Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ Բարգաւաճման եւ շինարարութեան ժիհատի հիմնադրութեան 31-ամեակին առիթով արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը միայն զինուորական թեւ չունի, այլեւ քաղաքական` պաշտպանելու համար Դիմադրութեան գոյատեւումը, ինչպէս նաեւ մշակութային, առողջապահական եւ այլ:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Դիմադրութիւնը ամբողջական է, եւ անոր հաւատարիմ անդամները անկեղծօրէն կը գործեն:
Ան նշեց, որ Իրան 2000-էն ի վեր կը զօրակցի Բարգաւաճման եւ շինարարութեան ժիհատին, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ 2006-ին Լիբանանին սպառնացող կարեւորագոյն վտանգը` Իսրայէլի սանձազերծած յուլիսեան պատերազմը յաղթահարել եւ թշնամիին դէմ արձանագրել հսկայ յաղթանակ մը:
Ան ընդգծեց, որ 2006-ին Հարաւային արուարձաններուն մէջ յառաջացած քանդումը կարելի եղաւ քանի մը տարուան մէջ վերացնել եւ շինարարական նոր ծրագիր իրագործել` շնորհիւ «Ուաատ» ծրագիրին, որ մաս կը կազմէր Բարգաւաճման եւ շինարարութեան ժիհատի ծրագիրներուն:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Բարգաւաճման եւ շինարարութեան ժիհատը կը շարունակէ թեքնիք կերպով բարեկարգել իր աշխատանքը եւ կ՛օժանդակէ բնակիչներուն` ապահովելով աշխատանքի կարելիութիւններ, որպէսզի անոնք կարենան իրենց արդիւնաբերութիւնը վաճառել:
Անդրադառնալով Հարաւային արուարձաններու կարիքներուն` սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ այդ շրջանին մէջ կ՛ապրի շուրջ մէկ միլիոն մարդ, որոնք ըմպելի ջուր չունին, այսինքն` քաղաքացիի մը ամէնէն տարրական իրաւունքը` ըմպելի ջուրը կարելի չէ ապահովել: «Այս առումով Բարգաւաճման եւ շինարարութեան ժիհատը հարաւային արուարձաններու մէջ ջուրի հարիւրաւոր տակառներ բաժնեց, որպէսզի քաղաքայիններուն ըմպելի ջուր ապահովուի` սպասելով շրջանին մէջ ջուրի ծառայութեան ապահովումին», ըսաւ ան:
Ակնարկելով երկրագործութեան մարզին` սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ տեսլական եւ լրջութիւն գոյութիւն չունի: «Մենք կարիքը ունինք արդիւնաբեր մարզերու, իսկ ցարդ կառավարութիւնը երկրագործութեան յատուկ քաղաքականութիւն մը չէ մշակած: Իսկ նման քաղաքականութեան կարիքը խիստ կը զգացուի, որովհետեւ երկրագործութեան մարզը առանձինն չի կրնար բարգաւաճիլ», շեշտեց ան:
Անդրադառնալով քաղաքական մարզին` սէյիտ Նասրալլա նշեց, որ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը առաջին անգամ ըլլալով է, որ պետական ամավարկին թեր քուէարկած է` նկատի ունենալով, որ երկիրը կը դիմագրաւէ տնտեսական եւ ելեւմտական դժուար պայմաններ:
«Մենք մեր պատասխանատուութիւնները պիտի ստանձնենք, իսկ կառավարութեան նիստերուն ընթացքին պետական ամավարկին առումով մեր ներկայացուցած բոլոր դիտողութիւնները նկատի առնուած են», հաստատեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա ցաւ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ամէն բան կը քաղաքականացուի` ակնարկելով այն խօսքերուն, թէ պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ տեղի ունեցած բողոքի նստացոյցերը Հըզպալլայի հրահրումներով տեղի ունեցած են:
Ան անդրադարձաւ պաղեստինցի գաղթականներուն աշխատանքի իրաւունքին` նշելով, որ պաղեստինցի եւ օտար աշխատաւորները կարելի չէ նոյն նժարի վրայ զետեղել, որովհետեւ պաղեստինցի գաղթականը երկիր մը չունի, ուր կարենայ աշխատիլ` առաջարկելով անոր վերաբերող որոշումը վերատեսութեան ենթարկել:
«Ոմանք կը փափաքին ամէն ինչ ներկայացնել այնպէս մը, որ կարծէք Հըզպալլա կը կառավարէ Լիբանանը, կառավարութիւնը, խորհրդարանը, դատական իշխանութիւնները, լիբանանեան բանակն ու պետական վարչութիւնները, իսկ ասիկա Լիբանանի պատմութեան մեծագոյն սուտն է: Ո՛վ որ ըսէ, թէ Հըզպալլա Լիբանանին կ՛իշխէ, աշխարհը Լիբանանին դէմ հրահրած կ՛ըլլայ», շեշտեց սէյիտ Նասրալլա:
Քապըր Շմունի միջադէպին ակնարկելով` սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Հըզպալլայի համար իր դաշնակիցները յարգելի են` աւելցնելով, որ ան իր դաշնակիցներուն վրայ ճնշում չի բանեցներ եւ իր կարծիքը չի պարտադրեր:
Սէյիտ Նասրալլա նշեց, որ այդ միջադէպին ընթացքին նահատակուած են երկու քաղաքացիներ եւ մահափորձի ենթարկուած է նախարար մը, որ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ է: «Հետեւաբար, Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան պահանջեց, որ Քապըր Շմունի միջադէպը փոխանցուի Արդարութեան խորհուրդին: Արսլան իրաւատէր է եւ անոր պահանջը արդար է, իսկ այդ միջադէպը կրնար թիրախ դարձնել քաղաքացիական անվտանգութիւնը», շեշտեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա մաղթեց, որ տիւրզի համայնքի ղեկավարներուն միջեւ երկխօսութիւն կատարուի` աւելցնելով, որ իրենք ոչ ոքի դէմ սադրանքներ կը նախապատրաստեն եւ կը զօրակցին կառավարութեան նիստերը անյապաղ վերսկսելու:
Սէյիտ Նասրալլա հերքեց իսրայէլեան ուժերու բանբեր Աւիխայ Ատրահիի կատարած այն յայտարարութիւնները, թէ Հըզպալլա Պէյրութի նաւահանգիստը կ՛օգտագործէ ինքն իրեն համար զէնք ու զինամթերք ապահովելու նպատակով:
Ան նշեց, որ Ատրահիի յայտարարութիւնները նախաբաններ են Պէյրութի միջազգային օդակայանն ու Պէյրութի նաւահանգիստը հոգատարութեան տակ առնելու: