Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 29, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ եւ կիներու ընկերային եւ տնտեսական բարելաւումի պետական նախարար Վիոլեթ Սաֆատի Սուրէն յայտարարեց, որ Լիբանանի կացութիւնը կարելի պիտի չըլլայ բարելաւել, եթէ երկրին տնտեսութիւնը չբարելաւուի:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ հարցերու պետական նախարար Մահմուտ Քումաթի յայտնեց, որ երկրին քաղաքական ուժերը պէտք է համեստութեան վերադառնան, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին ընթացքը բարելաւել: Ան աւելցուց, որ իրենք պատրաստ են վերադառնալու կառավարութեան նիստերուն:

ՆԵՐԴՐՈՒՄԻ եւ արհեստագիտութեան հարցերու պետական նախարար Ատել Աֆիունի հաստատեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ զգայուն կացութիւնը շրջանցելու համար կարիքը կայ աշխատանքի նոր առիթներու:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ Լիբանան չի կրնար զարգանալ եւ բարգաւաճիլ, այնքան ատեն որ ոմանք երկիրը դէպի բախում եւ պատերազմ կ՛առաջնորդեն: «Ո՛վ որ երկրին անվտանգութեան յանձնառու է, թող ինքզինք օրէնքին ենթակայ յայտարարէ», շեշտեց ան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան հաստատեց, որ հաշտութիւնը կը պաշտպանէ Լեռնալիբանանն ու Լիբանանը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր, անդրադառնալով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլին, ըսաւ. «Լրջացի՛ր, նախքան երկիրը դէպի փորձանքներ առաջնորդելը: Համբերութեան բաժակը լեցուած է»:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Շամել Ռուքոզ անհաւանական նկատեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն 2019-ի պետական ամավարկը վերադարձնէ խորհրդարան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Սլէյման շեշտեց, որ երկրին սահմանադրութեան վերաբերող աւելորդաբանութիւնները կը սրեն լարուածութիւնը, «իսկ տաք գլուխներուն կ՛ըսենք, որ համբերութիւնը չափ ու սահման ունի», աւելցուց ան:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Զիատ Հաուաթ հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ ոչինչ սահմանադրութեան համաձայն կ՛ընթանայ` աւելցնելով, որ երկրին քաղաքական հարցերը կարելի չէ փողոցը լուծել:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ֆայսալ Սայեղ հաստատեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան գոյութիւնը հարուածելը չի կրնար կատակ ըլլալ:

ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ, երեսփոխան Ասաատ Հարտան հաստատեց, որ քաղաքացիական անվտանգութեան դէմ որեւէ սպառնալիք Լիբանանի մէջ նոր լարուածութիւններու դռներ կը բանայ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Լիբանան կարողութիւն ունի իր ջրային եւ նաւթային հարստութիւնները պաշտպանելու` կառչած մնալով իր զօրութեան եւ լիբանանեան ազգային միասնականութեան:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանանի սահմանադրութիւնը յստակ է, եւ անոր 95-րդ յօդուածը յստակօրէն կ՛անդրադառնայ միայն Ա. կարգի պաշտօնները հաւասարապէս բաժնելու հոլովոյթին:

ԼԻԲԱՆԱՆ հասած սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին յատուկ լիբանանեան-ռուսական յանձնախումբի անդամ, նախկին երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ հաստատեց, որ սուրիացի տեղահանուածները Լիբանանի մէջ բնակեցնելու մտահոգութիւնները տակաւին կը շարունակուին եւ վերջ չեն գտած:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքացիական պսակի որոշումին դէմ արգելքները քաղաքական են եւ կրօնական:

«ՆԱՇՐԱ» կայքին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այս շաբթուան ընթացքին պիտի ստորագրէ 2019-ի պետական ամավարկը` առանց զայն վիճարկելու կամ խորհրդարան վերադարձնելու:

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Պաալպեքի Մէջ. Ապպաս Իպրահիմ Ներկայ Գտնուեցաւ Ընտանեկան Հաշտութիւններու

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.