Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանը 83 Թեր Քուէներով Վաւերացուց 2019-ի Պետական Ամավարկը

Յուլիս 20, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանը երէկ երեկոյեան վաւերացուց 2019-ի պետական ամավարկը` 83 թեր, 17 դէմ եւ մէկ ձեռնպահ քուէներով:

Կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին իր լիագումար նիստին վերսկսած խորհրդարանը վկայեց հանգստեան կոչուած բանակայիններուն նստացոյցը, որ վերածուեցաւ բողոքի ցոյցի, որուն ընթացքին որդեգրուեցան մագլցողական քայլեր:

Հանգստեան կոչուած բանակայինները փորձեցին վերցնել դէպի խորհրդարան առաջնորդող ճամբուն փշաթելերը, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ անոնք բախում ունենան Ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ բանակին հետ:

Բանակը շրջափակեց ցուցարարները, որոնք սպառնացին խորհրդարան ներխուժել:

Ի տես այս իրավիճակին, խորհրդարանը կասեցուց իր ժողովը, եւ պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ խորհրդարանին մէջ ընդունեց հանգստեան կոչուած գնդապետ-զօրավար Ժորժ Նատերը, որուն ներկայացուց բանակի սպաներուն հետ գոյացած համաձայնութեան մանրամասնութիւնները:

Այս զարգացումին լոյսին տակ Ժորժ Նատեր ուղղուեցաւ հանգստեան կոչուած բանակայիններուն մօտ եւ անոնց ներկայացուց համաձայնութիւնը: Ան նշեց, որ խորհրդարանը պիտի քուէարկէ այն համաձայնութեան, որուն յանգեցան ելեւմուտքի խորհրդարանական յանձնախումբն ու բանակի սպաները:

Ժորժ Նատերի հետ հանդիպումէն ետք Պու Սաապ խորհրդարանէն ցաւ յայտնեց պարզուած այս իրավիճակին համար:

Ան շեշտեց, որ ինք ցաւ կը զգայ վկայելու, որ հանգստեան կոչուած բանակայինները ցոյցեր կը կատարեն իրենց իրաւունքը պաշտպանելու համար:

«Մեծ խաբեբայութիւն մը արձանագրուած է, եւ այդ պատճառով ալ անոնք վստահութիւն չունին», ըսաւ ան:

Պու Սաապ նշեց, որ խորհրդարանին անցարգելները շրջանցելն ու խորհրդարան  մուտք գործելու կամ ներխուժելու որոշումը սխալ մըն է, որ պէտք չէ գործել: Ան աւելցուց, որ ինք կը պաշտպանէ բոլոր բանակայիններուն իրաւունքներն ու պահանջները:

Պու Սաապ նշեց, թէ ինք կը քաջալերէ բանակայինները, որ պետական ամավարկը Սահմանադրական խորհուրդին մօտ վիճարկեն:

Պու Սաապ հաստատեց, որ բանակայիններու աշխատավարձի նուազումը` առաւելագոյնը 100 հազար լ. ոսկի, պիտի սկսին միայն սպաները: «Բանակայիններուն եւ անոնց ընտանիքներուն բժշկական խնամքին վերաբերող երեք առ հարիւրի օժանդակութիւնը մէկուկէս առ հարիւրի նուազեցնելը պիտի բարելաւէ լիբանանեան բանակին ծառայութիւնները: Այդ պատճառով ամէն ջանք ի գործ պիտի դրուի յաւելեալ գումար տրամադրելու համար բանակայիններուն եւ անոնց ընտանիքներուն բժշկական խնամքին յատուկ պիւտճէին», ըսաւ ան:

Պու Սաապ ընդգծեց, որ իրենք չեն փափաքիր, որ բանակայինները յուսալքուած զգան, եւ ամէն տեսակի այլընտրանք պիտի սերտեն` բարելաւելու համար անոնց մատուցուելիք ծառայութիւնները:

Պու Սաապի յայտարարութիւններէն քիչ անց, հանգստեան կոչուած բանակայինները կարդացին իրենց հրապարակած հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ իրենք պիտի շարունակեն իրենց մագլցողական քայլերը, որոնցմէ առաջինը պիտի ըլլայ Սահմանադրական խորհուրդին մօտ վիճարկել 2019-ի պետական ամավարկը:

Նշենք, որ խորհրդարանին մէջ պետական ամավարկին քուէարկելու ընթացքը նոյնպէս եղաւ փշոտ եւ բարկացուց վարչապետ Սաատ Հարիրին, որ քանի մը անգամ դահլիճէն դուրս եկաւ:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի դարձեալ որոշեց 10 վայրկեաննոց դադար մը տալ խորհրդարանին եւ դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետին հետ:

Ապա շարունակուեցաւ խորհրդարանի նիստը, եւ հերթաբար վաւերացուեցան պետական ամավարկին բովանդակած կէտերը:

Խորհրդարանը վաւերացուց բանակայիններուն վերաբերող այն կէտը, որուն համաձայն, հանգստեան կոչուած բանակայիններուն աշխատավարձը մէկուկէս առ հարիւրով նուազեցաւ:

Վաւերացուեցաւ նաեւ այն կէտը, որ դատախազներու հատուցման սնտուկին գումարը պահուի ինչպէս որ է` առանց յաւելեալ տուրքեր աւելցնելու:

Վաւերացուեցաւ ինքնաշարժի յատուկ թիւ ունեցող անհատներուն տարեկան տուրքի պարտադրումը:

Վաւերացուեցաւ ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերուն վրայ պարտադրուելիք տուրքը:

Ջնջուեցաւ օրին կառավարութեան կողմէ առաջարկուած այն կէտը, որ օդանաւային տոմսերուն վրայ տուրքեր պարտադրուին:

Վաւերացուեցաւ Լիբանան ներածուող արտադրութիւններուն վրայ պարտադրուած Յաւելուած արժէքի տուրքը երեք առ հարիւրով բարձրացնելու առաջարկը: (Այս պարագային պենզինը ներածուած արտադրութիւններուն մէջ ներառուած չէ):

Պետական ամավարկի վաւերացումէն ետք վարչապետ Հարիրի յայտնեց, որ կատարուածը նուաճում է` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը արդէն իսկ պատրաստ է մշակելու եւ վաւերացնելու 2020-ի պետական ամավարկը եւ հոկտեմբեր 2019-ին զայն փոխանցելու խորհրդարանին:

Վարչապետը շեշտեց, որ այս տարուան պետական ամավարկի վաւերացումով է, որ կարելի պիտի ըլլայ տնտեսական բարեկարգում ապահովել` վաւերացնելով նաեւ 2020-ի եւ 2021-ի իրերայաջորդ պետական ամավարկերը:

«Ճիշդ է, որ երկիրը քաղաքական տագնապ կը դիմագրաւէ, եւ տարակարծութիւններ կ՛արձանագրուին, սակայն ի վերջոյ միտքը կը յաղթէ հարցերուն: Լեռնալիբանանի միջադէպին իմաստով մենք կը վստահինք Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի, Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի իմաստութեան, ինչպէս նաեւ Պըրրիի, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, Հըզպալլայի, իմ եւ բոլոր քաղաքական ուժերուն ջանքերուն, որպէսզի յանգինք լուծումի մը: Կոչ կ՛ուղղեմ բոլորին դրական աշխատանքի նախաձեռնելու», ըսաւ վարչապետ Հարիրի:

Իր կարգին, ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ 2019-ի պետական ամավարկը բոլորին յոյսերը չէ արդարացուցած, սակայն անիկա նախաքայլ մըն է` խստացնելու վերահսկողական աշխատանքը:

 

Նախորդը

Ուաշինկթընի Մէջ Երեսփոխաններ Յ. Բագրատունի Եւ Ա. Պեզզի Այցելեցին Քոնկրես

Յաջորդը

ՄԱԿ-ի Ներքին Տեղահանուածներու Գրասենեակը Կը Նշէ. «Ազրպէյճանական Լրատուամիջոցները Խեղաթիւրուած Ձեւով Ներկայացուցած Են ՄԱԿ-ի Յատուկ Զեկուցողի Յայտարարութիւնները»

RelatedPosts

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի  Սահմանին Վրայ Կը Շրջի.   Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի Սահմանին Վրայ Կը Շրջի. Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Ինծի Լիբանանցիներուն Միջեւ Միասնականութիւն Տուր, Եւ Քեզի Իսրայէլի Դէմ Հաստատ Յաղթանակ Կու Տամ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ
Լիբանանեան

Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?