
Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան վարչապետարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆաթհ շարժումի կեդրոնական խորհուրդի անդամ Ազզամ Ահմատի հետ, որուն հետ քննարկեց պաղեստինցի գաղթականներու աշխատանքի իրաւունքին վերաբերող շարք մը հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Ահմատ յայտնեց, որ պաղեստինցի աշխատաւորներուն թղթածրարը կառավարութեան պատասխանատուութիւնն է եւ ոչ թէ աշխատանքի նախարարութեան պատասխանատուութիւնը:
Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին շեշտեց, որ պաղեստինցի աշխատաւորներուն վերաբերող հարցը լուծուած է, եւ այդ մասին աշխատանքի նախարարը յայտարարութիւն պիտի կատարէ:

Աշխատանքի նախարար Քամիլ Պու Սլէյման երէկ խորհրդարանին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ պաղեստինցի գաղթականներուն նկատմամբ գործուած անարդարութեան` հաստատելով, որ իր որոշումները զանոնք թիրախ չեն դարձներ, այլ` կը միտին գործադրել աշխատանքի նախարարութեան ծրագիրը:
Ան հաստատեց, որ աշխատանքի նախարարութեան մշակած ծրագիրին մինչեւ հիմա գործադրութեան ծիրին մէջ բացայայտուած է 600 օրինազանցութիւն, որոնցմէ միայն երկուքը պաղեստինցիներուն կը վերաբերէր:
Պու Սլէյման հաստատեց, որ պաղեստինցի աշխատաւորներուն վերաբերող անարդարութիւնը լուծուած է, հետեւաբար պէտք է խուլիկանութիւններուն վերջ տալ:
Նշենք, որ Ազզամ Ահմատ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի հետ:


