարկումը, իսկ երեկոյեան նիստը տակաւին չգումարուած, տեղեկատուական միջոցներ հաղորդեցին Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուիի հրաժարականին մասին լուրը:
Նաուաֆ Մուսաուի իր հրաժարականին մէջ նշած էր, թէ իր հրաժարականը ներկայացնելով ինք կը ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնը` Հըզպալլան հեռու պահելով յաւելեալ հետեւանքներէ: «Ես պատրաստ եմ իմ պատասխանատուութիւններս ստանձնելու», ըսաւ ան:
Աւելի ուշ Հըզպալլայի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը հաստատեց, որ կուսակցութիւնը պաշտօնապէս ստացած է Մուսաուիի հրաժարականը:
Գիշերուան ժամը 6:00-ի նիստին սկիզբը խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ 3 օրուան ընթացքին խօսք առած են 52 երեսփոխաններ, որոնք 20 ժամ խօսած են պետական ամավարկին մասին:
Ապա ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ ճիշդ չէ, թէ կառավարութեան մէջ նախարարներ կամ պլոքներ մերժած են 2019-ի պետական ամավարկը` աւելցնելով, որ ոմանք նշած են, թէ դէմ պիտի քուէարկեն ամավարկին բովանդական կարգ մը կէտերուն:
Ան հաստատեց, որ 2020-ի պետական ամավարկով խորհրդարանը կարելիութիւն պիտի ունենայ ելեւմուտքի հաշուեփակ կատարելու:
Ան նշեց, որ իրենք աւարտած են 2020-ի պետական ամավարկի մշակումը` յոյս յայտնելով, որ անիկա կ՛ըլլայ սահմանադրական բոլոր ժամկէտները յարգելու ելակէտը:
Մինչ Ալի Հասան Խալիլ խորհրդարանին մէջ իր խօսքը կ՛արտասանէր, հանգստեան կոչուած բանակայինները փորձեցին յառաջանալ դէպի Նըժմէ հրապարակ:
Անոնք կրցան շրջանցել դէպի խորհրդարան տանող առաջին անցարգելը, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ անոնց ու ապահովութեան ուժերուն միջեւ բախումներ արձանագրուին:
Ապա հանգստեան կոչուած բանակայինները Սայֆիէն Կեդրոնական Պէյրութ տանող ճամբան փակեցին:
Ապա խօսք առաւ վարչապետ Սաատ Հարիրի, որ յայտնեց, թէ կառավարութեան տնտեսական պատկերացումը նշուած է անոր աշխատանքային ծրագիրին եւ «Սետր»-ի խորհրդաժողովին մէջ` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը այդ ծրագիրին հիման վրայ ստացաւ խորհրդարանի վստահութեան քուէն:
Հարիրի նշեց, որ պետական ամավարկը հիմնական է գործադրելու կառավարութեան տնտեսական պատկերացումը, որուն մէջ ներառուած է նաեւ Մըքքենզիի ծրագիրը:
«Ո՛վ որ կը մերժէ կառավարութեան տնտեսական ծրագիրը, պէտք է առաջարկէ իր տնտեսական ծրագիրը», ըսաւ ան:
Մինչ վարչապետ Հարիրի խորհրդարանին կը փոխանցէր իր խօսքը, հանգստեան կոչուած զինուորականները խորհրդարանին մուտքէն քանի մը մեթր անդին կը գտնուէին:
Վարչապետ Հարիրիի խօսքէն ետք Պըրրի յայտարարեց խորհրդարանի լիագումարին աւարտը: Ան խորհրդարանը հրաւիրեց ամավարկը վաւերացնելու նիստին, որ պիտի գումարուի այսօր կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին:
Նշենք, որ առաւօտեան ժամը 10:30-ին սկսած նիստը յատկանշուեցաւ երեսփոխաններ Սելիմ Աունի եւ Նետիմ Ժեմայէլի միջեւ արձանագրուած բանավէճով, որ անտեղի էր ու անհեթեթ:
Ցերեկային նիստին ընթացքին խօսք առաւ երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ, որ յայտնեց, թէ ինք ամավարկին դէմ պիտի քուէարկէ:
Երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամ պետական ամավարկը անբաւարար նկատեց` շրջանցելու համար Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական տագնապը:
Երեսփոխան Ղազի Զաայթեր նշեց, որ Լիբանանը իր տնտեսական ներկայ տագնապէն դուրս գալու համար կարիքը ունի փրկութեան ուղեգիծի մը:
Երեսփոխան Ալի Ֆայեատ նշեց, որ այս ամավարկը տնտեսական իրավիճակը չքայքայելու ամավարկ է եւ նախորդ ամավարկին հետ բաղդատած 2019-ի պետական ամավարկը նուաճում կը նկատուի:
Մարատա հոսանքի երեսփոխան Ըսթֆեն Տուէյհի հեգնեց, որ 2019-ի պետական ամավարկը 8-րդ հրաշալիք պէտք է նկատել:
Երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի նշեց, որ իր պարտականութիւնը կը նկատէ պետական ամավարկին դէմ քուէարկել, որովհետեւ անիկա բարեկարգումներ չի բովանդակեր:
Երեսփոխան Ռուլա Թապըշ հաստատեց պետական ամավարկը վաւերացնելու կարեւորութիւնը` իբրեւ «Սետր»-ի խորհրդաժողովի գործադրութեան առաջին փուլ:
Երեսփոխան Ժիհատ Սամատ շեշտեց, որ ինք կը մերժէ պետական ամավարկը` աւելցնելով, որ խորհրդարանը կորսնցուցած է իր վերահսկողական դերակատարութիւնը: