Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Աշխատանքի Եւ Կենսոլորտի Նախարարներուն Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Յուլիս 27, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց աշխատանքի նախարար Քամիլ Պու Սլէյմանը, որ մեկնեցաւ մերժելով մեկնաբանութիւն կատարել:

Կենսոլորտի նախարար Ֆատի Ժրայսաթի նաեւ այցելեց Պըրրիի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան կենսոլորտի նախարարութեան վերաբերող հարցեր, յատկապէս` աղբի տագնապին լուծման հարցը, ինչպէս նաեւ քարահանքերուն թղթածրարը:

Հանդիպումէն ետք Ժրայսաթի յայտնեց, որ քարահանքերուն հարցը վերջնականապէս պիտի լուծուի` աւելցնելով, որ Պըրրի համաձայն է այդ թղթածրարի լուծման տարբերակին:

Անդրադառնալով աղբի տագնապին` Ժրայսաթի յայտնեց, որ այդ իմաստով յառաջիկայ փուլին լուրջ քայլերու պիտի դիմուի` աւելցնելով, որ լիբանանեան պետութիւնը այս իմաստով մշակած է իր ռազմավարութիւնը:

Ժրայսաթի շեշտեց, որ մթնոլորտը դրական է, «եւ մօտիկ ապագային աւետիսներ պիտի լսէք աղբի տագնապին անվերադարձ մեկնումին մասին», ըսաւ ան:

Պըրրի ընդունեց նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որ հանդիպումէն ետք բաւարարուեցաւ ըսելով. «Պըրրիի հետ հանդիպումները միշտ ալ դրական են»:

 

Նախորդը

«Արսլան Իրաւատէր Է Եւ Անոր Պահանջը Արդար Է, Իսկ Քապըր Շմունի Միջադէպը Կրնար Թիրախ Դարձնել Քաղաքացիական Անվտանգութիւնը» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Բացումը Կատարեց Զահլէի Քաղաքապետարանին

RelatedPosts

Վերջին Ժամ.  Իսրայէլ Օդային Բուռն Յարձակումներով Խախտեց Զինադադարի Համաձայնութիւնը
Լիբանանեան

Վերջին Ժամ. Իսրայէլ Օդային Բուռն Յարձակումներով Խախտեց Զինադադարի Համաձայնութիւնը

Հոկտեմբեր 17, 2025
Նախագահ Աուն. « Լիթանիէն Հարաւ Բանակի Անդամներուն Թիւը Այս Տարեվերջին Պիտի Հասնի Շուրջ 10 Հազարի»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. « Լիթանիէն Հարաւ Բանակի Անդամներուն Թիւը Այս Տարեվերջին Պիտի Հասնի Շուրջ 10 Հազարի»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Սալամ Սայտա Այցելեց
Լիբանանեան

Սալամ Սայտա Այցելեց

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?