Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան ուղղուեցաւ Աննայայի Մար Մարուն եկեղեցին` ներկայ գտնուելու համար Ս. Շարպելի տօնին նուիրուած Ս. պատարագին:
Այս առիթով պատարագին նախագահեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ իր քարոզին մէջ յայտնեց, թէ Ս. Շարպելին կ՛աղօթեն, որպէսզի ան պաշտպանէ Լիբանանը եւ լիբանանցիները, ինչպէս նաեւ յաւելեալ կորով տայ հանրապետութեան նախագահին, որպէսզի երկրին նաւը շարունակէ իմաստութեամբ եւ վճռակամութեամբ վարել` զայն դուրս բերելու համար իր քաղաքական, տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային տագնապներէն, ինչպէս նաեւ պահպանելու համար երկրին կայունութիւնը, որուն բոլորը կարիքը ունին: