Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Բացումը Կատարեց Զահլէի Քաղաքապետարանին

July 27, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ Քապըր Շմունի միջադէպը տակաւին կը մնայ անլոյծ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, որ տակաւին չէ ստորագրած խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած 2019-ի պետական ամավարկը, երէկ խորհրդարան վերադարձուց պետական ամավարկին վերաբերող երկու օրէնքներ` պահանջելով զանոնք վերատեսութեան ենթարկել:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն բացումը կատարեց Զահլէի քաղաքապետարանին:

Նախագահ Աուն քաղաքապետարանի նորակառոյց շէնքին մէջ ընդունուեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի, ներքին գործոց նախարար Ռայա Հասանի, Պեքաայի նահանգապետ Քամալ Ապու Ժաուտէի, Զահլէ-Թաանայէլի քաղաքապետ Ասաատ Զուղէյպի եւ այլ պաշտօնական աձնաւորութիւններու կողմէ:

Նախագահ Աուն բացումը կատարեց քաղաքապետարանին:

Ապա խօսք առաւ Ասաատ Զուղէյպ, որ յայտնեց, թէ բոլորը կը գործեն ի խնդիր Լիբանանի բարգաւաճման` աւելցնելով, որ իրենց մեծ երազն է, որ նախագահ Աունի իշխանութեան օրով կարենան վարչական ապակեդրոնացեալ դրութեամբ գործել:

Իր կարգին, Ռայա Հասան շեշտեց, որ բոլոր լիբանանցիները նախագահ Աունին նեցուկ կը կանգնին, որովհետեւ ան կը ջանայ հանրապետութեան յաջորդ նախագահին յանձնել աւելի լաւ երկիր մը: «Մենք` իբրեւ կառավարութիւն, պիտի ջանանք իրականացնել այդ նպատակը` գործակցելով խորհրդարանին եւ քաղաքացիական ընկերութեան հետ», ըսաւ ան:

Հասան բարձր գնահատեց Զահլէի քաղաքապետարանին արդիական կառոյցը` հաստատելով, որ քաղաքապետարանը Պըրտաունի գետի ջուրերուն նման վարար ծառայութիւն պիտի ըլլայ շրջանին համար:

Ռայա Հասան հաստատեց, որ քաղաքապետական գործին մէջ եւս պէտք է կիներու մասնակցութիւնը ամրապնդել` յարգելով կիներու ներկայացուցչութեան չափաբաժինի սկզբունքը:

«Լիբանանեան Օղիի Օր»

Ապա նախագահ Աուն ուղղուեցաւ Ժոզեֆ Սքաֆի անուան հանրային պարտէզ, ուր տեղի ունեցաւ Լիբանանեան օղիի օրուան» նուիրուած յատուկ ձեռնարկ մը, որուն ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով նախարարներ, երեսփոխաններ եւ պետական անձնաւորութիւններ. անոնց շարքին էր նաեւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան:

Այս առիթով նախարար Ժըպրան Պասիլ շեշտեց, որ խորհրդարանին մէջ 2019-ի պետական ամավարկի թիւ 80 յօդուածին առնչութեամբ պատահածը աննշան քայլ մը չէ` համաձայնութիւններն ու հաւասակաշռութիւնները խախտելու իմաստով:

Ան հարց տուաւ, թէ արդեօք ի՞նչ են շահերը  այսօր վերստին արթնցնելու արդէն իսկ փարատած մտահոգութիւնները:

Պասիլ հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահը պէտք չէ պատասխանատու նկատել պետական ամավարկի չհրապարակուելուն եւ զայն խորհրդարան վերադարձուելուն:

Պասիլ ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է հանրապետութեան նախագահին, վարչապետին եւ նախարարին իրաւասութիւնները չհարուածել:

Իր կարգին, երկրագործութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Լուիս Լահուտ հաստատեց, որ նախարարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ լիբանանեան օղին վերադարձնելու իր փառքի օրերուն:

Նախագահ Աուն Ստացաւ Փարակուէյ Այցելութեան Հրաւէր Մը

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ Փարակուէյի արտաքին գործոց նախարար Լուիս Ալպերթօ Քասթիկլիոնի` ընկերակցութեամբ Փարակուէյի գործարարներու մէկ պատուիրակութեան:

Հանդիպումին ընթացքին Քասթիկլիոնի նախագահ Աունին յանձնեց գրաւոր նամակ մը եւ Փարակուէյ այցելութեան պաշտօնական հրաւէր մը, յղուած` Փարակուէյի նախագահ` ծագումով լիբանանցի Մարիօ Ապտօ Պենեցի կողմէ:

Նամակին մէջ Պենեց հաստատած էր, որ ինք կը փափաքի, որ Լիբանանի եւ Փարակուէյի միջեւ պատմական յարաբերութիւնները ամրապնդուին:

Պենեց մաղթեց, որ նախագահ Աուն ընդառաջէ հրաւէրին եւ այցելէ Փարակուէյ` դառնալու համար հազարաւոր լիբանանցիները հիւրընկալած այդ երկիրը այցելող առաջին լիբանանցի նախագահը:

 

Նախորդը

Պըրրի Աշխատանքի Եւ Կենսոլորտի Նախարարներուն Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Դէպի Արցախ Նոր Ճամբայ Պիտի Կառուցուի. Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Վրդովուած Է Եւ Կոչով Դիմած Է Համանախագահներուն

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.