Առողջապահութեան նախարար Ժամիլ Ժապաք երէկ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած թմրամոլութեան դէմ պայքարի վարժանիստի մը ընթացքին յայտնեց, որ թմրամոլութեան դէմ պայքարը շատ աւելի վտանգաւոր է, քան զինուորական ու քաղաքական պայքարները, որոնք Դիմադրութեան համար դիւրին են:
«Սակայն թմրամոլութեան դէմ պայքարը աւելի բարդ է, որովհետեւ մենք կը պայքարինք անծանօթներու դէմ, որոնք հարստանալու դիւրին ձեւը կ՛որոնեն` ընկերութիւնը քանդելու գնով», ըսաւ ան:
Ժապաք զգուշանալու կոչ ուղղեց ծնողներուն` հետեւեալ հարցը ուղղելով անոնց. «Ինչպէ՞ս կրնաք արտօնել, որ ձեր 14-ամեայ երեխան կլկլակ ծխէ»:
Ան շեշտեց, որ եթէ 17 տարեկան պատանիին մարմինը ծխախոտի (նիքոթին) մոլութիւն ունի, ապա ան նուազագոյնը հերոյին կամ քոքային պիտի պահանջէ` իբրեւ թմրանիւթ: Ժապաք աւելցուց, որ բանտերը լեցուն են արգելափակեալներով, որոնց 70-80 առ հարիւրը թմրամոլներ են:
«Նախարարութեան վիճակագրութեան համաձայն, թմրեցուցիչը տարածուած է Լիբանանի դպրոցներուն, համալսարաններուն եւ սրճարաններուն մէջ», ըսաւ ան:
Մոհամետ Ռաատի Մօտ
Առողջապահութեան նախարարը այցելեց Նապաթիէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Նապաթիէի եւ ընդհանրապէս հարաւային Լիբանանի հիւանդանոցներուն իրավիճակը:
Հանդիպումին ընթացքին Ժապաք հաստատեց, որ առողջապահութեան նախարարութեան պարագային նիւթական սեղմումներ եւ կրճատումներ չկան` աւելցնելով, որ Նապաթիէի հիւանդանոցները ոչ մէկ հիւանդի դիմաց իրենց դռները կը փակեն:
Այս առիթով Ռաատ շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Ժապաքին, որ կատարեալ աշխուժութեամբ կը կատարէ իր աշխատանքը: Ան դրուատեց Ժապաքի յանձնառութիւնը` քաղաքացիին առողջութեան նկատմամբ: