Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 23, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ Ղասսան Հասպանի յայտնեց, որ եթէ ոմանք Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան յայտարարած կեցուածքները լուրջի չեն առած, ապա ատիկա իրենց հարցն է: «Պետական ամավարկին մասին կառավարութեան նիստերուն ընթացքին մեր արտայայտած տեսակէտները գործի վերածուեցան խորհրդարանի նիստին ընթացքին», ըսաւ ան:

ԱՐՏԱՔԻՆ առեւտուրի պետական նախարար Հասան Մըրատ հաստատեց, որ 2019-ի պետական ամավարկը վաւերացնելու առումով իրենք չեն դիմադրած` լիբանանցիներուն աշխատանքային ընթացքը չխոչընդոտելու համար, «սակայն 2020-ի պետական ամավարկի ընթացքին տարբեր կեցուածք պիտի ունենանք», ըսաւ ան:

ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ եւ ներդրումի պետական նախարար Ատել Աֆիունի հաստատեց, որ առաջնահերթութիւնը պէտք է տնտեսութեան բարգաւաճման տրուի: Ան շեշտեց, որ տնտեսական իրավիճակը պէտք է քաղաքական իրադարձութիւններէն չէզոք պահեն` աւելցնելով, որ օրէնքին գործադրութեան առումով ոչ մէկ նախարար կարելի է մեղադրել:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Մայ Շիտիաք հաստատեց, որ լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ սուրիացիները կը փորձեն իրենց ներկայութիւնը վերականգնել` ցաւ յայտնելով, որ քաղաքական որոշ ուժեր կ՛օժանդակեն այդ քայլերը իրականացնելու, որովհետեւ սուրիական վարչակազմին դաշնակիցներ են:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ յայտնեց, որ 2019-ի պետական ամավարկը յաջողած են վաւերացնել` աւելցնելով, որ երկրին ելեւմտական տագնապը կարիքը ունի բարձր մակարդակի ազգային միասնականութեան:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ 2019-ի պետական ամավարկը թէեւ օրինակելի ամավարկ մը չէր, սակայն անիկա անհրաժեշտութիւն էր եւ պէտք էր զայն  վաւերացնել: Ան հաստատեց, որ պէտք է ապահովել Լիբանանի բարգաւաճման հիմնական կարիքները:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ Ֆաուարի շրջանին մէջ նոր աղբանոց մը հաստատելու պատճառ չկայ:

ԱՄԱԼ շարժումի քաղաքական գրասենեակի պատասխանատու, երեսփոխան Հանի Քպայսի հաստատեց, որ Լիբանանի ուժը կը կայանայ անոր Դիմադրութեան, բանակին եւ ժողովուրդին մէջ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր նշեց, որ ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերուն վրայ պարտադրուած տուրքերը երկրին պետական գանձարկղին 100 միլիառ լ. ոսկի կ՛ապահովեն:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մուսթաֆա Հիւսէյն կոչ ուղղեց փտածութեան դէմ պայքարը շարունակելու եւ երկաթեայ բազուկով հարուածելու փտածները:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ժամիլ Ժապաք հաստատեց, որ իր պարտականութիւնն է պաշտպանել Լիբանանի մէջ մարդ արարածին արժանապատուութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հաքան Չաքըլը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Նաամէ Թոհմէ յայտնեց, որ Լեռնալիբանանի հաշտութիւնը շատ աւելի կարեւոր է, քան անձնական շահերն ու դիրքերը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Սամի Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ 2020-ի պետական ամավարկը սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին ընթացքին պիտի քննարկուի` թուային յստակ ու շօշափելի պատկերներով:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ, անդրադառնալով Միջազգային դրամատան կողմէ Լիբանանի տրամադրուելիք վարկերուն, հարց տուաւ, թէ արդեօք Միջազգային դրամատան ներկայացուցիչները կո՞յր են, թէ՞ Լիբանանի փտածութեան մեղսակիցներ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ հաստատեց, որ 2019-ի պետական ամավարկին մէջ արձանագրուած են սահմանադրական օրինազանցութիւններ եւ թուային պատկերներ, որոնց նպատակն է ներդրող կողմերը խանդավառել եւ գոհացնել:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին հաստատեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն, որ երկրին տնտեսական եւ ելեւմտական հարցերուն լուծումը համեստ դասակարգին հաշուոյն չըլլայ:

 

 

Նախորդը

Նախագահ Բակօ Սահակեան Ներկայ Գտնուած Է Միջազգային Մարզական Պարերու Մրցում-Փառատօնի Եզրափակիչին

Յաջորդը

Պըրրի Գնահատեց Լասընի Դերակատարութիւնը

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.