Վարչապետ Սաատ Հարիրի վարչապետարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ աշխատանքի նախարար Քամիլ Ապու Սլէյմանի հետ` ներկայութեամբ Լիբանանեան-պաղեստինեան երկխօսութեան յանձնախումբի նախագահ Հասան Մընէյմնէի եւ նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրիի:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի մէջ պաղեստինցի աշխատաւորներու տագնապին: