Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քապըր Շմունի Միջադէպին Հետքերը Կարելի Է Ջնջել Միայն Արդար Դատավարութեամբ Մը, Որ Կ՛առաջնորդէ Դէպի Հաշտութիւն» Շեշտեց Նախագահ Աուն

July 20, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Շուֆի հոգեւորականները` ներկայութեամբ Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աունի: «Ոչ ոք համաձայն է այդ պատահարին եւ ոչ ոք օրէնքը կամ արդար դատավարութեան հոլովոյթը պիտի կարենայ շրջանցել», ըսաւ նախագահ Աուն:

Ան շեշտեց, որ Լեռնալիբանանի մէջ ազգային համերաշխութիւնը երաշխաւորուած է` նախ եւ առաջ իր զաւակներուն կամքով եւ ապա պետութեան եւ անոր հաստատութիւններուն ցուցաբերած հոգատարութեամբ:

«Քապըր Շմունի միջադէպին հետքերը կարելի է ջնջել միայն արդար դատավարութեամբ մը, որ կ՛առաջնորդէ դէպի հաշտութիւն: Նման ոճիրներու պարագային կարելի չէ համաձայնութիւններու յանգիլ», ըսաւ նախագահ Աուն:

Ան հաստատեց, որ Լեռնալիբանանի մէջ պետութեան ներկայութիւնը ո՛չ միայն ապահովական կայունութեան ընդմէջէն պէտք է դրսեւորուի, այլ` բարգաւաճումի, ինչպէս նաեւ արտադրութիւններու մարզերուն ամրապնդումով:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ ինք ամրան կէսը պիտի անցընէ Պէյթէտտինի ամարանոցին մէջ, ըստ աւանդութեան: Ան աւելցուց, որ այդ կեցութիւնը պիտի ըլլայ առիթ մը` հանդիպելու շրջանին հեղինակութիւններուն հետ եւ քննարկելու շրջանին կարիքները:

 

Նախորդը

Սէյիտ Նասրալլա Ընդունեց Ապտելլահեանը

Յաջորդը

Ուաշինկթընի Մէջ Երեսփոխաններ Յ. Բագրատունի Եւ Ա. Պեզզի Այցելեցին Քոնկրես

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.